ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 5ին մարդասիրական ականազերծմամբ զբաղուող բրիտանական ոչ կառավարական «HALO Trust» կազմակերպութեան ղարաբաղեան ծրագիրի ղեկավար Վալոն Քումնովան եւ կազմակերպութեան պալքանեան եւ կովկասեան երկիրներու պատասխանատու Մեթիու Հովելը ընդունեց ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեանը:
Հիւրերը նախագահ Ղուկասեան ծանօթացուցին «HALO Trust»ի կողմէ ԼՂՀի մէջ իրականացուող գործունէութեան ընթացքին եւ արդիւնքներուն եւ նշեցին, որ կազմակերպութեան ջանքերով այստեղ ականազերծուած է մօտ 100 քառակուսի քմ. տարածք, չէզոքացուած է 43 հազար ական եւ չպայթած այլ զինամթերք:
Ա. Ղուկասեան նշեց, որ ականազերծման աշխատանքներու բարձր որակի շնորհիւ «HALO Trust»ը վաղուց արդէն կը վայելէ արցախցիներու յարգանքը եւ վստահութիւնը: Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց կազմակերպութեան աշխատակիցներուն եւ վերահաստատեց ղարաբաղեան իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը՝ հնարաւորինս սատարելու անոնց արցախեան ծրագիրի իրականացման գործին: