Նորութիւն չէ, որ հայ երկսեռ երիտասարդութիւնը ամէն տեղ եւ ամէն առիթներով մօտէն կը հետեւի անուանի եւ մասնաւորաբար հայ նուագախումբերու ելոյթներուն:
Տարի մը առաջ, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Mosaic I ձեռնարկը, որուն ամերիկածին հայ երկսեռ երիտասարդներու հանճարով ճոխացած յայտագրին մասնակցած էին Նիւ Եորքէն մինչեւ Լոս Անճելըս հայկական նուագախումբեր եւ մեներգողներ:
Շաբաթ, 26 Յունուար, 2008ի երեկոյեան ժամը 6ին, «Համազգային»ը դարձեալ հայ եւ օտար ամէն տարիքի հասարակութեան պիտի հրամցնէ ամերիկածին հայկական նուագախումբերով երգի ու երաժշտութեան բազմաշերտ ճաշակը:
Այս առթիւ հարցազրոյց մը ունեցանք Շրջանային վարչութեան այս ձեռնարկի կազմակերպիչ պատասխանատու՝ Թամար Աբգարեանին հետ, որմէ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ:
Այս տարի Mosaic II Concert-ին մաս պիտի կազմեն «Զուլալ-Zulal» (Նիւ Եորք), «Վիզա-Visa», Սօնիա Վարուժեան, Արենի Աղպապեան եւ եւ «Քանթըս Քափելա- Cantus Capella» նուագախումբերն ու մեներգողները:
Այսօր հպարտալի երեւոյթ է, որ կարգ մը հայկական նուագախումբեր ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի տարածքին դարձած են անուանի ու հռչակաւոր իրենց հրամցուցած երգերով եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններով:
«Համազգային»ը իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն, միշտ մօտէն կը հետեւի այս բոլորին եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ հայ երկսեռ երիտասարդներով կազմուած այս խումբերուն քաջալեր հանդիսանալ:
Ձեռնարկը պիտի ունենայ նաեւ իր հանդիսավարները՝ Լոռի Թաթուլեան եւ Արա Պասիլ:
Ստորեւ յայտագրին մաս կազմող արուեստագէտները.-
1.- «Զուլալ-Zulal»
Խմբակը Նիւ Եորքէն է, որուն մաս կը կազմեն հայ 3 պարմանուհիներ՝ Թէնի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թէքէրեան: Խմբակի կը հրամցնէ հայկական ժողովրդական երաժշտութենէն վերցուած ստեղծագործութիւններ, անոնց տալով երանգաւորման եւ շունչի որոշ թարմութիւն: «Զուլալ» կազմուած է 2002ին ու յաջորդաբար ելոյթներ ունեցած է Carnegie Hall, John F. Kennedy Center, Alex Theatre եւ շատ ուրիշ սրահներէ ներս:
2.- «Վիզա-Visa»
9 երիտասարդներէ բաղկացած խումբ մըն է, որուն մաս կը կազմէ նաեւ աշխարահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի թոռը՝ Ճիւան Գասպարեան կրտսերը իր տուտուկով:
Այս խումբը ծնունդ առած է Լոս Անճելըսի մէջ, 2005ին: Խումբը իր յայտագրէն ներս միշտ ունեցած է «փօփ» եւ «ռաք» երգեր: Վերջերս հրապարակած են իրենց 3րդ ալպոմը:
3.- Արենի Աղպապեան
Սանթա Մոնիքա ծնած այս արուսետագէտուհին փոքր տարիքէն իբրեւ դաշնակահար արդէն սկսած է փայլիլ: Ունի անզուգական ձայն եւ ընդհանրապէս կը հրամցնէ այժմու դասական, ճազ ու հայկական երաժշտութիւն:
Ելոյթ ունեցած է Michael Gordon-ի վերջին օփերային մէջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հրապարակային այլ նախաձեռնութիւններու:
4.- «Քանթըս Քափելա- Cantus Capella»
2006ին ծնունդ առած է Լոս Անճելըսի մէջ: Գլխաւոր ղեկավարներն են Ալպէր Պապանեանն (կիթառ) ու Արմէն Յովսէփեանը (պաս): Ապա իրենց միացած են Արմէն Նաճարեանն (մեներգող) ու Ճաշուա Սատիքին (տրամզ): Խումբը ճանչցուած է իբրեւ «ռաք» պանտ:
5.- Սօնիա Վարուժեան
Փոքր տարիքէն արդէն մեծ սէր ցուցաբերած է երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ: Կիթառ սկսած է նուագել կանուխէն: 12 տարեկանին հրապարակային մեներգած է եղծանիչ նիւթերու դէմ արշաւի ձեռնարկին: 1991ին հրատարակած է իր առաջին ալպոմը (կիթառով):
Ասոր յաջորդած է 1998ին՝ «Սեւան», 2006ին՝ «Ճանապարհ», ուր հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով 12 երգեր հրամցուցած է: Այս ալպոմէն «Համբոյր»ը երգեց 2007ի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրմի թելեթոնին առթիւ: Փնտռուած երգչուհի է ոչ միայն Ամերիկայի տարածքին, այլեւ Երեւանի մէջ:
Mosaic II Concert ձեռնարկի մուտքի տոմսի գիներն են՝ $100, $75, $50, $35 եւ $20.
Այս առթիւ տոմսերու եւ այլ մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան եւ կամ 818-582-0177: