ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Քրէական գործերով վերաքննիչ դատարանի Օգոստոս 29ի նիստին, «Ռոյըլ Արմենիա» ընկերութեան համասեփականատէր Գագիկ Յակոբեանի եւ ընկերութեան փոխտնօրէն Արամ Ղազարեանի գործով, դատախազութեան բողոքի քննութիւնը սկսաւ միայն վերջինի մասով:
Դատարանը որոշեց Գ. Յակոբեանի մասով գործի քննութիւնը կասեցնել մինչեւ ամբաստանեալի յայտնաբերումը եւ իր նկատմամբ հետապնդում յայտարարել, իսկ որպէս խափանման միջոց ընտրել կալանքը:
Պաշտպանական կողմը դատարան ներկայացուցած էր Գ. Յակոբեանի Սպանիոյ մէջ բժշկական քննութեան ենթարկուելու մասին տեղեկութիւն եւ մէկ ամիսով գործի քննութիւնը յետաձգելու մասին դիմում: Սակայն ըստ դատարանի, ամբաստանեալը պարզապէս կը խուսափի դատարան ներկայանալէ եւ ներկայացուցած տեղեկութիւնը պատշաճ ձեւով վաւերացուած չէ, ինչպէս նաեւ որեւէ ձեւով չէ հիմնաւորուած, որ Գ. Յակոբեանի դիմումը գրուած է իր կողմէ:
Վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած դատախազութեան կարծիքով, արդարացման դատավճիռ ընդունած առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Պարգեւ Օհանեան միակողմանի եւ ոչ առարկայական քննութիւն կատարած է: Դատախազութիւնը խնդրած է բեկանել առաջին ատեանի դատարանի դատավճիռը եւ դատապարտել ամբաստանեալները՝ հաշիւ-ապրանքագիրները կեղծելու, զանոնք օգտագործելու միջոցով հարկերու վճարումէն չարամտօրէն խուսափելու, մաքսանենգութեան, յանցաւոր միջոցներով ստացուած եկամուտները օրինականացնելու, սփիւռքահայ ներդրումներով «Investment Group» ընկերութեան գոյքը խաբէութեամբ յափշտակելու մեղադրանքներով:
Իսկ ըստ պաշտպանական կողմին, մեղադրողներու բողոքը անհիմն է եւ հիմնուած է մինչեւ դատական գործընթացի սկսիլը ձեռք բերուած ապացոյցներու վրայ, որոնք դատարանին մէջ հերքուած են: