ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ակօս»ի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինք իր մահէն օր մը առաջ, «Պիրկիւն» պարբերաթերթին մէջ հրատարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ, անդրադառնալով Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բացման համար նախատեսուած թուականին՝ Ապրիլ 24, 2007, հետեւեալ հարցումը ուղղած էր մշակոյթի նախարար Աթիլլա Քօչին. «Դուք վստա՞հ էք, որ ատիկա ձեր վերջին որոշումն է»։
Հրանդ Տինք չկրցաւ գիտնալ իր հարցումին պատասխանը, որովհետեւ մշակոյթի նախարարը Տինքի մահէն ետք միայն յայտարարեց, թէ Աղթամարի եկեղեցւոյ բացումը պիտի կատարուի Ապրիլ 15, 2007ին։