Ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւններ, յղում կատարելով պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ հաղորդեցին, թէ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Քերիմ Վելիեւ նախարարութեան ղեկավար կազմի այլ ներկայացուցիչներու հետ այցելեց Հայաստանի հետ սահմանին մօտիկ գտնուող զօրամասեր:
Ան հանդիպում ունեցաւ զինուորներու հետ, ինչպէս նաեւ ստուգեց զինուորական ծառայութեան եւ հերթապահութեան կազմակերպումը:
Վելիեւ նաեւ այցելեց հրետանային, ճարտարագիտական եւ հրամանատարական զօրամասեր, ստուգեց անոնց մարտական պատրաստուածութիւնը, իսկ այցելութեան ան աւարտին հետեւեցաւ հրամանատարական ստորաբաժանումներէն մէկուն մարզումներուն: