Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակաւոր փառատօնին (IDFA, International Documentary Festival Amsterdam), հայկական «1489» ֆիլմը արժանացաւ գլխաւոր մրցանակին («Լաւագոյն ֆիլմ»). Ֆիլմին եղինակը Շողակաթ Վարդանեանն է։
«Ժապաւէնը հանդէս կու գայ՝ իբրեւ թափանցող լոյս մը, որ տեսանելի կը դարձնէ պահուած հսկայական վիշտը եւ կը ստեղծէ շօշափելի ներկայութիւն՝ անտանելի բացակայութենէն եկած: Շարժապատկերը՝ իբրեւ գոյատեւման գործիք՝ թոյլ կու տայ մեր բոլորին նայիլ այն բաներուն, զորս մենք պիտի նախընտրէինք չտեսնել: Եւ, վերջապէս, այս ժապաւէնը շարժապատկերի անմոռանալի նմուշ մըն է՝ իբչեւ սիրոյ ապացոյց», իր գնահատականին մէջ կ՛ըսէ դատակազմը:
Շողակաթ Վարդանեանի ժապաւէնին անուանումը 44օրեայ պատերազմին անոր զոհուած եղբօր՝ Սողոմոնի մարմինին տրուած 1489 թիւն է։ Սողոմոնը անհետացած էր Հոկտեմբեր 2020ին։ Երիտասարդ բեմադրիչը, օգտագործելով իր հեռաձայնին ոսպնեակը՝ նկարահանած է եղբայրը գտնելու իր բոլոր որոնումները եւ փաստագրած այն ճամբաները, որոնցմէ ինք եւ իր ընտանիքը ստիպուած էին անցնիլ: