ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Ձայնագրութիւնը աւարտած էինք եւ մեր նախապէս արձանագրած երգերուն նման, կը կարծէինք, որ դժուար մասը արդէն անցուցած ենք, սակայն այս անգամ դժուար մասը նոր պիտի սկսէր:
Տարիներու ընթացքին աշխատակցած էինք ձայնապնակի տարբեր արտադրիչներու հետ: Ներկայիս համաձայնութիւն մը կնքած էինք Philips միջազգային արտադրութեան ընկերութեան հետ: Դիւրին չէր հոն հասնիլը, սակայն հասանք: Կը կարծէինք, որ ասկէ ետք ամէն ինչ աւելի հեզասահ պիտի ընթանար: Սկզբունքով օտար ընկերութեան մը հետ աշխատակցիլը աւելի օրինաւոր պէտք էր ըլլար, սակայն պատահեցաւ հակառակը:
* * *
Philips-ի տնօրէնին գրասենեակն ենք:
Պատասխանատու տնօրէնը նախ՝ սկսաւ ունկնդրելու «Armenia»ի ձայնագրութեան երաժշտութիւնը՝ առանց երգեցողութեան:
Դէմքի շարժուձեւերէն դատելով՝ կռահեցինք, որ գոհ է արդիւնքէն:
– Հիանալի՛,- ըսաւ ու ապա երգ եւ երաժշտութիւն ուզեց լսել ամբողջացած վիճակին մէջ:
Դարձեալ դէմքի շարժուձեւերուն կը հետեւինք: Քանի մը անգամ ունկնդրելէ եւ նոթեր արձանագրելէ ետք, մեզի դառնալով՝
– Կը ներէք, որ առանձինս որոշում չեմ կրնար տալ: Այս մէկը իւրայատուկ երգ մըն է, որուն համար ընդհանուր տնօրէնին հաւանութիւնը պարտաւոր եմ ստանալ: Կը ներէք:
Շաբաթ մը ետք դարձեալ իրարու հանդիպելու ժամադրութեամբ մեկնեցանք:
* * *
Շաբաթ մը ետք նոյն գրասենեակին մէջ ենք: Նուագախումբի ընկերներս ու ես անհամբեր ու պրկուած վիճակ մը ունինք:
Սուրճի հիւրասիրութենէ, ապա անտեղի ու երկարատեւ յառաջաբանէ մը ետք, քանի մը բառով մեզի կը բացատրէ ընդհանուր տնօրէնին կարծիքը, աւելի ճիշդ՝ որոշումը:
– Ձայնապնակը կ՛արտադրենք, սակայն դժբախտաբար զանց պիտի առնենք ծանուցումներէ: Լիբանանի պետական ռատիօկայանէն ձայնասփռելու պատասխանատուութիւնը չենք կրնար յանձն առնել: Զուտ հայկական թեմա մըն է այս երգը: Կը հասկնանք ձեր արդար դատը: Իբրեւ երգ ու երաժշտութիւն՝ հիանալի է, ոչ մէկ կասկած, սակայն տրուած ըլլալով, որ միջազգային ընկերութիւն մըն ենք, Լիբանանի ընդհանուր տնօրէնը, նմանապէս, չ՛ուզեր պատասխանատու գտնուիլ մեր ընդհանուր կեդրոնատեղիի, Հոլանտայի գրասենեակին տնօրէնութեան հանդէպ:
Համաձայնագիրը կը ստորագրենք ու կը մեկնինք գրասենեակէն:
Քանի մը շաբաթ ետք ձայնապնակները արդէն պատրաստ են: Գրասենեակէն կը վերցնենք քանի մը հարիւր օրինակ ու կը պատրաստուինք նոր «ճակատամարտ»ի մը: Մեր անձնական միջոցներով տարածել Ցեղասպանութեան նուիրուած, օտար լեզուով առաջին երգը՝ «Armenia»:
* * *
24 Ապրիլ, 1972:
Բնականաբար արձակուրդ ենք եւ նուագախումբի անդամները՝ բոլորս միասին, ձայնապնակէն տասնեակ մը օրինակ հետերնիս վերցուցած, կ՛ուղղուինք Լիբանանի պետական ռատիօկայան:
Խօսնակներէն շատերուն ծանօթ ենք: Նախապէս մեր օտար լեզուով երգերը գրեթէ ամէն օր ձայնասփռած են: Ինքնավստահ կը մտնենք Suzy Yazbeck-ի գրասենեակը: Բարեկամներ դարձած ենք: Սիւզին սքանչելի երգչուհի է եւ իր ելոյթներուն մեզ ընտրած է՝ որպէս իրեն ընկերակցող նուագախումբ:
«Նոր ձայնագրութի՞ւն մը ունիք, այնքա՜ն ուրախ եմ», կ՛ըլլայ առաջին արտասանած նախադասութիւնը, երբ «Armenia» ձայնապնակէն քանի մը օրինակ կը դնենք իր գրասեղանին վրայ:
Կարգով կ՛այցելենք մեզի ծանօթ, նախապէս մեզի միշտ օգտակար հանդիսացած, մեր երգերը յաճախ ձայնասփռած Marie Louise Azis-ին եւ Randa Hassouna-ին գրասենեակները, որոնք մեզի կը ծանօթացնեն նաեւ տարբեր խօսնակներու եւ իւրաքանչիւրին քով քանի մը օրինակ ձգած՝ կը հեռանանք ռատիօկայանէն:
Առաջին ուրախ Ապրիլ 24ը: Ուրախ, որ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օտարներուն պիտի կարենանք ծանօթացնել Հայ Դատը:
Հայերէնով Ցեղասպանութեան նուիրուած բազմահարիւր երգեր գոյութիւն ունին: Կարեւորը մեր Դատը երգի միջոցով օտարներուն ծանօթացնելն է, եւ ցարդ ոեւէ մէկը այդ նախաքայլը չէ առած:
«Սասուն, Մուշն ու Վանը հայկական հող ա»:
Ամէն հայ գիտէ այդ մէկը:
Չգոհանանք միայն հայերէնով: Թող օտարները տեղեակ ըլլան, որ գոյութիւն ունի իրաւազրկուած հայ ազգ մը, որուն հայրենիքին մեծ մասը բռնագրաւուած է թուրքերուն կողմէ, իսկ մէկ մասը տակաւին կը մնայ խորհրդային լուծի տակ (տակաւին Հայաստան չէր անկախացած):
So God, won’t you please listen
Give my people freedom
Oh God, won’t you please listen
All we need is freedom (Five Fingers, Վագօ Տելալեան):
* * *
Ամենաանկեղծը Suzy Yazbeck-ն էր: Քանի մը օր ետք հեռաձայնեց.
– Կը կասկածիմ, որ պիտի կարենամ ձայնասփռել այս երգը: Քաղաքական բնոյթ ունի եւ տնօրէնութեան հետ չեմ ուզեր խնդիր ունենալ: Կրնամ նոյնիսկ գործս կորսնցնել, սակայն կարելիս կ՛ընեմ տնօրէնութիւնը համոզելու:
Վստահաբար փորձեց: Չյաջողեցաւ: Պետական ռատիօկայանը քաղաքականութենէ հեռու պէտք է մնայ:
Թուրքը խորամանկ ըլլալու առընթեր, արթուն է: Աչքերը տասը բացած՝ կը հետեւի հայոց ամէն քայլափոխին եւ անմիջապէս իր նենգութիւնն ի գործ կը դնէ՝ կասեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան քարոզչական որեւէ միջոց:
Ռատիոկայանի մեր բարեկամ խօսնակները, որոնք մեր նախորդ երգերը ձայնասփռելու համար իրարու հետ «մրցումի» ելած էին, նոյնիսկ մէկ անգամ չհամարձակեցան հանրութեան լսելի դարձնել հայութեան ձայնը. Լիբանանի նման երկրի մը մէջ, ուր հայութիւնը մեծ թիւ կը հաշուէ եւ իր խօսքը կշիռ ունի:
Շատ հաւանաբար տնօրէնութեան կողմէ էր այդ արգելքը:
Այդ տարիներուն չկար համացանցի դրութիւն, «ԵուԹուպ» կամ «Դիմատետր», որպէսզի կարողանայինք աշխարհին լսելի դարձնել մեր համեստ արձանագրութիւնը՝ «Armenia»ն, որպէս բողոք եւ պահանջատիրութիւն:
Մեզի կը մնար դիմել հայկական միութիւններու, որպէսզի մեզի օժանդակեն երգի տարածման:
* * *
«Զաւարեան» ուսանողական միութեան վարչական ժողովի օրն էր:
Վագօն եւ ես, քանի մը ձայնապնակ հետերնիս վերցուցած՝ ուղղուեցանք քաղաքի Ժողովրդային տուն:
Վարչութեան անդամները գրեթէ բոլորը ընկերներս են: Ներկայացուցինք մեր ձայնապնակը, նաեւ խօսեցանք ռատիօկայանի մերժումի մասին եւ առաջարկեցինք, որ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան անվճար յանձնենք ձայնապնակներ եւ իրենք կարենան տարածել ազդու մարմիններու եւ օտար դեսպանատուներու շրջանակներու մէջ:
Վարչութեան ժողովը տեւեց մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ, մինչ Վագօն եւ ես դուրսը կը սպասէինք արդիւնքին:
– Որոշում չկրցանք տալ: Շուտով կը կապուիմ հետդ ու կը տեղեկացնեմ, ըսաւ վարչութեան անդամ ընկերներէս մէկը:
Տակաւին կը սպասենք…
* * *
«Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:
Որոշեցինք մեր անձնական միջոցներով տարածել ձայնապնակը: Անվճար յանձնեցինք քաղաքի բոլոր «ճիւք պաքս»երուն մէկական օրինակ:
Նոյնիսկ օտարներ, երբ այդ գործիքին երգացանկին մէջ հանդիպէին «Armenia» երգին, հետաքրքրութեամբ կ՛ունկնդրէին:
28 Մայիս 1972:
Երգահանդէս մը կազմակերպած ենք «Յովակիմեան Մանուկեան» վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ:
Այդ օր, առաջին անգամ ըլլալով, բեմի վրայ երգեցինք «Armenia» երգը:
Գրիչով կարելի չէ ներկայացնել ներկաներուն խանդավառութիւնը: 3 անգամ յոտնկայս «պիս»երով, ներկաները «ստիպեցին», որ դարձեալ երգենք, եւ երրորդ անգամ, տակաւին երգը չաւարտած, սրահի պատասխանատուն վարագոյրը իջեցուց երգի մը պատճառով, ուր յիշուած են Ապրիլ 24ն ու Մայիս 28…
Reminded me of 1915 Massacre Day
Reminded me of 1918 Independence Day
Երգահանդէսի աւարտին, հանդիսատեսներուն, բոլորին անխտիր, մէկական օրինակ տուինք «Armenia» ձայնապնակէն՝ որպէս նուէր:
Անժխտելի իրականութիւն մըն է: «Five Fingers»ի «Armenia» երգը (անգլերէն) եղաւ օտար լեզուով առաջին բողոքի երգը՝ ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան, նաեւ խորհրդային լուծին (1972):
Նման յանդուգն գործի մը համար, դժբախտաբար, ոչ միայն օժանդակութիւն չունեցանք մեր արտադրիչ ընկերութենէն, նաեւ՝ Լիբանանի պետական ռատիօկայանէն, կարգ մը հայկական միութիւններէն, մինչեւ իսկ մեր նուագախումբէն նուազագոյնը մէկ հոգի դէմ էր նման երգի մը ձայնագրութեան:
* * *
Ինչպէ՞ս աշխարհ եկաւ «Armenia» երգը:
Հրապարակի վրայ արդէն ունէինք քանի մը ֆրանսերէն եւ անգլերէն 45 RPM ձայնապնակներ:
Նուագախումբի անդամներս կարծես իրարու հետ նոր երգեր գրելու մրցումի ելած էինք: Բոլորն ալ՝ օտար լեզուներով: Օտար շրջանակի մէջ շատ աւելի ելոյթներ կ՛ունենայինք, քան՝ հայերու մէջ:
Այդ տարիներուն այդպէս էր:
Ամենաշատ յօրինողները խումբի երգիչ Միմոն (Միհրան Գռուզեան) եւ թմբկահար Վագօ Տելալեանն էին:
Օր մը, երբ իւրաքանչիւրս մեր յօրինած երգերը իրարու կը ծանօթացնէինք, Վագօն շատ հետաքրքրական երգ մը հրամցուց մեզի՝ «Armenia»: Անգլերէնով բողոք մըն էր. ընդվզում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, նաեւ Խորհրդային Միութեան դէմ:
Ամենախանդավառը ես էի եւ առաջարկեցի առաջին հերթին ա՛յդ երգը արձանագրել:
Միմոյին շատ սրտովը չէր: Կը նախընտրէր իր գրած սիրային երգերը եւ մերժեց երգել:
Պնդումներուս, նաեւ ստիպումներուս իբրեւ հետեւանք՝ որոշեցինք արձանագրել, եւ տրուած ըլլալով, որ Միմօն մերժած էր երգել, որոշեցինք, որ փոխարէնը խումբի կիթառահար Յակոբ Անտըզեանը երգէ:
«Armenia» երգը եղաւ մեր արձանագրած երգերուն ամենագնահատուածը:
Աւելի քան 25 տարի ընկերակցած եմ հայ թէ օտար բազմաթիւ նուագախումբերու ու երգիչներու եւ անվարան կրնամ ըսել, որ «Armenia»ն եղած է ամենաշատ ծափահարութիւն խլած երգը:
Philips-ի տնօրէնութիւնը անակնկալի եկած էր: Բնաւ չէր ակնկալեր այնքա՜ն խոչընդոտներու հանդիպած երգի մը մեծ թիւով ձայնապնակներու սպառումը:
Մեր յաջորդող ձայնասկաւառակները, առանց որեւէ նախապայմանի, ընդունեց արտադրել:
Մենք՝ մեր կարգին քաջալերուած, Philips-ի պիտակով արձանագրեցինք երկու հայերէն ալպոմներ, որոնց երկրորդը՝ «Հայորդիք» խորագիրով ալպոմին երգերէն մէկն էր “«Armenia»ին հայերէն տարբերակը:
Խօսքերը կաթողիկէ պատրիարք գերապայծառ Կոքեանի Ապրիլ 24ին արտասանած ճառերէն հատուածներ են:
«Աշխարհ մը ամբողջ գերեզմանի վերածուած,
Ոսկորներ ոչ հողի տակ թաղուած, այլ հողը՝ ոսկորներով ծածկուած:
Ոսկորներու տէրը ազգ մըն էր, որ կը կոչուէր… ՀԱՅ»:
* * *
Մեզմէ քանի մը տարի ետք (1976) Charles Aznavour-ի «Ils sont Tombes» երգը բնականաբար աշխարհը ցնցեց: Շատ բնական երեւոյթ էր այդ մէկը:
Ազնաւուր մեզ նման անծանօթ անուն մը չէ, ինչպէս նաեւ եղանակը յօրինուած է Ժորժ Կառվարենցի նման արհեստավարժ երգահանի մը կողմէ, իսկ բառերը կը պատկանին Ազնաւուրի նման յայտնի արուեստագէտին:
Աւելի ուշ, «System of A Down» հայ տղոցմով կազմուած նուագախումբը, իրենց յանդուգն երգերով յաճախ լսելի դարձուցին հայոց բողոքի ձայնը:
Լիբանանի նման փոքր երկրի մը մէջ չունէինք այդ կարելիութիւնները:
Ո՛չ ոք, այո՛, ո՛չ ոք, նոյնիսկ հայկական միութիւններ թիկունք կանգնեցան մեզի:
Ըրինք մեր կարելին՝ մեր սահմանափակ ուժերով:
Հետագային, եւ մինչեւ օրս «Armenia» երգը տակաւին կը մեկնաբանուի տարբեր հայ երգիչներու կողմէ: