ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Հինգշաբթի 30 Նոյեմբեր 2006ի առաւօտուն ճամբայ ելաւ դէպի Միացեալ Նահանգներ։ Վեհափառը հրաւիրուած է հետեւեալ դասախօսութիւնները տալու Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ.- Առաջին՝ Ինտիանայի նահանգային համալսարանի եւ Նոթրը Տէյմ համալսարանի միացեալ կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք միջազգային համագումարին՝ իբրեւ գլխաւոր դասախօս։ Երկրորդ դասախօսութիւնը պիտի տայ Իլլինոյ նահանգի Սէնթ Ճոնզ համալսարանին մէջ։ Դասախօսութենէն յետոյ վեհափառ հայրապետը պիտի ստանայ Pax Christi շքանշանը, որ ճանչցուած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ակադեմական բարձրագոյն շքանշաններէն մէկը։
Վերոյիշեալ դասախօսութիւններէն առաջ, վեհափառը պատգամ մը պիտի ուղղէ Տիթրոյիթի մէջ Կիլիկեան թեմերու Ազգային առաջնորդարաններուն կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական համագումարին։
Վեհափառին Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը պիտի տեւէ մէկ շաբաթ։