
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ի՞նչ է բարերարութիւնը:
Առաջին հերթին մեր մտքում առաջանում է հետեւեալ պատկերը. ունենալ դրամ եւ այն տրամադրել մեր նախասիրած որեւէ հաստատութեան կամ գործունէութեան: Սակայն կան գաղափարի բարերարներ, ովքեր կարողանում են ուղղորդել որեւէ հնարաւորութիւն, կարողութիւն, դրամ, աշխատուժ եւ այլ բարեմասնութիւններ՝ ճիշդ նպատակին, նոյնիսկ երբեմն առանց նիւթականի մասնակցութեան:
Ահա այսպիսի բարերարուհի է Աշխէն Սամուէլեան-Վարդերեսեանը:
Երբ անցեալ ամառ Երեւանում հանդիպեցինք Աշխէնին, լսելով տարբեր անձանց հետ կապուած նրա պատմութիւնները, ուզեցինք անպայման գրի առնել եւ որպէս օրինակ կամ ուղեցոյց ներկայացնել մեր ընթերցողներին:
Աշխէնը ասում է հետեւեալը.
«Երբ 2011ին Սուրիայէն տեղափոխուեցայ Հայաստան՝ կը մտածէի, որ հայ ժողովուրդը կը կառուցէ իր նորանկախ հայրենիքը՝ քարը քարի վրայ դնելով, սխալելով, սակայն շտկելով զանոնք, որպէսզի ստեղծէ իրաւ ապահով երկիր մը իր գալիք նոր սերունդին համար: Սակայն, կարգ մը պատճառներով, մինչեւ այսօր, մենք չենք հասած արժանապատիւ կենսամակարդակի մը՝ հեռու ըլլալով դրամի ազդեցութենէն, անձնական շահերէն: Մինչեւ այսօր կը պայքարինք հաւասար իրաւունքներու, ազատութեան եւ մասնագէտներու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Մտահոգ ենք ունենալու մատչելի բժշկական ծառայութիւն, մաքուր միջավայր եւ այլեւայլ պայմաններ՝ հայ քաղաքացիին վայել:

«Կ՛ուզեմ ըսել, որ ես կը հաւատամ ուղղակի օգնութեան տեւական ծրագիրներուն, երես առ երես յարաբերելով անձին հետ եւ հետեւելով անոր ընթացքին: Ինծի համար ամէնէն թանկագին պահը օգնող ըլլալը, դրական փոփոխութիւն բերելը եւ անոր յառաջացումին ներկայ ըլլալն է:
«Այս գործունէութեան ընթացքին ինծի մեծ օգնութիւն կը ցուցաբերէ իմ Լուսնակ քրոջ ամուսինը՝ հայրենիքէն իբրեւ ճարտարագէտ վկայեալ Սարգիս Եազըճեան: Իր աշխատանքի բնոյթէն ելլելով՝ Սագոն գիտէ շարք մը գիւղեր, մարդոց հետ կապեր ունի, եւ իր անձնական ինքնաշարժով տարբեր առաքելութիւններ կ՛իրականացնենք:
«Մեր ժողովուրդի վերջին ողբերգութեան օրերուն, երբ կը պարպուէր Լեռնային Ղարաբաղը՝ հայերը կը ձգէին իրենց տուները, գործը, ունեցուածքը, պապենական հողը՝ առանց որեւէ ինչքի, շրջապատուած իրենց բազմանդամ ընտանիքով՝ մեծ ծնողներով, ծնողներով, թոռնիկներով կը հասնէին Երեւան ու կը փորձէին հոս նոր կեանք մը սկսիլ:
«Զուիցերիոյ մէջ ապրող իմ ընկերները լսելով այս մասին՝ պատրաստ էին օգնելու որոշ ընտանիքներու՝ նոր գործեր սկսելու համար: Մենք խորհրդակցեցանք այս հարցերուն շուրջ, եւ ես հաւատք ունենալով ուղղակի օգնութեան հասանելիութեան, ինչպէս երփնազարդ վերմակի փոքր կտորները կաթիլ առ կաթիլ հաւաքուելով կը ստեղծեն խոշոր կտաւը՝ որոշեցինք յանձն առնել այդպիսի պարտաւորութիւններ:
«Իրական կարիքաւոր ընտանիքներ գտնելու գործին մէջ ինծի օգտակար եղած է սերտ բարեկամուհիս՝ «Լիւսինկա» ուսումնական կենտրոնի եւ տասնեակ բարեսիրական կազմակերպութիւններու հիմնադիր եւ համահիմնադիր Ստելլա Սարուխանեան:
«Մենք գտանք 4 ընտանիքներ, որոնք Արցախէն գալով՝ որոշած էին Հայաստանի գիւղերը ապրիլ, սկսիլ իրենց գործը եւ կառուցել իրենց տունը:
«Առաջին ընտանիքը՝ հայր, մայր, երկու ամուսնացած տղաներ՝ իրենց կիներով եւ զաւակներով, բոլորը տեղաւորուած էին տան մը մէջ, Արտաշատի շրջանի Աւշար գիւղը, գալով Արցախի Աշան գիղէն: Անոնք հողագործութենէ կը հասկնային: Իրենց համար կառուցեցինք ջերմոց մը, ուր ամբողջ ընտանիքը միասին կ՛աշխատի: Մենք յաճախ կը տեսնուինք, կը խօսինք նոր գաղափարներու մասին: Էրիք Խաչատրեան եւ անոր տիկինը՝ Մարիանան, նոյնպէս Շողիկ Մաթեւոսեան, մասնակցեցան դասընթացքներու «Ես եւ Իմ համայնքը»/«Լիւսինկա» ուսումնական կեդրոնին մէջ, որուն դասընթացավարն է Ստելլա Սարուխանեան:
«Այլ ընտանիք մը, որ դարձեալ գիւղի մը մէջ կը բնակի, մեղրի առեւտուրի համար կ՛ուզէր մեղուաբուծութեան գործը հիմնել եւ անշուշտ պէտք ունէր նիւթական օգնութեան: Ես անոր վճարեցի մեր օգնութեան դրամի տուփէն, եւ ան յաջողութեամբ կը վարէ իր տնտեսութիւնը:

«Այլ անձի մը կրցանք օգտակար ըլլալ՝ գնելու միայն մեղուներ, որպէսզի ան մեղուաբուծութեամբ զբաղի:
«Ուրիշ ամուսիններ կը փափաքէին հաւեր ունենալ եւ անոնց պատրաստի կերը, որովհետեւ անոնք պիտի սկսէին հաւաբուծութեան աշխատանքներ տանիլ: Այս զոյգը նոյնպէս պահանջուած գումարը ստացաւ:
«Ես կը հետեւիմ այս բոլոր գործերուն, թէ՝ որքանով անոնք կը յառաջդիմեն եւ պէտք եղած պարագաներուն կարելիս կ՛ընեմ անոնց օգտակար ըլլալու:
«Կը յուսամ, որ հետագային ունենալ աւելի շատ հնարաւորութիւններ՝ վստահելի նուիրատուներու շնորհիւ, որպէսզի կարենամ աջակցիլ իւրաքանչիւր ընտանիքի, որ կը փափաքի Հայաստանի գիւղերուն մէջ ապրիլ»:
Այս ամէնը Աշխէնի վերջին տարիների գործունէութիւնն է:
Դեռ Հալէպում Աշխէնն հանգուցեալ իր ամուսնու՝ Երուանդ Վարդերեսեանի հետ, ապրում եւ գործում էին որպէս հանրային մեծ կապեր ունեցող ազգայիններ: Նրանք կարողացել էին Հալէպի Ճիտէյտիէ պատմական թաղամասում հիմնել եւ վարել «Քանթարա» անուամբ ճաշարան՝ արեւելեան ոճով ձեւաւորուած, ուր այցելում էին հայեր, քաղաքի բոլոր համայնքների երեւելիներ, օտար զբօսաշրջիկներ: Ի միջի այլոց այս օրերին Հալէպի հետ կապուած որեւէ մանրամասնութիւն յիշելը կը նշանակի վաւերագրել այս քաղաքի փառքի օրերը, քանի դեռեւս կան յիշողներ: Երուանդը սահուն խօսում էր 6 լեզուներ՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, թրքերէն: Նուագում էր հարմոնիկայի վրայ: Աւարտել էր Պէյրութի համալսարանի առեւտրական բաժինը եւ Հալէպում աշխատում էր որպէս դեղորայքի զանազան ընկերութիւնների ներկայացուցիչ: Սակայն 2010 թուականին Երուանդի վաղահաս մահը բաժանում է այս աշխատասէր զոյգին:
Երուանդի հետ ապրելով Աշխէնի մօտ աւելի էր զօրացել արդէն իսկ իր նկարագրի մէջ ունեցած ծառայասիրութեան ոգին, եւ այդ տրամադրութիւններով ոգեշնչուած, ամուսնու մահից յետոյ, սիրիական պատերազմի պատճառով 2011 թուին փոխադրուել էր Հայաստան իր մայրիկի հետ: Հալէպից հայրենիք էին եկել հաստատուելու նաեւ Լուսնակ քոյրն իր ընտանիքով: Երբ ընտանիքն ամուր է, աւելի հեշտ են իրականանում ծրագրերը: Քրոջ ամուսին Սարգիսը աջակցում էր Արցախի գաղթականներին օգնութեան հասնելու համար: Քոյր Լուսնակը տեսնելով Աշխէնի մի այլ բնագաւառի՝ Կանանց Միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի մասնաճիւղի IWAY – International Women Association in Yerevan կատարած աշխատանքները, կամաւորաբար միանում է նրանց, ստանձնում է միութեան երաժշտական ելոյթների կազմակերպումը: Լուսնակը շրջանաւարտ է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցից:
Աշխէնը 2012 թուականից անդամ է IWAY-ին, որ ոչ-շահութաբեր, ոչ-կրօնական, ոչ-քաղաքական կազմակերպութիւն է: Նրա անդամներն են տարբեր տարիքի եւ ազգերի կանայք, ովքեր գտնւում են Երեւանում: Կառոյցի նպատակն է դրական ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանում՝ կանանց եւ երեխաներին աջակցող ծրագրերի միջոցով, յատկապէս նրանց համար, ովքեր ապրում են հեռաւոր եւ սահմանամերձ գիւղերում: Այս միութիւնը իւրաքանչիւր Նոր տարուայ օրերին կազմակերպում է համերգներ, տօնավաճառներ, որին մասնակցում են Հայաստանում գտնուող օտարերկրեայ դեսպանատների կանայք, նաեւ՝ հայաստանեան զանազան միաւորումներ: Պարզ է՝ հասոյթը տրամադրւում է օժանդակելու ժողովրդի առաջնային խնդիրներին:
Այստեղ եւս Աշխէնը իր աշխատանքներով նեցուկ է կանգնում կազմակերպութեանը:
Աշխէնի հասարակական գործունէութիւնը եւ նուիրումի ոգին ունի այլ ճիւղաւորումներ եւս: Նա ասում է. «Ես Հալէպի պատերազմին պատճառով առաջին Հայաստան եկողներէն եմ: Կ՛ըլլային նոր հասնողներ՝ ծանօթ կամ օտար, երբ լսէի անոնց դժուարութիւններուն մասին, կը փորձէի օգնել: Կու տայի անոնց ճիշդ տեղեկութիւններ, կը հոգայի անհրաժեշտ պէտքերը՝ վստահելի անձերու եւ իմ անձնական ներդրումովս: Երբ խնդիր կայ, արագ լուծում կ՛ուզէ: Կեանքը դժուար է եւ դաժան, երբ անձը նիւթական ապահովութիւն չունի: Շատ կարեւոր է արհեստ գիտնալը, լաւ ուսում ունենալը: Երանի բոլորս իրարու համար քայլ ընենք, փորձենք ապրիլ մեր հայրենիքին մէջ: Պէտք է միասին աշխատինք, իրար նեցուկ կանգնինք՝ պայքարելու առօրեայ ծանր պայմանները յաղթահարելու համար»:

Աշխէն Սամուէլեանի կեանքում կայ մի ընտանիք, որի դառը ճակատագիրը կարծես ուղեկցում է նրան անդադար (չենք նշում անունը): 1980ին Սիրիայի Հալէպ քաղաքում ծնուած աղջկայ ընտանեկան պատմութիւնը, որ Աշխէնը գրի էր առել, դժուար մի կեանք է եղել եւ դարձել է շարունակուող գողգոթա: Ահա արդէն երկար տարիներ Աշխէնը ամէն ձեւով թիկունք է կանգնում նրան եւ իր զաւակներին, նոյնիսկ իրականացնելով այդ ուսուցչուհի տիկնոջ երազանքը՝ միասին ճամբորդել Ս. Պետերբուրգ: Այս դժուար պատասխանատուութեան մէջ Աշխէնին օգնութեան են հասնում դարձեալ Սագոն եւ հալէպահայերի համար շատ սիրելի մի անձնաւորութիւն, միութենական կեանքի նուիրեալ եւ բարերար եղբայր Արուշ Եսայեանը, ով հայաստանաբանակ է սիրիական պատերազմից յետոյ:
Հայաստանում է Աշխէնը, ապրում է Երեւանի կենտրոնում, ճանաչում է շատերին՝ սփիւռքահայերի, հայաստանցիների, օտարների: Նա կարող էր հանգիստ եւ անհոգ ապրել, սակայն իր մտասեւեռումն է՝ ո՛վ է կարիքի մէջ, ո՛ւմ օգնել, ինչպէ՛ս դասաւորել չլուծուող հարցերը, ո՛ւմ դիմել նիւթականի համար, ո՛րն է աւելի առաջնայինը, նոյնիսկ առանց մտածելու, թէ իր կատարածը բարեգործութիւն է:
«Ասպարէզ» օրաթերթի 25 Յունիս 2014 թուի համարում, «Առօրեայ Մտորումներ»ի մեր անկիւնը տրամադրել էինք Աշխէնին՝ «Լաւատեսը» գրութեամբ. «Եթէ խեղդուելու չափ շնչասպառ լինենք հայրենի բացասական լուրերից, ապա բաւարար է նայել Աշխէնի ֆէյսբուքեան էջին, ուր կը տեսնենք միայն դրական նորութիւններ, ու միգուցէ, կը վերականգնուի որպէս հայ ապրելու մեր հաւատքը»:
Նոյնն ենք ասում նաեւ այժմ: