Aurora’s Sunrise պատմական վաւերագրական ֆիլմը՝ հիմնուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Օրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) իրական պատմութեան վրայ, ճանաչման եւ մեծարանքի արժանանաւ եւ ստանաւ բազմաթիւ մրցանակներ միջազգային փառատօներու ընթացքին:
«Զօրեան» ուսումնարանի՝ Օրորա Մարտիկանեանի հետ իրականացուցած հարցազրոյցի բնօրինակին վրայ հիմնուած այս ֆիլմը կը պատմէ երիտասարդ հայ աղջնակին ողջ մնալու խիզախ պատմութիւնը, որ զայն աշխարհին ներկայացնելու համար յաղթահարեց աներեւակայելի դժուարութիւններ։ «Զօրեան» ուսումնարանը 2015ին, համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց «Պարս Միդիա»ի հետ՝ «Զօրեան» ուսումնարանի բանաւոր պատմութեան վկայութիւնները շարժապատկերներով կեանքի կոչելու, Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու պատմութիւնները երիտասարդ սերունդներուն փոխանցելու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ երիտասարդ կիներուն ու աղջիկներուն այս պատմութեամբ ոգեշնչելու եւ հզօրացնելու նպատակով՝ հետեւելով Օրորայի պատմութեան՝ իրենք եւս ի զօրու ըլլան ներկայացնելու իրենց պատմութիւնները բռնութիւններու եւ ցնցումներու պարագային:
Յունիս 2022ին՝ միջազգային փառատօններու մուտք գործելէն ի վեր, ֆիլմը Հայաստանի կողմէ առաջադրուած է 2023ի «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան, ունեցած է առաւել քան 20 ներկայացումներ միջազգային ճանաչում ունեցող փառատօներու ընթացքին։ Վերջին մրցանակը ցարդ եղած է ամէնէն նշանակալիցը՝ 10 օրեր տեւած վաւերագրական եւ գեղարուեստական ֆիլմերու ցուցադրութենէն ետք՝ ֆիլմը արժանացաւ Զուիցերիոյ Միջազգային փառատօնի եւ Մարդկային իրաւունքներու համագումարի (FIFDH) գլխաւոր մրցանակին։ Նշանաւոր այլ մրցանակներն են.
– Հանդիսատեսի մրցանակ՝ Եւրոպայի փառատօն (Աւստրալիա)
– Լաւագոյն երկար վաւերագրական ժապաւէնի մրցանակ՝ MiradasDoc, 2023 (Սպանիա)
– «Արծաթէ Ծիրան» Ոսկէ Ծիրան միջազգային փառատօն, 2022 (Հայաստան)
– Լաւագոյն շարժապատկեր՝ The Asia Pacific Screen Awards, 2022 (Աւստրալիա)
– Լաւագոյն պալթեան արտադրող, համատեղ արտադրութեան համար. «Թալինի Սեւ Գիշերներ» փառատօն, 2022 (Էսթոնիա)
– Հանդիսատեսի մրցանակ. Շարժապատկերներու փառատօն, 2022 (Ամերիկա)
– Հանդիսատեսի մրցանակ. Ասիական համաշխարհային փառատօն, 2022 (Ամերիկա)
– Երկրորդ տեղը, հանդիսատեսի սիրելի ֆիլմ՝ IDFA, 2022 (Հոլանտա)։
Ֆիլմը նաեւ բարձր գնահատանքի արժանացած է շարժապատկերներու ազդեցիկ քննադատներու կողմէ։
«Զօրեան» ուսումնարանը ոչ միայն կը հպարտանայ ֆիլմին միջազգային նուաճումներով, այլեւ ուսումնարանին մեծ ուրախութիւն կը պարգեւէ այն հանգամանքը, որ այս ֆիլմը կրնանք օգտագործել՝ իբրեւ արդիւնաւէտ միջոց յաջորդ սերունդին Ցեղասպանութեան երեւոյթը դասաւանդելու համար:
Ֆիլմին բեմադրիչը Իննա Սահակեանն է, արտադրուած ՝՝ Bars Media-ի, Gebrueder Beetz Filmproduktion & Artbox Laisvalaikio Klubas, Eurimages-ի, «Զօրեան» ուսումնարանի եւ Հայաստանի շարժապատկերի ազգային կեդրոնի նիւթական համագործակցութեամբ եւ Լիթվանիոյ շարժապատկերի կեդրոնի, ZDF/ARTE, Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւն եւ LRT ներդրումով։
Ֆիլմին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել https://zoryaninstitute.org/auroras-sunrise/ կայքէջը:
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Զօրեան»էն)