«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Արձագանգեց Սահմանադրութեան Վերաբերեալ Փաշինեանի Յայտարարութեան
18 Յունուարին, Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան նոր Սահմանադրութեան կարիքը ունի՝ պնդելով, որ ոչ թէ անհրաժեշտ է բարեփոխել մայր օրէնքը, այլ`բոլորովին նորը որդեգրել:
«Այս առումով արդարադատութեան նախարարի հետ աշխատանքային մէկ-երկու քննարկման ժամանակ ես արձանագրել եմ, որ իմ ու նաեւ մի շարք գործընկերների կարծիքով, եւ այս միտքը ես բարձրաձայնում եմ, որպէսզի այն նաեւ աւելի լայն քննարկման առարկայ դառնայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարիք ունի նոր Սահմանադրութեան», ըսաւ ան։
Մինչեւ լայն քննարկումներու ծաւալումը, Փաշինեան արդէն ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարման համակարգը պէտք է մնայ անփոփոխ, փոփոխութիւնները իշխանութեան լծակներուն պէտք չէ ազդեն: Նոր սահմանադրութիւն ընդունելու պատճառը, ըստ Փաշինեանի, «տարածաշրջանի ու աշխարհի փոփոխութիւններն են, որոնք անհրաժեշտ է կառավարել Հայաստանի պետական շահերին համապատասխան»:
«Երկրորդը` մենք պէտք է ունենանք Սահմանադրութիւն, որը Հայաստանի Հանրապետութիւնն աւելի մրցունակ եւ աւելի կենսունակ է դարձնում աշխարհաքաղաքական եւ ռեգիոնալ (շրջանային) նոր պայմաններում», աւելցուց Փաշինեան։
Անոր ելոյթը հրապարակուելէն ետք, ընդդիմութիւնը եւ սահմանադրութեան բարեփոխման մասնակցող քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները պնդեցին, որ խօսքը ամենայն հաւանականութեամբ Պաքուի պահանջներուն մասին է:
Ըստ «Ազատութեան»՝ քաղաքական գործիչ Սուրէն Սահակեան յիշեցուց, որ 2022ին փակ հանդիպումի մը ընթացքին, Փաշինեան բացէ ի բաց ըսած էր, որ Ատրպէյճան Հայաստանին կը պարտադրէ առանցքային փաստաթուղթերէն հանել Արցախի մասին որեւէ յիշատակում:
«Փաշինեանը խօսում էր Ադրբեջանի պահանջներից Սահմանադրութեան եւ Անկախութեան հռչակագրի հետ կապուած 22 թուականի սկզբին», ըսաւ Սահակեան։
2020ի պատերազմէն տարի մը ետք, Ատրպէյճանի նախագահն ալ թրքական «Անատոլու»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հրապարակաւ յայտարարեց, թէ Հայաստան պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնը, որովհետեւ անիկա կը պարունակէ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներ: Իսկ նախորդ ամիս արդէն Ալիեւ ըսաւ, թէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար պէտք են ամուր երաշխիքներ, որ Հայաստան ապագային վրէժխնդրութեան պիտի չդիմէ եւ պիտի մոռնայ Ղարաբաղը:
Իր կարգին, Փաշինեան տարբեր առիթներով յայտարարեց, որ Հայաստանի ապագային համար պէտք է յստակօրէն արձանագրել, որ ոչ միայն հիմա, այլ նաեւ ապագային Հայաստանի որեւէ այլ երկրէ որեւէ տարածքային պահանջ պիտի չունենայ: Աւելի՛ն, նախորդ տարի Փաշինեան հրապարակաւ իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց Սահմանադրութեան հիմք հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրին:
«Հռչակագրի տեքստի քննական վերլուծութիւնն ի ցոյց է դնում, որ մենք ի վերջոյ ընտրել ենք այնպիսի խօսոյթ եւ բովանդակութիւն, որի հիմքում դրուած է մեզ Խորհրդային Միութեան մաս դարձրած բանաձեւը. խօսքը տարածաշրջանային միջավայրի հետ կոնֆրոնտացիոն (ճակատումի) խօսոյթի մասին է, որ մեզ անընդհատ կոնֆլիկտների (բախումներու) մէջ էր պահելու մեր հարեւանների հետ», դիտել տուած էր Փաշինեան:
1990ին ընդունուած Անկախութեան հռչակագիրի առաջին պարբերութիւնը յղում կը կատարէ 1 Դեկտեմբեր 1989ի «Հայկական ԽՍՀի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի միացեալ որոշումին: Անկէ բացի, հռչակագիրով ամրագրուած են պետականութեան ստեղծման հիմնական դրոյթները` քաղաքացիութեան տրամադրումէն, միջազգային յարաբերութիւններու հաստատումէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման օրակարգը:
Յունուար 2022ին, կառավարութեան որոշումով ստեղծուեցաւ Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը, որուն մէջ արդարադատութեան նախարարէն, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանէն, այլ պաշտօնեաներէ բացի, երեք անդամներ կան նաեւ քաղաքացիական հասարակութենէն, որոնցմէ մէկը՝ Դանիէլ Իոաննիսեանն է: Ըստ վերջինիս՝ խորհուրդը վերջին երկու տարիներուն շատ աշխոյժ չի գործեր. տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին չեն անդրադարձած Անկախութեան հռչակագիրի նիւթին:
«Սահմանադրութեան նախաբան եւ նախաբանի յղումներին անդրադարձ չի եղել», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Իոաննիսեան՝ աւելցնելով. «Վարչապետի ակնարկները բաւականին ուղիղ էին, ինձ թւում է, եւ ակնյայտ էին, թէ ինքն ինչ նկատի ունէր: Այս հարցը, բայց պէտք է ասեմ, որեւիցէ պարագայում չի քննարկուել դեռեւս խորհրդում: Ես յոյսով եմ, որ կը քննարկուի»:
19 Յունուարի կառավարութեան հաղորդագրութենէն յստակ դարձաւ, որ Արդարադատութեան նախարարութիւնը կառավարութեան ուղարկած է Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի առաջին նախագիծը, իսկ Յունուարէն պիտի սկսի խորհուրդին կողմէ վերջնական քննարկումներու փուլը:
Դատելով պաշտօնական յայտարարութիւններէն` կառավարութիւնը մտադիր է ժամանակ չկորսնցնել եւ անյապաղ զբաղիլ այս հարցով:
Ըստ արդարադատութեան նախարարին` կը նախատեսուի երեք ամիսէն հաստատել վերջնական հայեցակարգը, որուն հիման վրայ պիտի գրուի նոր Սահմանադրութիւնը` յօդուած առ յօդուած:
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Արձագանգեց Սահմանադրութեան Վերաբերեալ Փաշինեանի Յայտարարութեան

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան, Աննա Գրիգորեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Արթուր Խաչատրեան միացեալ յայտարարութեան մը միջոցաւ արձագանգեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պնդումին, թէ՝ Հայաստան նոր Սահմանադրութեան կարիքը ունի:
«Այս քայլով Փաշինեանը փորձում է նախաձեռնել նոր յարձակում Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան հիմնասիւներից մէկի վրայ` հող նախապատրաստելով թուրք-ադրբեջանական չդադարող պահանջներից հերթական բաւարարման համար: Հայաստան-Ադրբեջան բանակցային գործընթացում կողմերի առաջարկներին ծանօթանալուց յետոյ մեր հնչեցրած մտահոգութիւնները, կապուած ընթացող բանակցային գործընթացի տրամաբանութեան եւ ադրբեջանական նախապայմանները բաւարարելու հետ, այսօր, ցաւօք, հաստատուեցին ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցրած յայտարարութիւններով: Փաշինեանը նաեւ խոստովանել է, որ նման յայտարարութեան շարժառիթ է «քաղաքական որոշումների լեգիտիմութիւնն (օրինականութիւն) ապահովելը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Անոնք կը շեշտեն, որ՝ «այս յայտարարութիւնը հերթական ուղերձն է յղում Ադրբեջանին եւ Թուրքիային»: