Շաբաթ 25 Նոյեմբեր 2006ին, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ասորի Ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ճորճ Սալիպա եպիսկոպոսին։ Մետրոպոլիտ Սալիպա եկած էր պաշտօնապէս վեհափառը տեղեակ պահելու Եգիպտոսի մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի երեք ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու տարեկան հանդիպման արդիւնքներուն մասին։
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։ Ապա հանդիպման միացաւ նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհ. քարտուղար Կրկէս Սալեհ, որու հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան առաւելաբար Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին առնչուող կարգ մը հարցերու շուրջ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Թեհրանի Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան։