ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 31ին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ գիւղատնտեսութեան եւ սնունդի արդիւնաբերութեան «Armprodexpo» միջազգային վեցերորդ ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են վեց տասնեակէ աւելի տեղական ընկերութիւններու արտադրատեսակները՝ ոգելից եւ ոչ ոգելից խմիչքներ, հրուշակեղէն, կաթնամթերք, մսեղէններ, պահածոներ, չիրեր եւ այլն:
Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան:
Ողջոյնի խօսք ուղղեց գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան: Ան նշեց, որ ցուցահանդէսին առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին սնունդի արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս գործող 7 նոր ընկերութիւններ, որոնք վարկային միջոցներու շնորհիւ կրցած են աւելցնել իրենց արտադրութեան քանակը: Նախարարը յայտնեց նաեւ, որ լաւագոյն ապրանք արտադրող ընկերութիւնները պիտի պարգեւատրուին ցուցահանդէսի շքանշանով եւ հնարաւորութիւն պիտի ստանան մասնակցելու յաջորդ տարի Փարիզի մէջ նախատեսուած միջազգային ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Նոյեմբեր 3: