
ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ*
Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը «Նեմեսիս» գործողութեամբ կ՛ահաբեկէ Թալէաթ փաշան:
Թալէաթի ահաբեկումով հայը դարձեալ ցոյց տուաւ աշխարհին, որ կը մնայ պահանջատէր իր արդար դատին: Մէկ գնդակի հարուածով, Սողոմոն Թեհլիրեան արթնցուց հազարաւոր հայերու պայքարի ոգին, եւ Դաշնակցութիւնը իրականացուց նոր դատավճիռներ՝ պատժելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած թուրքերը:
Թեհլիրեան մէկ փամփուշտով գետին փռեց ցեղասպան Թալէաթը եւ երբ դատարանի ժամը հասաւ, անպարտ արձակուեցաւ խիզախ վրիժառուն: Արդարեւ, ան քաջ կը գիտակցէր, որ իր գործադրած դատավճիռը համայն հայութեանն էր, ան քաջ կը գիտակցէր, որ ինք մարդ սպաննած էր, բայց մարդասպան չէր: Թեհլիրեան իսկական դաշնակցականի կերպարը ունէր, ան միշտ հաւատարիմ եւ կարգապահ էր իր կուսակցական երդումին՝ կատարելով իր կարելին իր ազգին ու հայրենիքին համար:
Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ միշտ կարեւոր դեր ունեցած է «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որ ցոյց կու տար, թէ հայը տակաւին պահանջատէր է իր արեան:
Սողոմոն Թեհլիրեան երբ ահաբեկեց Թալէաթը, յոյս ներշնչեց յուսահատ ժողովուրդին, հայուն վերադարձուց անոր արժանապատուութիւնը:
Այս ահաբեկման գործողութիւնը դարձաւ աշխարհահռչակ գործողութիւն մը՝ վրէժը լուծելով մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակներուն:
Այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ հայ ժողովուրդը կարիքը ունի նոր թեհլիրեաններու, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ կը գործեն նոր թալէաթներ: Պէտք է միանանք՝ դառնալով մէկ ուժ, մէկ նպատակի համար, կերտելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
* ՀՅԴ ԼԵՄի
«Րաֆֆի» մասնաճիւղէն