
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ռուբէն Չիլինկիրեան, գրական անունով՝ Ռուբէն Սեւակ, ծնած է Սիլիվրի, 28 Փետրուար 1885ին: Նախնական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանին մէջ, ապա կը յաճախէ Պարտիզակի ամերիկեան գիշերօթիկ դպրոցը, ուր երկու տարի աշակերտելէ ետք, 1901ին կը մեկնի Կ. Պոլիս՝ շարունակելու համար իր ուսումը Սկիւտարի նոյնպէս գիշերօթիկ եւ 1876ին հիմնադրուած Պէրպէրեան վարժարանէն ներս, զոր կ՛աւարտէ 1905ին, հայեցի կրթութեան երախտաշատ մշակ, դպրոցի հիմնադիր եւ տնօրէն Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանի մասնաւոր հոգածութեան եւ շունչին տակ:
Նոյն թուականի աշնան, իր ուսուցչապետին՝ Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանի յանձնարարութեամբ, Ռուբէն Սեւակ կը մեկնի Զուիցերիա, Լօզանի համալսարան, բժշկական գիտութեանց հետեւելու նպատակով: Համալսարանի արխիւային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ ան իր ուսումը կը սկսի 1906ի ձմեռնային կիսամեակին՝ արձանագրուելով իբրեւ պաշտօնական ուսանող բժշկական կաճառի: Արդարեւ, այդ տարուան համալսարանի տարեգիրքին մէջ կը կարդանք.
Tchilinguirian, Roupen, de Constantinople, Medecine, Mont-Charmant.
Վերջին տուեալը՝ Mont-Charmant, անշուշտ կեցութեան առաջին հասցէն է, ուր Լօզան ժամանելով բնակութիւն հաստատած է Ռուբէն Սեւակ:
Կ՛արժէ այստեղ առաջին անգամ ըլլալով Լօզանի քաղաքապետութեան արխիւէն մեր գրականասէր հասարակութեան ներկայացնել Զուիցերիոյ մէջ Ռուբէն Սեւակի բնակութեան թոյլտուութիւն ստանալու փաստաթուղթը, որմէ կը քաղենք հետեւեալ տուեալները.
«Ազգանուն – Չիլինկիրեան
Անուններ – Ռուբան կամ Ռուբէն Էֆենտի
Որդին – Հաճի Յո(վ)հան(ն)էսի
Եւ – Արմաւելի (Արմաւենի) Գրաբուսեանի (Գրաբոսեան)
Ծնեալ – 1. 1. (18)86 Կ. Պոլսոյ մօտ՝ Սիլիվրի (տողատակին աւելցուած է նոր տոմարով) 28. 2. 1885
Ծագում – Թուրքիա
Մասնագիտութիւն – Ուսանող
Բնակավայր – Լօզան
Ներկայացուած փաստաթուղթեր – 30. 12. (19)05
Թոյլտուութեան թուական – 31. 1. (19)06
Թոյլտուութեան ժամկէտի աւարտ – 30. 12. (19)06
Լրացուած գումար – Զ. Ֆրանք 3
Վերջին բնակավայր –
Դիտարկում –»:
Այս տարիներուն, Սեւակ կը թղթակցի պոլսահայ մամուլին՝ անոր էջերուն մէջ տպագրելով իր գրական անդրանիկ ստեղծագործութիւնները, իր մերթ զգայուն, մերթ կրակոտ խօսքին, նոր ոճին ու գաղափարին վրայ հետզհետէ հրաւիրելով գրականասէր հայ հասարակութեան ուշադրութիւնը:
Անտարակոյս, հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ սկսած էր փայլիլ նոր աստղ մը, որ ինքնուրոյն լոյս մը կը սփռէր անոր արեւածէգ հորիզոնին վրայ: Թէոթիկ առաջիններէն է, որ կը գնահատէ հայ գրականութեան համաստեղութեան մէջ փայլփլող աստղը՝ անոր մասին ըսելով. «Աթէնա իմաստութեան շիթը դրած է անոր ուղեղին մէջ, Եսկիւլապ՝ բժշկութեան խորհուրդը, Հերմէս ալ՝ կայծը պերճախօսութեան»:
Օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, ամառնային արձակուրդներու բերումով, Ռուբէն Սեւակ 1908ին կը մեկնի Կ. Պոլիս, ուր քանի մը մտաւորական ընկերներու հետ կը ձեռնարկէ «Սուրհանդակ» օրաթերթի հրատարակութեան: Վերստին կը դառնայ Լօզան ու կը շարունակէ իր ուսումը՝ զայն յաջողութեամբ աւարտելով եւ վկայուելով իբրեւ բժիշկ՝ 1911ին:
Արդարեւ, վերոնշեալը հայկական տարեգրութեանց մէջ ընդունուած թուական մըն է իբրեւ Ռուբէն Սեւակի Լօզանի համալսարանը աւարտելու տարեթիւ: Սակայն անոր անունը կը բացակայի 1911ի համալսարանական տարեգիրքին մէջ: Իրողութիւնը այն է, որ ան իր ուսումնառութեան շրջանը կ՛աւարտէ 1910ի ձմեռնային կիսամեակին, այնուհետեւ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը եւ զայն կը պաշտպանէ 1911ին: Նշուած թուականէն մինչեւ 1914, Ռուբէն Սեւակ արդէն որպէս վկայեալ բժիշկ կ՛աշխատի Լօզանի քանթոնալ (նահանգային) հիւանդանոցին մէջ, այսպիսով իր նախընտրած ասպարէզին մէջ գործնականօրէն հարստացնելով իր փորձառական գիտելիքները:

Տակաւին Մայիս 1907ին, Ռուբէն Սեւակ ծանօթացած էր Լօզանի Գեղարուեստից վարժարանի ուսանողուհի Հելեն, Մարի, Աննա, այլ անուամբ՝ Եաննի Ափփելին: Ան ծնած է 1890ին՝ Էրֆուրթ, Գերմանիա, բրուսական ազնուատոհմ եւ բարեկեցիկ ընտանիքի մը յարկին տակ, զոր հիմնած է հայրը՝ Ֆրանց Ափփել, տեղական շրջանակներուն մէջ յարգուած պալատական ոսկերիչ եւ մետաղադրամներու նմուշահաւաքով զբաղող անձնաւորութիւն մը: Հաւանաբար նկատի ունենալով իր զոյգ դուստրերուն՝ Եաննիին եւ անոր կրտսեր քրոջ՝ Միննային, կրթութիւնը զուիցերիական բարձրագոյն դպրոցներէ ներս. ան իր կնոջ՝ Մարի Տէօրրի հետ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած էր Լօզան: Եաննի կը բնակէր իր ծնողքին հետ, մինչդեռ քոյրը՝ Միննան, կ՛ուսանէր Ժընեւի մէջ:
Մայիսեան առաջին իսկ հանդիպումին կայծակնային յորդաբուխ սէր մը բռնկած էր Ռուբէն Սեւակի եւ Եաննիի միջեւ: Սակայն եւ այնպէս, ինչպէս շատերու պարագային, թէ՛ Եաննիի եւ թէ՛ Ռուբէն Սեւակի ծնողները համաձայն չէին այս յարաբերութեան խորացման: Մին իր դուստրին խստիւ կ՛արգիլէ այնուհետեւ հանդիպելու արեւելքցի ուսանողին հետ, իսկ միւսը՝ Ռուբէն Սեւակի հայրը, իր զաւկին օտար ամուսնութիւնը կանխարգիլելու նպատակով կը դադրեցնէ նիւթական բոլոր առաքումները, որոնք կը նպաստէին անոր ուսման եւ ապրուստին: Բայց կեանքը ցոյց տուած է, որ յաճախ նման սպառնալիքներ առաւել եւս կը բռնկեցնեն սէրը եւ իրարու կը զօդեն սիրահար զոյգը՝ մղելով զանոնք թէկուզ ծայրայեղ յամառութեան կամ մեհենական խենդութեան: Այս աստղածորան սիրոյ պերճախօս վկայութիւնը կը հանդիսանայ այն բազմաթիւ ֆրանսերէն լեզուով նամակները, որոնք զոյգը տարբեր առիթներով յղած են իրարու, յատկապէս այն միջոցին, երբ Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի սահմանափակուած էին իրարու հետ ազատ հանդիպելէ: Սոյն գրութիւնները, որոնցմէ ամէն մէկը կը թուի գեղեցկութեան աղօթք մը ըլլալ, ուղղակի հարսնութեան սպիտակաթոյր մարգարիտ կը ցօղեն գրականութեան եւ բարձրագոյն արուեստի դաշտին վրայ:
Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուբէն Սեւակ նկարագրի մարդ էր, իր ներսիդին կը կրէր ասպետական ոգի մը, ուստի ան Ֆրանց Ափփելին եւ կնոջը կը հաւաստիացնէ, որ իր նպատակը լուրջ է, նաեւ Եաննիին հետ իր կապը հեռու է խտղի արկածախանդրութենէ: Արդարեւ ան նպատակադրած է իր ուսումը աւարտելէ անմիջապէս ետք կնութեան առնել Եաննին եւ անոր հետ հիմնել իր արժանավայել ընտանիք մը:
Վերոգրեալ հաստատեցինք, որ Ռուբէն Սեւակ իր ուսումնական շրջանը կ՛աւարտէ 1910ի ձմեռնային կիսամեակին, որ սովորաբար կը տեւէ Սեպտեմբերի սկիզբէն մինչեւ Յունուարի վերջը: Ահաւասիկ եւ, այսպէս, տակաւին իր աւարտաճառը համալսարանի կաճառին չյանձնած, ան 16 Յուլիս 1910ին Եաննիի հետ Լօզանի մէջ կը կնքէ իր քաղաքացիական ամուսնութիւնը. հուսկ նորապսակ ամոլը կը մեկնի Փարիզ, ուր տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ կը ստանայ Ս. պսակի օրհնութիւնը՝ ձեռամբ Վռամշապուհ Ծ. վրդ. Քիպարեանի: Այդ ժամանակ նորապսակ փեսան իր 25 տարիքը, իսկ հարսը հազիւ իր կեանքին 20րդ գարունը կը բոլորէր: Ռուբէն Սեւակ, իբրեւ երաշխիք Եաննիի ծնողաց տուած իր վերոնշեալ խոստումին, իր բժշկական ուսմանց աւարտաճառը կը ձօնէ անոնց՝ տիտղոսաթերթին վրայ նշելով. «Իմ սիրելի ծնողքիս՝ տէր եւ տիկին Ֆ. Ափփելին, Էրֆուրթ»:
Ռուբէն Սեւակի եւ Եաննիի միութեան անդրանիկ պտուղը կ՛ըլլայ Լեւոն Վահագնի ծնունդը Լօզանի մէջ՝ 1912ին:
Ռուբէն Սեւակ անտարակոյս ինչքան ալ լաւ բժիշկ մը ըլլար, միեւնոյն է, իր հոգիին խորքը խոհուն մտաւորականի, գրողի եւ բանաստեղծի մը կոչումն է, որ զինք ուժգնօրէն կը կանչէ: Զուիցերիա, ա՛յո, երկրի վրայ կտոր մըն է դրախտէն, բայց բանաստեղծին համար ամայութիւն է արդարեւ, հաւանաբար 1860ականներուն Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի գրած «Գարուն» բանաստեղծութեան խօսքերով՝ «Գնա՛, անցի՛ր սրտէս ի բաց» մը: Հայ կեանքը, մշակոյթը, մամուլը եւ արեւմտահայ մտաւորականութեան ընտրանին, գիրն ու գրականութիւնը, բազմաթիւ դպրոցներն ու եկեղեցիները, թատրոնն ու երաժշտութիւնը կը ծաղկէին Կ. Պոլսոյ մէջ եւ կախարդական զօրեղ հմայքով զինք դէպի իրեն կը քաշէին: Հայութիւնը հո՛ն էր, որ ամէնէն շատ կը խայտար, եւ անոր ծառայելը իր ինքնութեան եւ կոչումին բաղկացուցիչ եւ էական մասերէն մին կը կազմէր: Ուստի Ռուբէն Սեւակ իր կնոջ՝ Եաննիի եւ փոքրիկ Լեւոն Վահագնի հետ, 1914ի Յունիսի սկիզբը վերջնականապէս Կ. Պոլիս կը մեկնի: Եաննի ութ ամսու յղի էր, երբ Կ. Պոլիս կը հասնի, եւ տակաւին նաւահանգիստէն չհեռացած կ՛ունենայ մահագուշակ կանխազգացում մը ու դառնալով ամուսինին՝ կ՛ըսէ. «Ռուբէն, դառնանք այս շոգենաւով, ես շատ չհաւնեցայ այս երկիրը… սոսկում եկաւ վրաս. չե՞ս տեսներ՝ ոչ մէկուն դէմքը կը ժպտի»:

Եանիի ուրախութիւնը կարճատեւ պիտի ըլլար իր դստեր՝ Շամիրամի ծնունդով, որ իր աչքերը լոյսին կը բանար Կ. Պոլսոյ մէջ 10 Յուլիս 1914ին: Ա. Աշխարհամարտը կանխող, սակայն արդէն չարութեամբ յղի ժամանակաշրջանն էր: Ռուբէն Սեւակ արդէն քաջածանօթ անուն մըն էր Կ. Պոլսոյ հայահոծ շրջանակներուն, մասնաւորաբար համայնքի գրականասէր հասարակութեան մէջ: Տակաւին Պէրպէրեան վարժարանի աւարտական հանդէսին առթիւ ելոյթը՝ «Բաժանման Խօսքեր» խորագրով, կը հանդիսանար իր բանաստեղծական տպագիր առաջին ստեղծագործութիւնը: 1907 ին լոյս տեսած էր իր «Տարի Մը Վերջ» արձակ պատմուածքը, ապա 1910ին՝ «Կարմիր Գիրքը» ժողովածուն: 1913ին Ռուբէն Զարդարեանի հիմնած «Ազատամարտ» թերթին մէջ յաջորդաբար կը հրատարակուի Ռուբէն Սեւակի «Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած Էջեր»ու շարքը, որ արժանաւոր գրող մը ըլլալու պատուանդանին վրայ կը կանգնեցնէ անոր անունը:
Կ. Պոլսոյ մէջ Ռուբէն Սեւակ իսկոյն կը լծուի աշխատանքի, նախ՝ իբրեւ բժիշկ, ապա՝ իբրեւ հրապարակախօս: Բերայի Հայ բժշկական միութեան կազմակերպած միջոցառումներուն կը հմայէ իր ունկնդիրները բազմաթիւ ելոյթներով՝ բժշկութեան, արուեստի, գրականութեան, նաեւ համազգային տարատեսակ հարցերու վերաբերեալ:
Եղո՜ւկ, Լեմանի լիճին վրայ խաղաղ երկինքն ու ջուրերուն զմրուխտը փոխարինուած էին Վոսփորի վրայ հետզհետէ կուտակուող մութ ամպերով: Օսմանեան կայսրութիւնը 2 Օգոստոս 1914ին Կայսերական Գերմանիոյ հետ կնքած գաղտնի պայմանագրով, ի նպաստ Կեդրոնական ուժերուն՝ գերմանա-աւստրիական խմբաւորումին, կը ներգրաւուէր Ա. Աշխարհամարտին մէջ ու իթթիհատական ոճրածին ղեկավարութեան կը ներկայանար եզակի առիթ մը ոչ միայն հետապնդելու Օսմանեան կայսրութեան աշխարհաքաղաքական շահերը, այլեւ լուծելու ազգային ներքին խնդրիները՝ առաջին հերթին Հայկական Հարցը, որ 1878ի Պերլինի վեհաժողովէն ի վեր Դամոկլեան սուրի մը պէս կը մնար կախուած օսմանեան պետութեան գլխուն վրայ: Այսպէս, 1894-1896ին, նաեւ հետեւեալ տարիներուն իրագործուած սուլթանական զանգուածային կոտորածներէն ետք իր մահահանգոյն սկիզբը կ՛առնէր Հայոց Ցեղասպանութեան նոր փուլը, որուն իրագործումը նախապէս վճռած էին իթթիհատական արիւնկզակ պարագլուխները 1915ի Յունուարի կէսերուն իրենց գումարած գաղտնի ժողովին ընթացքին:
24 Ապրիլ 1915ին եւ հետեւեալ օրերուն Կ. Պոլսոյ եւ յարակից շրջաններուն մէջ ձերբակալուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականութեան գողգոթան սկսած էր: Նոյն թուականի Յունիս 15ին, Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղանի մահուան ենթարկուած էին Հնչակեան կուսակցութեան քսան ղեկավարներ: Հրապարակային եղեռնագործութիւնը սահմռկեցուցիչ տպաւորութիւն մը ձգած էր պոլսահայութեան վրայ, ու ամէն ոք այնուհետեւ դժնդակ համոզումով կը տեսնէր ստոյգ աղէտը, որ արագօրէն կը մօտենար հայութեան՝ սփռելով մահ ու աւեր, վէրք ու մոխիր հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վրայ:
Ա. Աշխարհամարտին սկիզբը Ռուբէն Սեւակ զօրակոչուած էր օսմանեան բանակի ծառայութեան, հարիւրապետ սպայի մը աստիճանով եւ իբրեւ բժիշկ, ասպարէզին բերումով տակաւին ձերբակալուած չէր: Բնականաբար ան ստացած ըլլալու էր իր գրչակից եւ մօտիկ ընկերներուն՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ միւս ազնուագոյն գրողներուն ձերբակալութեան բօթը, միեւնոյն է, տակաւին ամէն ինչ նոր էր, արագ, անսպասելի եւ թերեւս արդիւնք էր թիւրիմացութիւններու, որոնց մասին յոյս տածելու էր, թէ գուցէ կը սրբագրուին, կը վերականգնի արդարութիւնը, բարոյաիրաւական արժէք մը, որ մորթուած էր երիտթուրք պարագլուխներու ձեռքով: Մութ ամպերէ ծաթող ուժգին հարուածը, ահն ու սարսափը շանթահարած եւ ամբողջապէս ընդարմացուցած էին պոլսահայ կեանքը:
Չարագուշակ նախազգացում մը համակած էր Ռուբէն Սեւակի հոգին, թէ ուր որ է հերթը իրենն էր հիմա: Սակայն իր հոգիին վեհանձնութիւնը թոյլ չէր տար, որ իր անձին մէջ նուազի ասպետականութեան ոգին, ուստի իր ձերբակալութենէն ու աքսորի մահուան երթէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ ան «Պահչէ գափը» կոչուած պողոտային վրայ հանդիպած էր իր մտաւորական ընկերներէն Տիգրան Չիթունիին, որուն դիմելով հետեւեալը ըսած էր. «Մեզի ամօթ չէ՞, որ մենք դեռ հոս ենք»: Ան կը նախընտրէր երթալ եւ միանալ իր հէգ գրչեղբայրներու փաղանգին, զրկուիլ, տանջուիլ, տառապիլ, թէկուզ զոհուիլ անոնց հետ, գէթ մաքուր եւ հանդարտ պահելու համար իր խիղճն ու հոգին:
22 Յունիս 1915ի չարաբաստիկ գիշերը, Ռուբէն Սեւակ կը ձերբակալուի Կ. Պոլսոյ Բանկալթը շրջանը գտնուող իր բնակարանին մէջ եւ իր շատ մը գրչեղբայրներուն նման կ՛աքսորուի դէպի Չանղըրը: Եաննի, որ իր երեխաներուն հետ ականատեսն է այդ սարսափելի տեսարանին, յաջորդ օրն իսկ, առաւօտեան ժամը 3:30ին, հեռագիր մը կ՛առաքէ Լօզան բնակող իր մօր՝ ահազանգելով. «Մայրի՛կ, անմիջապէս եկուր, Եաննի»:
Բնականաբար կացութեան մասին իրազեկուած մայրը 27 Յունիսին ցամաքի ճամբով կ՛ուղեւորուի դէպի Կ. Պոլիս, ուր կը հասնի 6 Յուլիսին: Ինք եւ իր դուստրը՝ Եաննի, միասնաբար ջանք եւ ճիգ չեն խնայեր Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ ազդու միջամտութեամբ աքսորէն ազատել կարենալու համար Ռուբէն Սեւակը: Եղո՜ւկ, անոնց անձկագին ջանքերը, թափած աղի արցունքն ու գրաւոր եւ բանաւոր բազմաթիւ անձկայրեաց խնդրանքները ուղղուած Հանց ֆոն Վանկենհայմին, որ Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանն էր այդ ժամանակ, կը մնան ապարդիւն: Չէ՞ որ յանձին Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ Թէոպալտ ֆոն Պեթման Հոլվեկի որդեգրած քաղաքականութեան՝ պետութեան բոլոր ներկայացուցիչները երկաթեայ օրէնքով դիւանագիտական երկու սկզբունք պէտք է պահէին.


ա) Կայսերական Գերմանիոյ բարեկամական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ ոչ միայն թրքական կառավարման ներքին հարցերուն պատճառով պէտք չէ խաթարուին, այլեւ ներկայի բարդ ժամանակին մէջ անոնք նոյնիսկ պէտք չէ քննարկուին:
բ) Հայկական Հարցին մասին նախընտրելի պիտի ըլլայ լռել:
Եւ այս քար լռութիւնն է, որ անանցանելիօրէն կը լեռնանայ հէգ կիներուն առջեւ: Կը վկայուի, որ անոնց դեսպանատուն կատարած բազմաթիւ այցելութիւններուն առթիւ դեսպան Վանկենհայմի հետ ընդամէնը մէկ հանդիպում տեղի ունեցած է, որ եղած է բաւական բուռն: Մարի Ափփել գրած է իր ամուսինին, թէ Կ. Պոլսոյ գերմանական դեսպանութիւնը փորձած է իրենց «որոշ չափով» օգտակար դառնալ, այսինքն առանձնապէս հասկնալի է, որ փաստօրէն շօշափելի ոչինչ կրցած է ընել:
Միւս կողմէ, Զուիցերիոյ մէջ Ռուբէն Սեւակի աները՝ Ֆրանց Ափփել, չի զլանար իր փեսան աքսորէ ազատելու նպատակով նոյնպէս դիմելու զանազան հասցէներու: Ան լսած է վիրաբոյժ փրոֆ. Իսրայէլիի մը մասին, որ կը ղեկավարէր Գերմանիոյ Ենա քաղաքի դքսութեան պետական հիւանդանոցը, որուն մասին նաեւ կ՛ըսուէր, թէ լաւ կապեր ունէր օսմանեան պալատական շրջանակներուն հետ: Ֆրանց Ափփել երկար նամակով մը կը դիմէ անոր ու կը ջանայ բացատրել ստեղծուած ծանր կացութիւնը: Ան կը խնդրէ, որ փրոֆ. Իսրայէլի իր փեսային համար աշխատանքի տեղ մը հայթայթէ Ենա քաղաքի իր ղեկավարած հիւանդանոցին մէջ, այսպիսով փրկութեան յոյս մը տեսնելով Ռուբէն Սեւակի ազատ արձակման համար: Սակայն արդէն ուշ էր. փրոֆ. Իսրայէլի 21 Օգոստոսին գրած իր պատասխանին մէջ կը յայտնէ, թէ հարցին կրնար օգտակար ըլլալ երբ ինք տակաւին Կ. Պոլիս կը գտնուէր, սակայն հիմա վերադարձած է Ենա ու չի կրնար Ռուբէն Սեւակը իր հիւանդանոցին մէջ աշխատանքի ընդունիլ, քանի որ ան չի տիրապետեր գերմաներէնին: Բաց աստի, փրոֆ. Իսրայէլի նոյն նամակով նաեւ կը հաղորդէ. «Դժուարութիւնը կը կայանայ պահանջուած այն երաշխիքով, որ ձեր փեսան պատերազմի ամբողջ ընթացքին Գերմանիայէն չհեռանայ: Իսկ այս երաշխիքը ոչ ոք կրնայ տալ, նոյնիսկ եթէ ձեր փեսան աշխատանք գտնէ Գերմանիոյ մէջ»:
Վերոնշեալ այս երաշխիքին վերաբերեալ 5 Հոկտեմբեր 1915ին Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ տուած մէկ զեկոյցը կը տեղեկացնէ.
«Տիկին տոքթ. Չիլինկիրեանն ու իր մայրը՝ տիկ. Ափփել այնուհետեւ քայլերու ձեռնարկեցին՝ թոյլտւութիւն ստանալու, որ ան (Ռուբէն Սեւակ) վերադառնայ այստեղ ու տեղափոխուի Գերմանիա: Այնուամենայնիւ, թրքական իշխանութիւնները երկու (դիմումներն) ալ մերժեցին, քանի որ, ինչպէս կը պարզուի պատկան պաշտօնեաներու արտայայտութենէն, անոնք տոքթ. Չ(իլինկիրեանը) կը համարէին մին «այն մտաւորականներէն», որոնց զանգուածներու վրայ ունեցած մեծ ազդեցութենէն կը վախնային: Ինչպէս այստեղ յայտնեց տիկին Ափփելը, ոստիկանութեան յայտնի տնօրէն Պետրի պէյը ըսած է, որ տոքթ. Չ(իլինկիրեանին) կարելի էր թոյլ տալ մեկնելու Գերմանիա՝ իր լաւ վարքի բաւարար երաշխիքով, բայց երբ Պետրի պէյին այդ մասին հարցուց կայսերական (Գերմանիոյ) դեսպանատան պաշտօնեաներէն մին, ան հերքեց այդ ուղղութեամբ ըրած որեւէ յայտարարութիւն»:
Այս ընթացքին, Չանղըրըի աքսորավայրին մէջ Ռուբէն Սեւակին կը ներկայանայ ոսկի առիթ մը ստոյգ մահէ ազատելու համար իր կեանքը: Ան բուժած էր Չանղըրըի իթթիհատական չէթէճի կառապան Իսմայիլին աղջիկը, որ սիրահարած էր Ռուբէն Սեւակին՝ զինք խնամելու միջոցին: Ան կ՛աղաչէ իր հօրը ամուսնացնելու զինք հմայիչ բժիշկին հետ: Թուրքը իր մօտ կը հրաւիրէ Ռուբէն Սեւակը եւ խորհրդապահաբար կը բացատրէ, որ ան եւ ընկերները մահուան դատապարտուած են, բայց ինք կարողութիւնը ունի, ի նշան երախտագիտութեան, փրկելու անոր կեանքը, պայմանաւ որ կնութեան առնէ իր դուստրը.
«Աղջիկս մահէն ազատեցիր եւ աղջիկս շատ ուրախ է քեզի պէս բժիշկ մը ճանչնալուն համար եւ քեզի սիրահարած է՝ հետդ ամուսնանալ կ՛ուզէ: Եթէ ընդունիս իսլամանալ եւ ամուսնանալ աղջկաս հետ, կ՛ազատեմ քեզ անոր սիրոյն համար», կ՛ըսէ ան:
Ռուբէն Սեւակ կ՛առարկէ՝ դիտել տալով, որ ինք ամուսնացած է եւ երկու զաւակի հայր է:
«Վնաս չունի, մեր կրօնքին համար ամուսնացած ըլլալը անպա-տեհութիւն մը չէ», կ՛ըսէ Իսմայիլ:
Արդարեւ, իսլամութիւնը կ՛արտօնէ միաժամանակ քանի մը կին ունենալ, պայմանաւ որ ենթական ապահովել կարենայ այդ կիներուն ապրուստը:
Ռուբէն Սեւակի ասպետական ոգին մեզ կը յիշեցնէ մեր առասպելաբանութեան անզուգական հերոսներէն Արա Գեղեցիկը, որ իր կնոջ՝ Նուարդի սիրոյն եւ հաւատարմութեան, պատերազմի մէջ կը զոհէ իր անձը Ասորեստանի բորբորիտոն եւ վաւաշոտ թագուհիին անսանձելի կիրքերուն:
Երբ Սեւակ իր տարաբախտ ու ճակատագրակից ընկերներուն կը տեղեկացնէ իրեն ներկայացուած առաջարկը, անոնք անվարան խորհուրդ կու տան գոնէ ժամանակաւոր միջոցի մը համար ընդունելու զայն, առերես իսլամանալու միջոցաւ կնութեան առնելու աղջիկը եւ այսպիսով ազատելու իր կեանքը: Ռուբէն Սեւակ կտրականապէս կը մերժէ կրօնափոխութիւնը. «Կա՛մ պէտք է, որ գրական անուանս պէս հոգիս ալ սեւցնեմ եւ կամ մեռնիմ: Ուխտած եմ մեռնիլ, բայց երբեք հոգիս չսեւցնել (…) Թրքանալը նուաստանալ է (…) Մահը աւելի լաւ է իսլամանալէ»:
Այս էր Ռուբէն Սեւակի անյողդողդ կեցուածքը: Ինչպէ՞ս պիտի կարենար նայիլ աչքերուն այն գերմանուհիին, զոր կը պաշտէր, իր զոյգ զաւակներուն կեանք պարգեւած դիցուհին, որ աստղածորան սէր կը ցօղէր իր հոգիին, եւ որուն ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ մոգական արուեստին վերազանցական ներշնչումներով կը պարուրէր իր բովանդակ մտահայեցողութիւնը, երբ խիղճը բռնաբարուած եւ ծանրաբեռնուած էր անհաւատարմութեան եւ դաւաճանութեան կուպրաներկ մրուրով: «Մեռնիլ, քնանալ, ոչինչ աւելի»՝ ասպետական Համլետի մը ոգին է, որ կը յառնէր Ռուբէն Սեւակի անձին մէջ՝ պատիւով մեռնիլ, բայց չսեւցնել միտքն ու հոգին այն գրական անունին նախածանցին պէս, որ չար բախտին բերումով ընտրած էր ինք իբրեւ գրական ինքնութիւն, բայց միաժամանակ՝ անմահութիւն:
26 Օգոստոս 1915ին, Այաշ տանող ճանապարհին Թիւնէյի մօտ, Ռուբէն Սեւակ իր բախտակից ընկերներուն՝ Դանիէլ Վարուժանի, Օննիկ Մաղազաճեանի, Վահան Քէհէյեանի եւ Յարութիւն անունով հացթուխի մը հետ կը նահատակուի:
Ռուբէն Սեւակի նահատակութեան գոյժը Չանղըրըի կառավարիչը հեռագրով մը Կ. Պոլիս կը հաղորդէ 30 Օգոստոս 1915ին: Գերմանական դեսպանատան պաշտօնեան Սեպտեմբերի կէսերուն միայն բօթը կը յայտնէ Ռուբէն Սեւակի այրիին: Ցաւատանջ ու սարսափահար Եաննին կ՛որոշէ իր մօր եւ զաւակներուն հետ իսկոյն հեռանալ այն անիծեալ ու ոճրապարտ երկրէն, որ պատճառ եղած էր իր սիրասուն ընտանիքի ծանր դժբախտութեան: Երկիր մը, ուր անյայտ կը թողուր նոյնիսկ իր ամուսինին գերեզմանը՝ զրկելով զինք արժանավայել սգալու անոր մահը եւ իր վշտակոծ սիրոյ արցունքներով ոռոգելու անոր հողակոյտը:
16 Սեպտեմբեր 1915ին, Եաննի իր մօր եւ զաւակներուն հետ կը լքէ Կ. Պոլիսը եւ շոգեկառքով կը մեկնի Զուիցերիա: Սակայն մեկնելէ առաջ ան նորէն դիմելով դեսպանատուն՝ կը խնդրէ որոնել Ռուբէն Սեւակի նշանտուքի եւ ամուսնութեան մատանիները, շապիկին բազպանները միացնող ոսկի ճարմանդները, ինչպէս նաեւ «Էրֆուրթի գործարանի մակնիշով» պայուսակը: Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ գերմանական դեսպանատունէն 8 Դեկտեմբեր թուակիր նամակ մը կը հաղորդէ, թէ Ռուբէն Սեւակի վերոգրեալ մատանիները, ինչպէս նաեւ ճարմանդներէն մին գտնուած են եւ թէ անոր մահը իրականացած է փամփուշտէ յառաջացած վէրքի հետեւանքով: Բնականաբար սոյն տեղեկութիւնը գերմանական դեսպանութեան հաղորդուած է օսմանեան ներքին գործոց նախարարութեան նենգափոխուած թղթածրարով, որ բնաւ չի համապատասխաներ յանցագործութեան իրողութեան: Ռուբէն Սեւակ եւ իր տարաբախտ ընկերները Այաշ տեղափոխելու ծրագիրը ուղղակի խաբէութիւն մըն էր, նախօրօք ճշգրտօրէն մշակուած ոճիր մը: Նախապէս դարանակալած ճիւաղներ վերոգրեալ մահահոտ վայրին մէջ դուրս գալով իրենց որջերէն՝ մօտակայ ծառուտի մը մօտ կը բերեն իրենց հինգ զոհերը: Զանոնք վերահսկող թուրք ոստիկանները կը խուզարկեն զոհերը, կը կողոպտեն անոնց անձնական իրերը ու կը հեռանան, մինչ միւս դահիճները կը յարձակին զոհերուն վրայ, զանոնք գրեթէ քով-քովի կը կապեն ծառերուն, ապա մերկացնելով իրենց դաշոյնները կը սկսին «դանդաղօրէն ու հանդարտ» մորթոտել հայ մտքի ու գրականութեան այդ անմահանուն հանճարները:
Նահատակ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի գրական կարեւոր առաջադրանքներէն մին եղած էր առանձին հատորներով համախմբել եւ հրատարակել «Սիրոյ Գիրքը», «Քաոսը» եւ «Վերջին Հայերը», փաստօրէն՝ ժողովածուները իր բազմաթիւ արձակ եւ չափածոյ այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք տարբեր շրջաններուն հրապարակուած էին Կ. Պոլսոյ զանազան հանդէսներու եւ պարբերականներու էջերուն մէջ: Սակայն անագորոյն մահը, ստոյգ ուրիշ շատ մը արուեստի եւ գրական փայլուն ցոլքերու շարքին, ոճրագործներուն արիւնաթաթախ ձեռքերով անջատեց Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործական երկունքին թելը, զգետնեց մտքին թռիչքը, միեւնոյն ատեն անկատար թողուց նաեւ իր այնքան փայփայած այս ծրագրին իրականացումը:
Եաննի քաջ գիտէր, որ Կայսերական Գերմանիան, ըլլալով պատերազմի դաշնակից օսմանեան Թուրքիոյ, ուղղակի մեղսակից է Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման: Ան իր սիրելի ամուսինին կենդանի օրինակով միանգամայն համոզուած էր այս աննախընթաց եւ տխուր եղելութեան: Ուստի Լօզան վերադառնալէ ետք, 27 Հոկտեմբեր 1915ին, Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանին կ՛ուղղէ հետեւեալ նամակը, որ հասցէին կը հասնի 9 Նոյեմբեր 1915ին.
«Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանութիւն Կ.Պոլիս
Թոյլ տուէք համակ նուիրումով ներկայացնել հետեւեալ խնդրանքը.
Թրքական պաշտօնէութեան մօտ ազդու կերպով վերստին միջամտելով ապացուցեցէք (հայոց դէմ ուղղուած) սարսափելի զրպարտութիւններուն անիրականութիւնը: Ազդու հարամանով մը ազատեցէք, ինչ որ (դեռ) կարելի է փրկել: Անմեղ կանանց, երեխաներու, հիւանդներու եւ ծերերու արիւնը, որ մինչեւ երկինք կը պոռայ, Գերմանիոյ վրայ անէծք կրնայ բերել, եթէ ան չընէ այն ամէնը, ինչ որ կը գտնուի իր երկաթեայ ուժերուն ներքեւ:
Ամենախորին ակնածանքով, բոլորանուէր կը ստորագրեմ՝
Հելեն Չիլինկիրեան, ծնեալ՝ Ափփել
27 Հոկտեմբեր 1915»:
Արդարեւ, Հանց ֆոն Վանկենհայմ 26 Հոկտեմբեր 1915ին կաթուածահար կը մահանայ եւ կը թաղուի Կ. Պոլսոյ գերմանական գերեզմանատան մէջ: Դեսպանի պաշտօնով իրեն կը յաջորդէ Փաուլ Վոլֆֆ Կրաֆ Մեթթերնիխ, որ մեծ հաւանականութեամբ կը ծանօթանայ նամակին բովանդակութեան: Իսկութեան մէջ, Մեթթերնիխ հերթական անգամ կը փորձէ չափաւորող ազդեցութիւն գործադրել երիտթրքական եռապետութեան վրայ: Սակայն իր փորձերը՝ մեղմելու Բարձր Դռան սանձազերծած հակահայ քաղաքականութիւնը, միաժամանակ համոզելու գերմանական կառավարութիւնը, որպէսզի իր ազդեցութիւնը բանեցնէ երիտթուրք իշխանութիւններուն վրայ՝ բռնարարքներն ու կոտորածները դադրեցնելու իմաստով, ապարդիւն կը մնան: Պարզ է, որ ան որեւէ աջակցութիւն չկրցաւ ստանալ Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետէն, իսկ օսմանեան կառավարութիւնը առաւել եւս կը դժգոհէր Հայկական Հարցով անոր միջամտութիւններուն համար, որուն հետեւանքով դեսպան Մեթթերնիխ ազատ կ՛արձակուի իր պաշտօնէն 3 Հոկտեմբեր 1916ին:
Վերոգրեալ նամակը Եաննիի վերջին փորձն էր ցեղասպանուող արեւմտահայութեան ի նպաստ բողոքելու Կայսերական Գերմանիոյ պատկան մարմիններուն դէմ, գերհզօր պետութիւն մը, որուն քաղաքացին էր ինք իր ծնունդով եւ ցեղային ժառանգականութեան իրաւունքով: Բայց անարդարութեան եւ դիւանագիտութեան քստմնելի առաջադրանքները՝ միայն առաւելութիւններ ու շահեր ապահովելու համար, նոյնիսկ եթէ անոնք կ՛ոտնահարէին միլիոնաւոր մարդոց դիակները՝ փոշիացնելով այլ ազգերու մարդկային իրաւունքները, պժգացուցած էին զինք եւ ամբողջութեամբ սպառած գերմանուհի մըն ըլլալու հպարտութեան վերջին պաշարը:
Կ. Պոլիսէն հեռանալէ շուրջ ամիս մը ետք, 14 Հոկտեմբեր 1915ին Եաննի Լօզանի մէջ կը դիմէ Զուիցերիոյ պատկան մարմիններուն՝ բնակութեան թոյլտւութիւն ստանալու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան համար պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունի այս փաստաթուղթը ոչ միայն Եաննիի եւ իր զաւակներուն Զուիցերիա վերադարձի ճիշդ թուականը ճշդելու իմաստով, այլ որովհետեւ այնտեղ որոշապէս նշուած է իր այրի ըլլալու պարագան, նաեւ իր ծագումը կամ ազգային ինքնութիւնը: Ֆրանսերէնի մէջ «originaire de» բառացիօրէն կը նշանակէ «ծագումը» անձի, վայրի կամ իրի մը: Ուստի բնակութեան թոյլտուութիւն ստանալու այս հարցաթերթիկին հաղորդած տեղեկութիւնը միանշանակ նկատի ունի դիմորդին ազգային ինքնութիւնը կամ երկիրը ուրկէ ինք նախապէս կու գայ: Հետեւաբար կը կարդանք.
«Ազգանուն – Չիլինկիրեան
Անուններ – Մարի, Հելէն (տողավերեւը աւելցուած), Անն(ա), ծնեալ՝ Ափփել եւ զաւակունք
Զուգակից – Այրի
Դուստրը – Ֆրանսուա Ափփելի
Եւ – Մարի՝ ծնեալ Տէօրրի
Ծնեալ – 16. 6. (18)90 Էրֆուրթ
Ծագում – Հայաստան, գերմանական (այս բառը երեք գծիկներով ջնջուած է եւ տողատակին աւելցուած է) Թուրքիա
Մասնագիտութիւն –
Բնակավայր – Լօզան
Ներկայացուած փաստաթուղթեր – 14. 10. (19)15
Թոյլտուութեան թուական – 14. 10. (19)15
Թոյլտուութեան ժամկէտի աւարտ – 14. 10. (19)16
Լրացուած գումար – Զ. Ֆրանք 3
Դիտարկում – 12. 3. (19)20 Սեպտեմբեր 1ին տեղեկացնել, եթէ տիկ. Չ(իլինկիրեան) բնակութեան թոյլտւութիւն ստանայ»:
Սոյնը միանշանակ կը վկայէ այն ուշագրաւ իրողութեան մասին, որ Եաննի Ափփել իր ամբողջ գիտակցութեամբ եւ ամենախորին համոզումով այսուհետեւ կը մերժէ պահել գերմանացիի այն ինքնութիւնն ու ազգային պատկանելութիւնը, որուն տոհմային ժառանգորդն էր իր ծնունդով եւ սերնդական իրաւունքով: Այնուհետեւ ան ինքզինք ամբողջապէս կը նոյնացնէ հայկական ինքնութեան, ցեղասպանուած այն ազգին հետ, որուն ազնուագոյն զաւակներէն մին էր իր ամուսինն ու սիրասուն զաւակներուն հայրը՝ Մեծ Եղեռնի լուսապսակ նահատակ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակը:
Եաննի իր բովանդակ էութեամբ միացած էր իր սիրելի ամուսինին, դարձած էր անոր հետ մէ՛կ մարմին եւ հոգի, իսկ հիմա, երբ մահը կը փորձէր անանցանելի վիհ մը ստեղծել ամուսիններու միաձուլուած հոգիներուն միջեւ, ան իր կանացի բնազդին խորհրդաւոր ուժով սիրոյ երփնագեղ կամար մը կը հիւսէր անջրպետին վրայ, երկրէն դէպի երկինք, նիւթեղէնէն դէպի աննիւթականը, դէպի հոգեւորն ու յաւիտենականը:
Յատկանշական է, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, արդէն 1918ին Լօզանի մէջ հաստատուած էր հայկական ներկայացուցչական գրասենեակ մը: Ժաննի իսկոյն կը դիմէ այդ գրասենեակը, ուրկէ 28 Մարտ 1919ին իր սիրասուն զաւակներուն հետ միասին կը ստանայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն՝ ամուսնութեան ճամբով: Հայաստանի քաղաքացիութեան այդ փաստաթուղթին վրայ իր անունը ֆրանսերէնով արձանագրուած է «Mme Veuve (այրի տիկին) H(elene) M(arie) A(nna) J(anni) Tchilinguirian», իսկ զաւակներուն անունները՝ «Leon Vahakn Tchilinguirian» եւ «Semiramis Tchilinguirian»: Նոյն տարին, Եաննի Չիլինկիրեան Սեւակ զաւակներուն հետ կը մեկնի Փարիզ, ապա աւելի ուշ, մինչեւ իր փոթորկալից կեանքին վախճանը, կ՛ապրի Ֆրանսայի հարաւարեւելեան շրջանը՝ Միջերկրական ծովու ափին գտնուող Նիս քաղաքը: Ան իր մահկանացուն կը կնքէ 28 Դեկտեմբեր 1967ին, եւ համաձայն իր փափաքին՝ թաղման կարգը կը կատարուի Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ:
Եաննի իր գրգասուն անձին օրինակով կը վկայէ՝ «Զի սէրը զօրեղ է քան մահը»: Արդարեւ, 1910ին, երբ Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի Ափփել Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ յաւիտենական սիրոյ եւ միութեան խորհրդանիշ պսակը իրենց գլխուն վրայ եւ ձեռք-ձեռքի բռնած կեցած էին Սուրբ խորանին առջեւ, հայ հոգեւորականը ստոյգ «Մինչեւ մահը բաժնէ ձեզ» աղօթքը իրենց համար չէր ըսեր: Նաեւ ոչ իսկ Եաննիի յուղարկաւորութեան՝ «Հող էիր եւ հող դարձիս» հաստատումը իրեն եւ իր ամուսնոյն համար չէ ըսուած, զի ճշմարիտ սիրոյ եւ սիրողներուն միութիւնը ո՛չ մահը եւ ո՛չ ալ ժամանակը կրնան տրոհել: Մարդկային սէրը կը դառնայ վերազանցական երեւոյթ, կ՛ըլլայ մահէն ալ հզօր ու գերազանցապէս զայն յաղթահարելով այնուհետեւ կը թեւակոխէ աստուածային ոլորտ:
Ալպեան լեռներու բարձրադիր լանջերուն, ուր սպիտակաթոյր «էտըլվայս»ը կը ծաղկի, կը գտնուի Շամբերի գիւղը: «էտըլվայս» վառ աստղաձեւ այն եզակի ալպեան ծաղիկն է, որ ալպեան ժողովուրդներուն քով եւ միջազգային գրականութեան մէջ դարձած է սիրոյ, քաջութեան եւ յաւիտենութեան խորհրդանիշ: Այդ ժամանակ, ինչպէս շատ մը սիրահար ուսանողներ, նոյնպէս Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի համալսարանական տարիներուն յաճախ կ՛երթային Շամբերի՝ հոն ըմբոշխնելու իրենց ազատութիւնը եւ փոխադարձաբար զգալու իրենց հայեացքին մէջ փայլքը ճշմարիտ ու յաւիտենական սիրոյ: 20 Օգոստոս 1910ին, Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի վերստին Շամբերի մեկնած են վայելելու իրենց ամուսնութեան մեղրալուսինը: Այնտեղ է, որ Ռուբէն Սեւակ թուղթին յանձնած է իր սիրային ամենագողտրիկ բանաստեղծութիւններէն մէկը, որուն տուած է «Սիրոյ Եւ Մահուն Երգը» խորագիրը: Արդարեւ սէր մը, որ վճիտ է ու վսեմ եւ հզօր է մահուան պէս:
Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի պէս,
Ուր խաւարներ կը փոթորկին մոլեգին,
Երկու աչերդ՝ աստուածներու սկիհին պէս,
Տուր ինձ անոնց մէջ սրբացնել իմ հոգին.
Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի պէս…
Եկո՛ւր ինծի, քեզ կ՛ըղձայ շունչըս անզօր.
Եկո՛ւր, ես մութ բաներ պիտի քեզ ըսեմ,
Սիրոյ պէս քաղցըր ու մահուան պէս հըզօր.
Գերեզմանիս լացող սիւքին պէս նսեմ,
Եկո՛ւր ինծի, քեզ կ՛ըղձայ շունչըս անզօր… (Ռ. Սեւակ)
Ժընեւ