ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հաշմանդամներու հարցերով զբաղող «Փիւնիկ» հասարակական կազմակերպութիւնը 2007ի Յունուարի վերջին օրերուն պիտի իրականացնէ «Երեւանի եւ Գիւմիրի մէջ հաշմանդամներու համար արուեստի եւ արհեստի կեդրոններու ստեղծում» ծրագիրը:
Այս մասին Դեկտեմբեր 28ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց կազմակերպութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեան եւ նշեց, որ ծրագիրի նպատակն է անպաշտպան հաշմանդամներու համար աշխատատեղեր ստեղծել:
Ծրագիրի առաջին փուլին պիտի ընդգրկուին մօտ 150 հաշմանդամներ, որոնք պիտի ուսուցանեն 5 մասնագիտութիւններ՝ քարի եւ փայտի վրայ փորագրութիւն, կաւագործութիւն, ասեղնագործութիւն եւ ձեռագործ: Ծրագիրի իրականացման համար «Վիվա Սել» ընկերութիւնը տրամադրած է 39.5 միլիոն դրամ, «Փիւնիկ»ը՝ 5.5 միլիոն դրամ, ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրը՝ 2.5 միլիոն դրամ: