ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 4ին, Մոսկուայի երաժշտութեան միջազգային տան մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի ձայներ» համերգը, որ կազմակերպած էին Ռուսիոյ Հայերու միութիւնը եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: Համերգի կազմակերպման աշխատանքներուն աջակցած է նաեւ աշխարհի նշանաւոր երաժիշտներէն Վլատիմիր Սփիվաքով:
1500 հանդիսականներուն շարքին էին հայ համայնքի եւ ռուս մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ:
Համերգի առաջին մասով ներկայացուեցան երաժշտական բեմականացումներ ղարաբաղեան գիւղի աւանդութիւններու եւ կեանքի թեմաներով, իսկ երկրորդ մասով ներկայացուեցան Արցախի ժողովրդական երաժշտութիւնը եւ մանկական երգչախումբի ելոյթը:
Նշենք, որ համերգը սկսելէ առաջ խումբ մը ատրպէյճանցի երիտասարդներու կողմէ համերգը խափանելու փորձ կատարուեցաւ, որ սակայն չէզոքացուեցաւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ: