ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրլանդական Blackstairs Energy ընկերութիւնը յառաջիկային քանատական Vangold Resources Limited ընկերութեան հետ միասին, Հայաստանի մէջ պիտի կատարէ քարիւղի որոնման աշխատանքներ:
Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութեան պաշտօնատարներէն Գարիկ Բաբուրեան ըսաւ, թէ իրլանդական ընկերութիւնը ՀՀ ուժանիւթի եւ բնապահպանութեան նախարարութիւններուն հետ պայմանագիր կնքած է յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ քարիւղի երկրաբանական հետազօտման եւ արտադրութեան բաշխումի մասին: Ընկերութիւնը ներկայիս կը զբաղի Հայաստանի մէջ գրասենեակ բանալու եւ արտօնագիր ստանալու, իսկ մօտ մէկ ամիս՝ որոնողական աշխատանքներով:
Իր խօսքերով, իրլանդական ընկերութիւնը հետազօտական աշխատանքներու առաջին 3 տարուան ընթացքին կը նախատեսէ ներդնել շուրջ 2.5 միլիոն տոլար: Երկրաբանական հետախուզման աշխատանքներ պիտի կատարուին Հայաստանի քարիւղի եւ բնական կազի պաշարներու հետախուզման համար արտօնագրուած 6 շրջաններէն երեքին մէջ՝ Գեղարքունիք, Վայոց Ձոր եւ Սիւնիք:
Գ. Բաբուրեան տեղեկացուց նաեւ, որ քանատական ընկերութիւնը, որ արդէն քանի մը տարի Հայաստանի մէջ կը զբաղի քարիւղի եւ բնական կազի հետախուզման աշխատանքներով, Օգոստոսին Արմաւիրի մէջ պիտի սկսի հորատման աշխատանքներու:
Պաշտօնատարը վստահեցուց նաեւ, որ հայկական կողմը իրլանդական ընկերութեան նկատմամբ ոչ մէկ ֆինանսական պարտաւորութիւն ունի: