Թամար Թիւֆէնքեան
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը վարժարաններու կրթական մարմիններու տարեկան խորհրդաժողովը գումարեց Շաբաթ, 21 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 9էն կէսօրէն ետք ժամը 2:15, Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Խորհրդաժողովին ներկայ էին Ազգային բոլոր վարժարաններու եւ մանկամսուրներու կրթական մարմինները, տնօրէնները եւ վարիչները:
Այս մէկը տարեկան աւանդական հանդիպում մըն էր, որուն ընթացքին, վարժարաններու պատասխանատու մարմինները պատեհ առիթը կ՛ունենան մօտէն հետաքրքրուելու վարժարաններու իրավիճակով, ընդհանրական ծրագիրներ կ՛առաջարկեն եւ գործելակերպի ընթացք կ՛որդեգրեն՝ աւելի բեղմնաւոր եւ յաջող կրթական համակարգ մը ստեղծելու համար:
Անցնող երկու տարիներուն, համաճարակին պատճառով այս խորհրդաժողովը չէր գումարուած: Կազմերը մեծ խանդավառութեամբ ընդառաջեցին Խնամակալ մարմինի հրաւէրին եւ ներկայ գտնուեցան, իրենց անսակարկ աջակցութիւնը եւ արժէքաւոր ներդրումը բերելով ծրագիրին ու գործելակերպ ճշդող այս խորհրդաժողովին:
Օրուան հանդիսավարն էր Խնամակալ մարմինի գանձապահ Արմէն Աբրահամեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց խորհրդաժողովը եւ իր պատշաճ մէջբերումներով ներկայացուց բոլոր բանախօսերը:
Պաշտօնական բացման խօսքը արտասանեց Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր վարժարաններուն՝ իրենց ներկայութեան համար, ապա պատշաճ կերպով խորհրդաժողովի իմաստը ներկայացուց, վարժարաններու աշակերտութեան աճող թիւին եւ բարգաւաճման մասին անդրադարձաւ ու գնահատեց բոլոր պաշտօնեաները եւ կամաւորները՝ իրենց տարած աշխատանքին ու գիտակից նուիրումին համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շամլեան վարժարանին՝ հիւրընկալութեան համար:
Առաջին նիւթն էր՝ հայերէնի եւ հայկական դասանիւթերու դասաւանդումը Ազգային վարժարաններուն եւ մանկամսուրներուն մէջ: Նիւթը ներկայացուց Խնամակալ մարմինի հայերէն ծրագիրներու վարիչ-տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճեան: Պատգամաբերը համապարփակ կերպով ներկայացուց Խնամակալ մարմինի ուշադրութեան առանցքը համարուող հայերէնի զարգացման եւ դասաւանդութեան ընթացքը վարժարաններուն եւ մանկամսուրներուն մէջ։
Թիւֆէնկճեան սահիկներու միջոցաւ մանրամասնօրէն ներկայացուց, թէ ինչպիսի ծրագիրներ մշակուած եւ գործադրութեան դրուած են վարժարաններուն մէջ, հայերէնը առօրեայ խօսակցական եւ կենդանի լեզուի մը վերածելու համար: Ապա ան ներկայացուց առօրեայ անմիջական գործակցութեան եզրերը հայ ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ Խնամակալ մարմինին միջեւ: Ան հերթական այցելութիւններ կը կատարէ վարժարանները եւ մանկամսուրները, հայերէնի ուսուցիչները վերապատրատելու եւ մօտէն հետեւելու համար հայերէնի ծրագիրներուն:
Հայ ուսուցիչները վերապատրաստելու եւ նորեկներ ներգրաւելու համար, Խնամակալ մարմինը անոնց առիթ ընծայած է հայ լեզուի միջազգային բանակումներու մասնակցելու: Այսպէս, անոնք նորարարական մեթոտներով հայերէն սորվեցնելու ունակութիւն ձեռք կը ձգեն, ապա կը գործադրեն իրենց դասարաններուն մէջ: Խնամակալ մարմինը այս բոլորը կը կատարէ՝ հաւատալով, որ ինք պարտականութիւնը ունի նպաստելու եւ միջոցներ հայթաթելու հայ ուսուցիչներուն, որպէսզի անոնք կարենան արդիական եւ ճիշդ մեթոտներով հայերէնը եւ հայ մշակոյթը փոխանցել ազգային վարաժարաններուն մէջ:
Խնամակալ մարմինը կը ներառէ ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու բոլոր անձնակազմերը այս ծրագիրին մէջ, հաւատալով, որ յաջողութեան գրաւականը միասնական աշխատանքն է:
Յայտագիրի երկրոդ բաժինով, Ազգային վարժարաններու ապագային միասին ծրագրելու հրամայականը ներկայացուց երկար տարիներու Խնամակալ մարմինի վաստակաւոր անդամ, տարիներու կրթական մշակ եւ CSUN համալսարանի հայագիտական բաժինի դասախօս դոկտ. Յասմիկ Պարան: Ան մեծ խանդավառութեամբ եւ կրթական մշակի մանկավարժական իւրայատուկ հմտութեամբ վարեց խորհրդաժողովի այս բաժինը: Դոկտ. Պարան բոլոր ներկաներուն մասնակցութիւնը եւ արժէքաւոր կարծիքները բարձր գնահատելով՝ խնդրեց, որ զանոնք արձանագրեն եւ ներկայացնեն: Հիմնականօրէն, դոկտ. Պարան արծարծեց երեք կարեւոր հարցեր. առաջին՝ Ազգային վարժարաններու ցանցի ընդարձակում, երկրորդ՝ գաղութին ներդրումը Ազգային վարժարաններու ընդարձակման աշխատանքին մէջ, երրորդ՝ Ազգային վարժարաններու տեսլականը:
Դոկտ. Պարան բոլոր կարծիքները մէտեղելով՝ եզրակացութիւնները ամփոփեց եւ հաստատեց, որ այս բոլորը պիտի նպաստեն Խնամակալ մարմինին որոշումներ տալու ընթացքին:
Օրուան երրորդ ներկայացումն էր՝ Ազգային վարժարաններուն մէջ հոգեբանական խորհրդատուութեան եւ մտային առողջութեան հարցերը: Այս բաժինով հանդէս եկան Խնամակալ մարմինի ատենադպիր եւ հանրնային վարժարաններուն մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող հոգեբան Շաքէ Աւագեան եւ Խնամակալ մարմինի երկարամեայ անդամ ու հանրային վարժարանի տնօրէն Արմինէ Փափազեան:
Անոնք միասնաբար ներկայացուցին հոգեբանական եւ մտային առողջութեան իրավիճակը շօշափող եւ ներկայացնող հարցախոյզի մը արդիւնքները, որ կատարուած էր վերջերս մեր դպրոցներուն համար: Մասնագիտական մօտեցումով, Աւագեան դիտել տուաւ, թէ որքան անհրաժեշտ է կրթական հաստատութիւններուն մէջ նման ծառայութիւն մը կամ համակարգ մը ունենալը: Այս մէկը շահեկան է թէ՛ աշակերտին, թէ՛ պաշտօնէութիւններուն եւ թէ վարժարանի ընդհանուր կայունութեան ապահովման համար:
Իր կարգին, Փափազեան իր փորձառութեան հիման վրայ, մէջբերումներ կատարեց եւ հաստատեց, թէ մեր վարժարաններուն մէջ ունինք նաեւ աշակերտներ եւ անձնակազմ, որոնք անմիջական եւ թերեւս առօրեայ դրութեամբ ուշադրութեան կը կարօտին: Աւագեան հաստատեց, թէ մտային առողջութեան մասին իրազեկուած եւ մասնագէտներու օգնութեամբ պատրաստուած ըլլալը հիմնական ծառայութիւն մը կը համարուի վարժարաններու աշխաանքներուն մէջ, եւ Խնամակալ մարմինը հաւատալով ասոր կ՛ուզէ հաստատել այդ մէկը Ազգային վարժարաններուն մէջ:
Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք, Հայաստան ուխտագնացութեան եւ այլ ծրագիրներու մշակումի բաժինով ներկայացում կատարեցին Խնամակալ մարմինի անդամներ Արլին Զէնեան Մուրատեան եւ Փաթիլ Աբոշեան Գասպարեան: Անոնք ներկաները հրաւիրեցին՝ մտածելու Հայաստան ուխտագնացութիւնները լաւագոյն ձեւով ծրագրելու եւ հայրենիք այցելութիւնը այպիսով աւելիով իմաստաւորելու համար: Ներկաները առիթը ունեցան նաեւ տեղական մակարդակով դասարանային շրջապտոյտներու կամ բանակումներու առաջարկներ ներկայացնելու:
Վերջին բաժինով, ներկաները ծանօթացան Խնամակալ մարմինի Կանոնագիրի յօդուածներու հիմնական փոփոխութիւններուն: Ներկայացումը կատարեցին Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան եւ գործավար Խաժակ Ժամկոչեան: Անոնք սահիկներու օգնութեամբ նշեցին հիմնական փոփոխութիւնները, որոնք ներկայացուած էին Ազգային վարչութեան եւ վաւերացուած անոր կողմէ: Երկար աշխատանքի եւ մտածուած ծրագիրներու արգասինքն էր այն փոփոխութիւնները, որոնք յանձնուեցան ներկաներուն ուշադրութեան: Այս փոփոխութիւնները, կազմակերպուած խորհրդաժողովները եւ բոլոր մշակուած ծրագիրները պիտի նպաստեն մեր վարժարանները առաւելագոյն յաջողութեամբ եւ բծախնդրութեամբ առաջնորդելու:
Ներկաները գոհունակութեամբ հեռացան վարժարանէն եւ լրացուցին առցանց հարցախոյզ մը՝ իրենց արժեւորումը եւ կարծիքները յայտնելով, որպէսզի ապագային կազմակերպուին աւելի արդիւնաւէտ խորհրդաժողովներ, որոնք պիտի նպաստեն Սփիւռքի կռուանը հանդիսացող Ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու վերելիքին: