ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 13ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հաստատութեան մէջ պիտի սկսի դպրոցականներու ռազմամարզական խաղերու եզրափակիչ փուլը: Խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է 10 մրցաձեւ, որոնք կարեւոր են հայոց բանակին մէջ ծառայելու եւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու գործին մէջ:
Նշենք նաեւ, որ աւանդական դարձած այս մրցումները կը կազմակերպուին մարմնամարզի պետական կոմիտէին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միացեալ ճիգերով: