
ՊՈՍԹԸՆ․- Շարունակելով իր նոր նախաձեռնութիւնները, հայկական լուսանկարչական արխիւներու Project SAVE կեդրոնը պիտի մեկնարկէ մասնագէտ արուեստագէտներու եւ հետազօտողներու կեցութեան ծրագիր (Research Residencies) մը։
Այս ծրագիրը պիտի կիրարկուի տարին երկու անգամ հրաւիրելով մասնագէտներ։ Առաջինը կը նախատեսուի յառաջիկայ աշնան։
«1975էն ի վեր Project SAVE հիմնարկը հետեւողական կերպով հաւաքած է հսկայական հարստութիւն մը։ Ամբողջ աշխարհէն առաւել քան 80 հազար լուսանկարներով իւրայատուկ արխիւային կեդրոն մըն է անիկա, որ դժբախտաբար հասանելի չէ։ Իմ նպատակն է՝ բարեփոխումներ կատարել եւ նոր նախաձեռնութիւններով հասանելի դառնալ, նաեւ օտար միջավայրին համար», յայտնեց դոկտ․ Արթօ Փայասլեան–Վոն, որ անցեալ տարի ստանձնեց գործադիր տնօրէնի պաշտօնը։
Լուսանկարչութեան, գեղանկարչութեան, երաշտութեան եւ շարժապատկերի բնագաւառներուն մէջ մասնագիտացած արուեստագէտներ երեք շաբաթէն երեք ամիս տեւողութեամբ մնալով՝ պիտի հետեւին աշխատանքներուն, յաւելեալ պրպտումներ պիտի կատարեն։ Անոնք նաեւ պիտի մասնակցին ձեռնարկներու, կապ հաստատելով գաղութին հետ։ Նաեւ գրողներ, գրագէտներ եւ դասախօսներ մաս պիտի կազմեն այս կեցութեան ծրագիրին։
«Զրոյցներ լուսանկարչութեան մասին» (Conversations on Photography) շարքի, վերափոխուած կայքի եւ նոր խորհրդատու մարմինին հետ մէկտեղ, արուեստագէտը եւ կեցութեան ծրագիրի այցելուները կը հանդիսանան Project SAVE-ի տարուան վերաորակաւորման եւ բարելաւման ազդակները։
Ըստ Վոնի՝ այս փոփոխութիւնները շատ աւելի պիտի կատարելագործուին 2025ին կատարուելիք հաստատութեան 50ամեակի դրամահաւաքի արշաւին՝ արխիւներուն համար աւելի մեծ տարածք ապահովելու համար:
Էլենա Պուլատ՝ Հարվըրտ համալսարանի լուսանկարչական ոլորտի մասնագէտներէն է եւ Project SAVE-ի խորհրդատու մարմինի անդամ։ Ան կը կարծէ, թէ այս կեղոցութեան ծրագիրը հիանալի նախաձեռնութիւն մըն է: «Այս ծրագիրը ոսկի առիթ մը պիտի ըլլայ երիտասարդ կամ փորձառու մասնագէտներու համար, թէ՛ սորվելով եւ թէ սորվեցնելով: Այս հիւր հրաւիրեալները երկար վազքի վրայ պիտի կարենան օգնել Project SAVE-ին եւ այս գանձերու պահպանման:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել https://projectsave.org/ կայքը: