ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յուլիս 3ին կնքուեցաւ հայկական ACBA-CREDIT AGRICOLE դրամատան Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան եւ ելեւմտական ծառայութիւններու ամերիկեան Citigroup ընկերութեան կողմէ 12 միլիոն տոլար վարկի տրամադրման մասին համաձայնագիր:
Զայն ստորագրեցին ACBA-CREDIT AGRICOLE-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ստեփան Գիշեանը եւ ՎԶԵԲի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Մայքըլ Ուէյնսթին:
Ըստ Ս. Գիշեանի, ACBA-CREDIT AGRICOLE-ը հայկակական դրամատուներէն առաջինն է, որ վարկ կը ստանայ ոչ թէ զարգացման, այլ առեւտրական օտար դրամատունէ եւ նշեց, որ յիշեալ վարկային պայմանագիրը կը խորհրդանշէ նաեւ Citigroup-ի մուտքը Հայաստանի դրամատնային ծառայութիւններու շուկայ:
Վարկի 12 միլիոն տոլար գումարը հաւասար բաժիններով տրամադրած են ՎԶԵԴը եւ Citigroup-ը եւ պիտի գործածուի Հայաստանի փոքր եւ միջին ընկերութիւններու վարկաւորման նպատակով: Վարկաւորումը պիտի սկսի արդէն յաջորդ շաբաթ եւ իւրաքանչիւր վարկի առաւելագոյն չափը պիտի ըլլայ 300 հազար տոլար: