UCLA-ի «Նարեկացի» ամպիոնի բարեկամներու հոգաբարձութիւնը 2006-2007 տարեշրջանին համար ընտրած է գործադիր նոր վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Ծիա Այվազեան (նախագահուհի), Պարոյր Ակոբեան (փոխնախագահ), տոքթ. Րաֆֆի Տիշագճեան (գանձապահ), իրաւաբանուհի Ռիթա Մահտէսեան (քարտուղարուհի), տոքթ. Մարինա Կետէքեան, տոքթ. Զաւէն Խաչատուրեան, դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Յասմիկ Պարան, տոքթ. Նազելի Չարչեան, Սօսի Գէւոնեան (դիւանապետուհի), Թինա Մանկիկեան, Իսրայէլ Ստեփանեան, Կարպիս Պետոյեան եւ Ալեքս Պապայեան (համալսարանի հայ ուսանողներու ներկայացուցիչ): Փրոֆ. Փիթըր Քաուի ի պաշտօնէ անդամ է կազմին:
Այս տարեշրջանի ընթացքին կը ծրագրուի գիտաժողով մը նուիրուած հայագիտական ուսմանց, Նոյեմբեր 12ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ:
Համալսարանին մէջ հայագիտութեան պսակաւոր արուեստից վկայական շնորհելու հանգամանք ապահովելու համար կը շարունակուին յաւելեալ դասընթացքներ շնորհելու աշխատանքները եւ ձմրան քառորդին Պըրքլիէն դոկտ. Ալինա Այվազեան պիտի մատուցէ դասընթացք մը նուիրուած հայկական պետութեան ծագման: Ան նաեւ հանրային երկու դասախօսութիւններ պիտի տայ Յունուարին եւ Փետրուարին:
Վերջապէս, Մարտ 31ին նախատեսուած է տարեկան ճաշկերոյթը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել Կարպիս Պետոյեանին (310) 704-4353, Թինա Մանկիկեանին (310) 314-5266 կամ Իսրայէլ Ստեփանեանին (323) 823-9352: