Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ կառավարման եւ պաշարներու հարցերու գծով տեղակալ Ռիչըրտ Վերմա, որ Հայաստան կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքապետներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան առաջին պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, 18 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացը:
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներուն, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի, վերջերս կառավարութեան կողմէ հաստատուած Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած անձերու բնակարանային ապահովման ծրագիրի իրականացման շուրջ: Վերջինիս գծով Փաշինեան կարեւոր նկատեց միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը:
Փաշինեան ու Վերման նաեւ քննարկեցին այս տարուան 5 Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան հետեւողական զարգացումը եւ բազմաոլորտ համագործակցութեան խորացումը:
Վերման հաստատեց Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` ամրապնդելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ զանազան ուղղութիւններով, որոնց կարգին՝ տեղական մարմիններու եւ համայնքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: