Ընդհանրապէս այն մարդիկ, որոնք կը տառապին գերճնշուածութենէ, նաեւ ունին լարուածութեան մտահոգութիւններ: Այս երկուքը տարօրինակ կերպով իրար զուգորդուած են, եւ շատեր այս իրավիճակին մէջ կը գտնուին առանց անդրադառնալու:
Նման պարագաներու ենթական, որ կը տառապի այս անհանգստութիւններէն, ինչպէ՞ս կրնայ գոյատեւել այս դրութեան մէջ:
Երկու պարագային ալ մտածելակերպն է, որ ենթակային երբեմն կը պարտադրէ խոշորացոյցի տակ առնել ներքին վիրաւորանքները եւ ուղեղին վրայ այնպիսի ուժ կը բանեցնէ, որ այդ վիրաւորուած իրավիճակի առկայութիւնը երկար գոյատեւէ:
Իրականութեան մէջ լարուածութիւն եւ գերճնշուածութիւն երկու երեսները կը համարուին նոյն մետալին: Հետազօտութիւնները կը հաստատեն, թէ 60-70 տոկոսը բոլոր այն մարդոց, որոնք կը տառապին գերճնշուածութենէն, նաեւ ունին լարուածութեան մտահոգութիւններ: Իսկ լարուածութեան պարագային տառապողներուն մօտաւորապէս 50 տոկոսը նաեւ ունի գերճնշուածութեան ախտանշաններ:
Լարուածութեան հակադարձութեան համակարգը կը մնայ չափազանց աշխոյժ, երկու պարագաներուն ալ: Այս համակարգի յարատեւ աշխատանքը ուղեղի զգացական կեդրոնին վրայ այնպիսի ազդեցութիւն կը գործէ, որ այդ բաժինը յարատեւ բացասական մտածելակերպով անակնկալ յարձակում կը գործէ ուղեղի հակադարձութեանց բաժինին վրայ: Այս պարագային ճիշդ ձեւով չես կրնար մտածել: Կամքէդ անկախ, կը կեդրոնանաս միայն դժուարութիւններու եւ հիասթափութիւններու վրայ, մինչեւ որ այդ մէկը դառնայ քու մտածելու կերպդ ու եղանակդ: Այս պարագային է, որ տուեալ անձը հիւանդագին վիճակի կը մատնուի:
Հետազօտողները կը հաստատեն, թէ կարգ մը մարդիկ լարուածութեամբ կը դիմակալեն կեանքի բոլոր դժուար եւ ճակատագրական պահերը: Օրինակ՝ քննութենէ առաջ կ’ապրին տարօրինակ լարուածութեան պահեր, գործի հարցազրոյցէ առաջ նոյնպէս, մէկու մը օգնութիւնը խնդրելու պահուն, կամ նոյնիսկ մտերմիկ ժամադրութեան մը առաջարկի պահուն: Այս բոլորը նշաններ են լարուածութեան: Նաեւ լարուածութեան նշաններէն կը համարուին տակնուվրայութեան եւ իրարանցումի վիճակը (panic disorder եւ obsessive compulsive disorder, իրերը իրենց տեղերը չտեսնելու պարագային տարօրինակ իրարանցումի վիճակը): Այս պարագաները զուգորդուած կ’ըլլան յաճախ գերճնշուածութեան հետ: Այն մարդիկ, որոնք կը գտնուին նման վիճակներու մէջ, ընդհանրապէս կը թերագնահատեն իրենց կարողութիւնները հարցերը դիմագրաւելու իմաստով եւ կամ տրուած իրավիճակները շատ մեծ ու անյաղթահարելի կը համարեն եւ կը ճնշուին: Նման պարագաներու նկատելի է, թէ ենթականերուն մօտ կը պակսին ընկերային որոշ ճկունութիւններ, հարցերը դիտելու եւ դատելու իմաստով:
Նկատի առած, որ լարուածութիւնը կը նպաստէ գերճնշուածութեան, ուրեմն հակառակն ալ շատ ճիշդ է: Մէկ յիշեցում. երիտասարդներուն եւ տակաւին ոչ բաւարար հասուն մարդոց համար աւելի դժուար է յաղթահարել լարուածութեան իրավիճակը, քան հասուն եւ ընկերային իմաստով զարգացած մարդոց մօտ: Հետեւաբար, երիտասարդի պարագային, լարուածութենէն ձերբազատուելու համար անպայման կարիքը ունի օժանդակութեան, քան չափահասը, որ երբեմն ինքզինք կրնայ դարմանել:
Մտքի ու հոգիի զարգացման հետ համապատասխանող դարմանումը (Cognitive-behavioral therapy – CBT) շատ կը նպաստէ զոյգ պարագաներուն եւ նաեւ դեղորայքը մեծ նպաստ ունի այս իմաստով: Թէեւ դարմանումի երկու ձեւերը կը նպաստեն գրեթէ համահաւասար ձեւով, սակայն առաջինին պարագային անոր նպաստը կը շարունակուի, որովհետեւ անիկա նաեւ իրավիճակին կրկնուիլը կը կանխէ: Հիւանդները եւս այս ձեւը աւելի կը նախընտրեն, որովհետեւ անոնք հիմնականօրէն պատասխանատու կը զգան իրենց յաջողութեան համար: Առաջին դարմանումի պարագային կը սկսի սկզբնաղբիւրէն ու կը դարմանէ մինչեւ ներքին ու յետին բաժինները: Իսկ դեղորայքը կը սկսի անմիջապէս ջղային համակարգին վրայ ազդեցութիւն գործելով, մինչեւ ուղեղին կը հասնի եւ տրամադրութեան վրայ փոփոխութիւններ կը գործէ եւ բնականաբար զգացական փոփոխութիւններու կ’առաջնորդէ:
Առաջին մեթոտով դարմանումը կը շարունակուի 12-15 շաբաթ, եւ հիւանդները նկատելի փոփոխութիւններ կը տեսնեն 6 շաբաթէն: Իսկ դեղորայքով դարմանումին համար կը թելադրուի 6 ամիս յարատեւ գործածութիւն, եթէ ոչ տարիներ եւ ապա փոփոխութիւններ պէտք է ակնկալել:
Անշուշտ, այս բոլորէն աւելի արագ եւ աւելի դիւրին ձեւ մը կայ, որ կանխարգիլելու իմաստով մեծ նպաստ ունի եւ նաեւ միջոցին ալ կրնայ օգտակար դառնալ՝ ՄԱՐԶԱՆՔ: Մարզանքը անմիջականօրէն ջղային համակարգի հորմոններու արտադրութեան քանակը կը բարձրացնէ: Ան կը հանդարտեցնէ ջղային համակարգի չափազանց աշխուժութիւնը եւ կը բարելաւէ ուղեղի աշխատանքային-զգացական համացանցը: Միաժամանակ մարմինին կարողականութիւնը կը բարձրացնէ, որպէսզի անիկա աւելի դիմադրողականութիւն ունենայ հանդուրժելու լարուածութիւնը եւ դժուարութիւնները: Տակաւին անիկա կը նպաստէ դրական մտածելակերպի զարգացման եւ բացասականին հեռացումը կ’ապահովէ, ինչ որ հիմնական աղբիւրն է յիշուած երկու հոգեվիճակներուն: Մարզանքով նաեւ մենք մեր անձերը ղեկավարելու կարողութիւնը կը զարգացնենք, ինչպէս նաեւ՝ մեր անձերուն հանդէպ դրական վերաբերմունքը:
Անշուշտ, լարուածութեան կամ գերճնշուածութեան աստիճանի հասած անձին չես կրնար թելադրել, որ մարզանք ընէ. ան վստահաբար կրնայ մերժել: Այս պարագային կրնաս առաջարկել հետը քալել եւ միասին դուրսը, հանրային պարտէզին մէջ ժամանակ անցուցէք ու տրամադրութեան փոփոխութիւնը հոն տեղի պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ քու օգնութիւնդ իրեն:
Կարեւոր է այս հոգեվիճակի ախտաճանաչումը կատարելը եւ ապա արագ դարմանել, որովհետեւ երկար մնալու պարագային կրնայ շատ ցաւալի արդիւնքներու հասցնել ենթական:
Սիրած անձիդ օգտակար դառնալու համար հարկ է փորձել, խօսիլ, աշխատիլ եւ երբեմն անպատասխան պիտի մնաք ու նոյնիսկ պիտի մերժուիք, սակայն սիրածդ փրկելու համար կ’արժէ այդ բոլոր զոհողութիւնները ստանձնելը, այլապէս սէրը կը մնայ միայն խօսք:
Սիրելով, զոհողութեամբ եւ ուրախութեամբ կարելի է յաղթահարել այս բոլորը:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Շէն բնաւորութիւնը ազդու դեղ է տխրութեան դէմ:
Ճշմարտութիւնը գիտութիւններու արեւն է:
Բոլոր ունակութիւնները անտեսանելի ազդեցութիւններու հետեւանք են:
Գեղեցիկ է գիտութիւնը, բայց ա՛լ աւելի գեղեցիկ է պարկեշտութիւնը:
Թշնամիդ մրջիւն ալ ըլլայ, դարձեալ զգուշացիր: Թշնամիդ առիւծ ալ ըլլայ, երբ անմեղ ես՝ մի՛ վախնար:
Համբերութիւնը ծաղիկ մըն է, որ ամէն մարդու պարտէզին մէջ չի բուսնիր: