ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ՄՀՈՒԳի ի (Միջազգային հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան IAEA) եւ նուիրատու կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ, Հայաստանի հիւլէակայանի ապահովական մակարդակի բարձրացման նուիրուած ձեռնարկը, ըստ ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանի, 2006ի ձեռքբերում կարելի է համարել: Ան աւելցուց, որ նշեալ երկու կազմակերպութիւնները պիտի աջակցին նոր հիւլէակայանի մը նախնական ուսումնասիրութիւններուն:
Արմէն Մովսիսեան Դեկտեմբեր 22ին կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ խորհրդակցութեան մասնակիցները համաձայնութիւն յայտնած են մինչեւ կայանի փակուիլը՝ ապահովութեան մակարդակի բարձրացման համար օգնութիւն տրամադրել:
Բացի այդ, ըստ նախարար Մովսիսեանի, Հայաստանի մէջ նոր հիւլէակայանի կառուցման արհեստագիտական եւ տնտեսական հիմնաւորման աշխատանքներու հարցով ՄՀՈՒԳի եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կողմէ գործակցութեան առաջարկ ներկայացուած է: Այդ աշխատանքները պիտի աւարտին երկու տարուան ընթացքին եւ ապա պիտի որոշուի, թէ ո՞ր կազմակերպութիւնները պիտի մասնակցին նոր կայանի կառուցման աշխատանքներուն:
Ա. Մովսիսեան տարուան կարեւոր ձեռքբերում համարեց նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Իրանի ուժանիւթի նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը, որ ըստ իրեն, կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ ուժանիւթի ոլորտի համակարգի համարկման աշխատանքներուն: Այս առնչութեամբ նախարարը յայտնեց նաեւ, որ յաջորդ հանդիպման պիտի մասնակցի նաեւ Ռուսիան: