ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Հարաւային Աֆղանիստանի մէջ կը շարունակուին բազմազգեան ուժերուն դէմ յարձակումները, որոնց հետեւանքով խաղաղապահները սկսած են կորսնցնել իրենց համբերութիւնը եւ երբեմն անխնայ կրակ կը բանան անմեղ քաղաքացիներուն վրայ։
Արդարեւ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 3ի առաւօտեան, անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցաւ Քանտահար քաղաքին մէջէն անցնող բազմազգեան ուժերու շարասիւնի մը դէմ: Դէպքին վայրէն փախուստ տուած բազմազգեան ուժերը իրենց զրահամեքենաներէն կուրօրէն կրակ բացին իրենց հանդիպած քաղաքային ինքնաշարժներուն վրայ։
Բազմազգեան ուժերու բանբեր մը ըսաւ, որ իրենց ուժերէն վիրաւորուած են երեք զինուորներ։
Արարքին պատասխանատուութիւնը հեռաձայնով ստանձնեց «Թալեպան»ի բանբեր մը:
Դէպքին ընթացքին սպաննուեցան երկու քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան տասը ուրիշներ։
Ոստիկանութեան աղբիւրներ ըսին, որ ականահարումին վայրը փութացած բազմազգեան զինուորները, իրենց ընկերներուն կրակոցները տեսնելով՝ միացած են անոնց եւ կրակ բացած՝ անցնող քաղաքային ինքնաշարժներուն վրայ։
Բազմազգեան ուժերու բանբեր հազարապետ Լուք Նիթինկ ըսաւ, որ ականահարումի թիրախ դարձած շարասիւններէն զրահապատ կառք մը հեռանալ փորձած ատեն նկատած է կասկածելի ինքնաշարժ մը եւ զգուշացման կրակ բացած է, ապա անոր վրայ կրակած է։
Գրեթէ նոյն պահուն՝ զինեալներ մերձակայ Հելմանտ նահանգին մէջ յարձակումներ գործեցին բազմազգեան ուժերու այլ շարասիւնի մը վրայ։ Բախումին ընթացքին շարասիւնի օգնութեան փութաց բազմազգեան օդուժը, եւ սպաննուեցան հինգ թալեպաններ։
Զապուլ նահանգին մէջ եւս թալեպանները յարձակում գործեցին ոստիկանութեան անցարգելի մը վրայ։