ԱՆԹԻԼԻԱՍ – «Կիրակի, 5 Օգոստոսը տխուր օր մըն էր քրիստոնեայ համայնքին համար: Ցաւով ու մտահոգութեամբ հետեւեցայ Մեթնի ընտրութիւններուն, հարց տալով՝ ինչո՞ւ այս կիրքը ու փոխադարձ զրպարտութիւնը, չէ՞ինք կրնար խուսափիլ ստեղծուած այս լարուած կացութենէն: Վստահաբար կրնայինք: Սֆէյր պատրիարքը աշխատեցաւ փոխադարձ հասկացողութիւն մը յառաջացնելու համար: Ես իմ կարելիս ըրի՝ յատկապէս վերջին շաբաթը: Ուրիշներ եւս ճիգ թափեցին: Սակայն, Մեթնի քրիստոնեաները բաժնուած ոգիով ուղղուեցան քուէատուփ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, թէ իրեն համար «քուէարկութեան արդիւնքը երկրորդական է. մտահոգիչը քրիստոնէական բաժանուածութիւնն է ընդհանրապէս Լիբանանի ու մասնաւորաբար Մեթնի մէջ ու այդ բաժանուածութեան համայնքային ու քաղաքական հետեւանքները»:
Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ.- «Թող ո՛չ ոք տօնէ իր յաղթանակը: Յաղթող չկայ. քրիստոնէութեան միութիւնն է, որ պարտուեցաւ բաժանումին դէմ: Թող ո՛չ ոք քաւութեան նոխազ փնտռէ հոս ու հոն: Քրիստոնեայ բոլոր քաղաքական ուժերը պատասխանատու են, հաւասարապէս, ներկայ տխուր կացութեան գծով: Որովհետեւ անոնք միայն իրենց անձնական ու կողմնակի շահերը հետապնդեցին, քրիստոնէական հաւաքական շահը անտեսեցին, եւ ժողովուրդը օգտագործեցին ու իրարու դէմ գրգռեցին: Թող ո՛չ ոք ինքզինքին արտօնէ Լիբանանի հայութեան արժանապատուութեան դէմ խօսիլ: Ընտրութիւններու ընթացքին կատարուած երբեմն ջղային ու երբեմն անճիշդ արտայայտութիւնները ընտրութիւններու առնչուած խնդիրներու մասին, կը հասկնամ: Սակայն, անընդունելի կը նկատեմ ոմանց կողմէ հայ համայնքի հասցէին կատարուած անճիշդ վերագրումները եւ անհիմն զրպարտութիւնները: Լիբանանի հայութեան պատմութիւնը ու ազգային կեցուածքը ծանօթ է բոլորին: Լիբանանի հայութիւնը պէտք չունի ոեւէ մէկէն հայրենասիրութեան դաս առնելու. Լիբանանի հայութիւնը ինք հայրենասիրութեան տիպար մըն է»:
Արամ Ա. կաթողիկոս վերահաստատելով հայ համայնքին ամբողջական յանձնառութիւնը քրիստոնէական միութեան ու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան, ըսաւ.- «Որպէս անբաժան մասը լիբանանեան ընտանիքին, Լիբանանի հայութիւնը վերանորոգ կամքով պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ամբողջականութեան ու միութեան վերականգման բոլոր աշխատանքներուն: Անթիլիասի մէջ հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով, Լիբանանի հայութիւնը սիրտը ըլլալով Սփիւռքի հայութեան, Լիբանանի հզօրութեան համար պիտի շարունակէ աշխատիլ նաեւ արտաքին ճակատի վրայ»:
Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց «հեռու մնալու գրգռութիւն յառաջացնող խօսքերէ եւ երկխօսութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան ճամբով նոր էջ մը բանալու քրիստոնեայ համայնքի կեանքէն ներս: Այս ուղղութեամբ եկեղեցին կարեւոր դեր ունի կատարելիք: Քրիստոնէական ներքին համերաշխութիւնը առանցքն է քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ու Լիբանանի միութեան ու հզօրութեան», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: