Ետեւի շարքը, ձախէն աջ՝ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, Արշաւիր Շիրակեան, Եդուարդ Տասնապետեան, հոգեւորական մը (անծանօթ) Նուպար Չարխուտեան: Առջեւի շարքը, ձախէն աջ՝ Երուանդ Փամպուքեան եւ Գէորգ Գանտահարեան, երրորդը անծանօթ
«Մենք, որ օր մը թերեւս մեռնինք, պարտաւոր ենք խորհրդածել յաւերժական մարդուն մասին՝ իր կեանքի ակնթարթին մէջ»:
Արեւելեան ժողովրդային իմաստութեան խորհուրդին լոյսերով պայծառացած այս խօսքը վերջերս քանի մը անգամ այցելեց մեր բանականութեան ցանցերուն, երբ պահ մը ուզեցինք գրիչը վերցնել եւ գիրին անդրադարձներով խորհրդածել այն յաւերժական մարդուն, ազնուարիւն հայուն, նրբաճաշակ արուեստագէտին եւ վաւերական մտաւորականին մասին, որ իր բացառիկ ներկայութեամբ մեր հաւաքական կեանքին իւրայատուկ քաղցրութիւն, հմայք ու խանդավառութիւն պարգեւեց եւ իր լուռ ու անաղմուկ կենսափորձով կեանքին իմաստը լուսաւորեց՝ իր տարօրէն անձնադրոշմ եւ գանտահարեանական ակնթարթին մէջ:
Այս պահուն, երբ մէկ տարուան հեռաւորութենէն կը համարձակինք կազմել ուրուանկարը Գէորգ Գանտահարեան անուն եզակի տիպարին, ան մեր ապրումներուն ու դատողութեան պաստառին վրայ կ՚ամբողջանայ այս պայծառ բովանդակութեամբ՝ իբրեւ անվախճան կեանքին երթը իր սեփական կենսափորձին զօրութեամբ անշարժացուցած, իմաստաւորած եւ նոյնիսկ կեանքէն վեր կեանք մը դառնալու ակնթարթը նուաճած լուսեղէն ներկայութիւն: Պիտի ուզէինք ըսել՝ յաւերժական ներկայութիւն, որովհետեւ ան միշտ ինքզինք քօղարկող մնայուն ներկայութիւն եղաւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ո՛չ միայն իր ողջուցը, այլեւ՝ նոյնքան եւ առաւել տիրական ներկայութիւն նոյնիսկ յետմահու՝ իր տոկուն անհատականութեամբ, հայ մտաւորական մարդու հոգեւոր, ազգային եւ բարոյական արժէքներով պողպատացած իր հայկական հաւատամքով, սրբութիւններով ու աւանդներով, որոնց համեստ խնկարկուն եւ արժանաւոր աւանդապահը եղաւ վեց տասնամեակ շարունակ, մինչեւ շունչ վերջին՝ իբրեւ ազգային ու կրթական անձնամոռ մշակ, ճշմարտութեան ջերմեռանդ ջատագով, գաղափարի անխոնջ զինուոր եւ ինքնուրաց մտաւորական:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ վերահայացած, ոգի ու նկարագիր կազմած եւ այս մարդակերտ ու հայակերտ նուիրական դարբնոցին ընդմէջէն ինքզինք հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրած Գէորգ Գանտահարեան անուն հաւատաւորը, յար եւ նման իր մեծանուն ուսուցիչներուն՝ միշտ հեռու մնաց ինքզինք ցուցադրելու մարդկային տկարութենէն եւ իր գոյութեան իմաստը կենսաւորեց հաւաքական աշխատանքին, պարզ ըսած՝ նուիրական գործին ճառագայթուն ու յառաջընթաց յաղթանակներուն իրերայաջորդ կշռոյթներով: Պիտի ուզէինք ըսել՝ յարատեւ ինքնաբաշխումով, որ իբրեւ ոգի ու սրբազան աւանդ տարածուեցաւ իրեն աշակերտելու բախտին արժանացած հարիւր հարիւրաւորներու հոգիներուն վրայ, զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցած բարեկամներուն ու մտերիմներուն, գործակիցներուն ու գաղափարի ընկերներուն սրտերուն մէջ:
Կենդանի՛ օրինակով: Նուիրումով, հաւատարմութեամբ, հեզահամբոյր քաղցրութեամբ, հայրական մտերմութեամբ, բայց միաժամանակ՝ խստապահանջ վճռականութեամբ: Աւելորդ է խօսիլ Գէորգ Գանտահարեան ազգային ու կրթական մշակին եզակի տիպարը կարկառող այս եւ մնացեալ բնորոշ յատկանիշներուն մասին: Կրկնութիւն եւ հաւանաբար ժամանակի անտեղի վատնում կրնայ ըլլալ տակաւին իր բազմաբնոյթ եւ բազմածիր աւելի քան յիսնամեայ վաստակը բնութագրելու որեւէ փորձ, երբ նման ճիգեր կատարեցին յարգելի ու հեղինակաւոր դէմքեր՝ իր կենդանութեան, իր տասնամեակներու բեղուն գործունէութիւնն ու վաստակը ըստ արժանւոյն մեծարող իրենց սրտաբուխ խօսքերով, եւ յետ-մահու՝ կորուստին դաժան հարուածը ամոքելու կոչուած իրենց գրաւոր վկայութիւններով:
Կը մնայ աւելցնել եւ վկայել, պատմութեան ու արդարութեան համար, որ բանաստեղծի ազնիւ խմորով ի վերուստ օժտուած այս սիրելի սիրելին կեանքը ապրեցաւ բանաստեղծութեան մը պէս, իրաւ բանաստեղծներուն վայել մեծարենցեան անանձնականութեամբ, վարուժանեան հեթանոս հաւատարմութեամբ, նարեկացիական ճենճերող հաւատքով, շնորհալիական լուսապաշտ երանութեամբ, բայց մա՛նաւանդ՝ հայ եկեղեցւոյ եւ գիր ու գրականութեան սրբանուն հայրապետներուն առաքելատիպ վարքով, եւ իր բանաստեղծական ազնիւ ու հայեցի ապրումները բառ ու պատկերի տաղաչափեալ կաղապարներու մէջ բանտարկելու փոխարէն՝ բաժնեց բոլորին, բաշխեց շարունակ, կեանք մը ամբողջ, հարստացաւ հոգիներու մէջ եւ արդարօրէն եղաւ մնայուն ու վաւերական ամբողջակա՛ն ներկայութիւն: