
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՄԱՀԱՑԱԾ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻԻՆ
Կիրակի, 10 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, տօնական օրերուն ընդառաջ, Ս. պատարագ մատոյց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ եւ աւուր պատշաճի քարոզեց սիրոյ մասին՝ բնաբան ունենալով Ա. Յովհաննէսի 4րդ գլուխին 20րդ համարը, ուր գրուած է. «Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ»: Բացատրելով աստուածաշնչեան խօսքը՝ առաջնորդ սրբազանը նախ հրաւիրեց ներկաները հաւատքով սիրելու զԱստուած, ապա յարգանքով եւ գորովով սիրել իր նմանը, իր ընկերը, եւ վերջապէս՝ զսպուած ու ժուժկալ սիրել իր անձը, միաժամանակ ինքզինք հեռու պահելով անձնասիրութեան ախտէն:
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ սրկ. Աբգարեան, Ազգային երեսփոխան Մարք սրկ. Շիրին, Հոգաբարձութեան ատենապետ Պիլ սրկ. Սահաթճեան եւ դպիրներ:

Այս առիթով հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ վասն շրջանի ՀՄԸՄի ննջեցեալ անդամներու հոգիներու հանգստութեան:
Սրբազանը, ողջունելէ ետք ներկաները՝ Ֆրեզնոյի հայ համայնքին փոխանցեց իր սրտագին մաղթանքները՝ աշխարհի վրայ խաղաղութեան, մարդոց միջեւ փոխադարձ սիրոյ հաստատման եւ մարդկային անցողիկ կեանքը աստուածահաճոյ ու երջանիկ ապրելու:
Յետ պատարագի, առաջնորդ սրբազանը ուղղուեցաւ սրահը եւ ջերմ ու մտերմիկ զրոյց-հանդիպումներ ունեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ:
Յայտնենք, որ Ֆրեզնոյի համայնքը իր երախտագիտական զգացումները եւ անմնացորդ սէրը արտայայտելու համար իր հոգեւոր առաջնորդին՝ անոր նուիրեց պատարագի զգեստ մը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ