ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Դիւանագիտական աղբիւրներ թրքական «Ռատիքալ» թերթին յայտնած են, որ աշնան Միացեալ Նահանգներ մեկնիլ պատրաստուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է քննել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վերաբերող Թուրքիոյ թեզերը նոյնպէս:
Թերթը հաղորդած է, որ Էրտողանի հիմնական օրակարգային հարցերը կը հանդիսանան նաեւ Քրտական բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարի եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրներու խնդիրները: Կ’ենթադրուի, որ Էրտողան փորձէ նորոգել երկու տարի առաջ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական հայեցակարգի փաստաթուղթը: