ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Յունուար 26ի հրամանագիրներով, զօրավարի պաշտօն շնորհուեցաւ բանակի գլխաւոր սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալ Էնրիքօ Աբրամովին եւ օդուժի հրամանատար Ստեփան Գալստեանին:
Բանակի կազմաւորման 15րդ տարեդարձի կապակցութեամբ, Արա Բաբլոյեան պարգեւատրուեցաւ Մխիթար Հերացիի շքանշանով:
Քոչարեանի հրամանագիրով, բանակաշինութեան գործին մատուցած նշանակալի ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած խիզախութեան եւ արիութեան համար, խումբ մը զինուորականներ շքանշաններով պարգեւատրուեցան:
Պարգեւատրուեցան նաեւ բանակի 8 զօրամասեր: