Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրը, Լոյոլա իրաւաբանական համալսարանին եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց միութեան (NAASR) հետ համագործակցելով՝ 25 Մարտին պիտի իրականացնէ միօրեայ խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու հարցին։
Խորհրդաժողովը, որուն համահովանաւորներն են Հայ իրաւաբանական միութիւնը, «Խոստումը» Մարդկային իրաւանց հիմնարկը եւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը, տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Մոնկ» կեդրոնի սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 8։45էն սկսեալ։ Կարելի է նաեւ համացանցի միջոցաւ հետեւիլ դասախօսութեան։ Երկու պարագաներուն ալ նախապէս պէտք է արձանագրուիլ, այցելելով՝ bit.ly/whatsnext03-25-23 կայքէջը։ Արձանագրութիւննորու համար սրահը պիտի բացուի ժամը 8ին։