ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիոյ ներքին ապահովութեան մարմինները Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին հաղորդեցին, թէ ձերբակալած են երեք կասկածելիներ, որոնք ամերիկեան թիրախներու դէմ ահաբեկչական արարքներ կը ծրագրէին: Ամբաստանեալներէն երկուքը իսլամացած գերմանացիներ են, իսկ երրորդը թուրք մըն է:
Ըստ ոստիկանութեան, ամբաստանեալներուն տրամադրութեան տակ գտնուած են 1210 փաունտ «Թի.Էն.Թի.» ուժգնութեամբ պայթում մը յառաջացնելու կարողութիւնը ունեցող քիմիական նիւթեր:
Ոստիկանութեան համաձայն, «Քայիտա»ի հետ կապեր ունեցող կասկածելիները մարզուած են Փաքիստանի մէջ եւ անոնց մղիչ ուժը «ամերիկացիներու հանդէպ ատելութիւնը» եղած է: Ոստիկանութիւնը կասկածելիները սկսած է հետապնդել քանի մը ամիս առաջ:
Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր Դանիոյ մէջ եւս ձերբակալուած էին ութ կասկածելիներ, որոնք ահաբեկչական արարքներ ծրագրելու յանցանքով կ’ամբաստանուին: Անոնցմէ մէկը եւս թուրք էր: Կասկածելիներէն երկուքը արդէն իսկ պաշտօնապէս ամբաստանուեցան:
Նկարին մէջ, գրաւուած պայթուցիկ նիւթերէն մաս մը: