Հինգշաբթի, 20 Յունիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութ?ւնեանի եւ անդամ Լենա Յովհաննիսեանի, ընկերակցութեամբ գործադիր տնօրէն Սարգիս Պալխեանի:
Հանդիպման ընթացքին, հիւրերը յանձնախումբի ներկայ գործունէութիւնը եւ հետապնդած աշխատանքները ներկայացուցին առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր կարգին փոխանցեց խորհուրդներ:
Այս առիթով, այցելուները նաեւ խնդրամատոյց եղան առաջնորդ սրբազան հօր եւ հրաւիրեցին Հայ Դատի յանձնախումբի ամէնամեայ աւանդական ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ 20 Հոկտեմբերին:
Առաջնորդը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան եւ գնահատեց Ամերիկայի տարածքին գործող քաղաքական այս մարմինին կողմէ, ի նպաստ Հայաստանի եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն տասնամեակներէ ի վեր իրագործուող աշխատանքները, ապա իր ջերմ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց այցելուներուն եւ անոնց ընդմէջէն նաեւ յանձնախումբի ծրագիրներուն աջակից բոլոր ազգայիններուն: