ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 28ին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նիստը՝ յանձնաժողովի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ:
Նիստի ընթացքին լսուեցաւ յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ, ոստիկանութեան զորավար Արարատ Մահտէսեանի զեկոյցը՝ յանձնաժողովի գործունէութեան վերաբերեալ:
Քննարկուեցան նաեւ Ատրպէյճանի գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով յանձնաժողովի հետ գործակցութեան ներկայ վիճակը եւ զարգացման հնարաւոր ուղիները:
Յանձնաժողովի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան նիստը աւարտեց եզրափակիչ խօսքով՝ յանձնարարականներ տալով յանձնաժողովի անդամներուն: