ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Տարբեր սերունդներու այլազան մօտեցումները, արդար են, երբ այդ ժամանակի իրաւացի եւ յստակ մօտեցումն ու շունչը կը փոխանցեն:
Սերունդները կը զանազանուին ոչ միայն մտային եւ հոգեբանական մօտեցումներով, այլեւ վարք ու բարքով եւ փոխադարձ ազդեցութեամբ:
Այս յօդուածով լուսարձակի տակ պիտի դնենք հայ գրականութեան անթիւ ու անհամար տիտաններէն՝ Յ. Օշականի «ուսուցիչ»ի տիպարը, որ մասամբ, մեր սերունդին համար նորութիւն մը չէր եւ կամ օտարոտի չէր։ Անոնք, որոնք Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարան յաճախած ըլլալու բախտն ու պատիւը ունենալով աշակերտած են հայ գրականութեան նուիրեալ, իւրօրինակ ուսուցիչ եւ դաստիարակ՝ լուսահոգի Մկրտիչ Մկրտիչեանին, գիտեն, որ ան իր ժողովուրդին կորուստի մտահոգութիւնն ու վախը սրտին, սակայն նաեւ հայու հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահած իր հոգիին մէջ։ Ան մեծ սիրով եւ նուիրուածութեամբ կ՛աւանդէր մեր ժողովուրդի գրականութեան անկորնչելի «մեծ»երու շունչն ու ոգին, յոյզերն ու երազները, առաւել եւս՝ հայուն յաւիտենականութեան մեծ տեսլականը:
Իսկ մենք, մեր սերունդի զանազան խաւերուն մէջ յատուկ, հայերէնի հանդէպ պաշտամունք տածողներս, ոչ միայն սիրեցինք, այլ նաեւ պաշտեցինք՝ հայերէնն ու հայկականը, հայ գրականութիւն ու անոր տրոփող սիրտը դարձած՝ անզուգական գրագէտ տիտաններու մեծ հոյլը: Ըմբոշխնեցինք գրականութեան տողերուն մէջ անվերջ ծորող՝ «տառապած» հայուն յոյսերով ու երազներով լի, խորհուրդն ու պատգամը գալիքին եւ տակաւ գալիքին հանդէպ, մինչեւ օրս:
Ի դէպ, պարզ է, որ դպրոցական տարիներուն փոխանցուած տարբեր նիւթերը, ինչպէս միշտ, դարձան ու մնացին զուտ աշակերտական «դաս եւ պարտականութիւն», սակայն «գրասէր» խմբակիս համար ընդհանրապէս գրականութիւնը՝ (արաբական, անգլիական թէ հայկական) մնացին դպրոցական վայելքի իւրայատուկ պահեր։ Յատկապէս հայ գրականութիւնը, պատկանելութեան իր հպարտանքով՝ ինքնութեան փայլքը կը փոխանցէր մեզի՝ «գրասէր» աշակերտներուս:
Այսպէս, անմահացնելով յիշատակը հայ գրականութեան անմահ տիտան, մեծ վիպագիր եւ գրաքննադատ՝ Յ. Օշականի եւ անոր աշակերտած ու գրականութեան շեմէն ներս իր իւրայատուկ տեղը գրաւած, տասնամեակներ «Բագին» գրական պարբերաթերթի խմբագիր՝ Պ. Սնապեանը, եւ լուսարձակի տակ առնելով, որպէս համեստ հայ մշակս, վերջին օրերուն, աշակերտներուս հետ վերապրեցայ, գրականութեան մեր դասապահի անհամար յիշատակելի երեւոյթներէն մէկը, որ ոչ միայն հիացմունքով զարմացուց զիս, այլեւ սրտի արդար հպարտանքով ազգային ապահովութիւն ներշնչեց․ թէ ինչպէ՞ս… պատմեմ:
Խոնարհս, ի սրտէ համեստ ծառայողս հայ գրականութեան, դասապահիս տուեալ օրը, երբ 11րդ կարգի իմ աշակերտութեան փոխանցած՝ Օշականի դասէն բխած իմ հարցումին, թէ «եթէ ձեզի տրուէր ընտրութիւնը երկրորդ անգամ ծնելու, ո՞ր ազգին կ՛ուզէիք պատկանիլ» հարցումը ուղղեցի․ սիրտս սկսաւ ուժգին տրոփել․ կը փորձէի «զինուիլ» ու «զրահուիլ» անոնցմէ գալիք պատասխաններու տարափին դիմաց… երկար ու խորունկ շունչ մը քաշեցի, երբ նոյն պահուն, նկատեցի, որ անոնք նաեւ իրենց խորաթափանց հայու աչքերով, կը փորձէին այդ պահուն հոգիիս խռովքը ճանչնալ եւ «չափել բազկերակս», «թէ արդեօ՞ք… թէ՞, արդեօք..»: Բայց, երկար չտատամսեցան անոնք եւ յաջորդաբար առաւել ինքնավստահ եւ ներկայ դարու օժտած համարձակութեան «իրաւասութեամբ», յաջորդաբար պատասխանեցին՝ «Ես միայն հայ կուզէի ծնիլ, տիկին», «Ես ինքզինքս չեմ պատկերացներ՝ որպէս ոչ հայ մը ծնիլ», «Ես կը սիրեմ՝ մեր հայերուս իրար հետ կապուածութիւնն ու մտերմութիւնը», «Ես կը սիրեմ մեր ազգին իւրայատկութիւնները», «Ես ուրիշ ազգի մը պատկանելու նոր պատրաստակամութիւն մը չունիմ», «Ես խոստացած եմ ձեզի տիկին, հայ պիտի մնամ, որ զաւակներս հայ մեծցնեմ», «Իսկ ես, խոստացած եմ ձեզի տիկին՛ որ զաւակներս ու թոռներս (մե՜ծ երազանք), ձեզի պիտի վստահիմ, որպէս մեր անցեալի հայերէնի դասատուն»։ Իսկ ե՞ս, ես արդէն քարացած եւ անակնկալի եկած էի, իմ հայու «ես»ը շոյող արտայայտութիւններէն, երբ յանկարծ բոլորը միասին գոչեցին՝ «Մենք հայ ծնած ենք եւ հայ պիտի մեռնինք, տիկի՛ն»…:
Ո՛չ միայն սիրտս, այլ միտքս իսկ կը դողար կարծէք․ ինչպէ՞ս արտայայտուէի, որ կարենայի հոգեկան հրճուանքս փոխանցել անոնց… խո՜ր հոգոց մը քաշեցի եւ մեքենաբար խոնարհեցայ անոնց դիմաց ու խոնաւ աչքերով ժպտացի եւ փխրուն ձայնով մը արտասանեցի՝ «Մե՛նք հպարտ ենք ձեզմով, եւ մենք մի՛շտ հպարտ պիտի մնանք մեր նոր սերունդով, իսկ ես, ձեզ շա՜տ կը սիրեմ, իմ հրա՛շք աշակերտներ…»:
Յիշեցի եւ անոնց փոխանցեցի հետեւեալ խօսքը՝ վախճանեալ Զարեհ կաթողիկոսին. «Հայ ծնիլը՝ պատիւ է: Հայ ապրիլը՝ պայքար է: Հայ մեռնիլը՝ յաղթանակ է»:
Դասապահը աւարտած էինք խոր լռութեան մէջ, սակայն նաեւ՝ փոխադարձ հպարտ հոգիով զրահուած ու առաւել ինքնավստահ կամքով պատրաստ էինք միասնաբար շարունակելու մեր հարազատ ու հայավայել՝ երկա՜ր ուղին:
Ի դէպ, հա՛յ դպրոցն է ու պիտի մնայ՝ հայ անհատը, հայօրէն թրծող ու հայկականութիւնը արդարօրէն աւանդող՝ «Անմար Կայծը»: