Հոկտեմբեր 1, 2006. Կիրակի. Լոս Անճելըսի «Զիփըր հոլ» համերգասրահը լեցուն է հայ եւ օտար արուեստասէրներով։ Հիմնուած ուղիղ մէկ տարի առաջ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կողմէ, «Դիլիջան» համերգաշարը, նուիրուած սենեկային երաժշտութեան, այդ երեկոյ յաղթական մուտք կը գործէր իր երկրորդ տարեշրջանէն ներս։ Այս երաժշտական փայլուն բջիջը կազմուեցաւ անցեալ տարի՝ խմբավար Վաչէ Պարսումեանի եւ տիար Նազարէթ Տարագճեանի ջանքերով։
«Դիլիջան»ի կեդրոնական անձնաւորութիւնը եւ մղիչ ուժը կը հանդիսանայ խումբին գեղարուեստական ղեկավար, երաժշտական բարձր իմացութեան տէր, թրծուած արուեստագէտ, Չայքովսքիի անուան համաշխարհային մրցոյթի (1986) դափնեկիր, ջութակահար Մովսէս Պօղոսեանը։ «Դիլիջան»ի առաջին իսկ համերգները կը յատկանշուէին հայկական որեւէ խումբէ աւելի բարձր մակարդակով եւ լրջութեամբ, մանաւանդ ստեղծագործ ջերմութեամբ եւ ներուժի խոյանքով։ Անցեալ տարեշրջանի (Սեպտեմբեր 2005-Ապրիլ 2006) իւրաքանչիւր համերգ իր հետը կը բերէր ընդմիշտ վերանորոգուող անսահման ներուժ եւ յայտագրուած երկերուն մէջ՝ անսպասելի նորութիւններ եւ միշտ՝ անթերի կատարում։ Այսպէս, համերգէ համերգ մեր հետաքրքրութիւնը աւելի եւ աւելի կը սրէր եւ ոգեւորութիւնը հետզհետէ կ՚աճէր։
Մեծ արուեստավարժ Մովսէս Պօղոսեան, անցեալ վեց համերգներուն ընթացքին, յստակօրէն զգացուց իր նախասիրութիւնը արդի եւ ժամանակակից ստեղծագործութեանց հանդէպ՝ ըլլան անոնք հայ կամ ոչ հայ յօրինողներու գործերը։ Պօղոսեան մեծ հոտառութիւն կը ցուցաբերէ այդ երկերու ընտրութեան գծով. ոչ միայն թեքնիք դժուարութիւնները չեն կասեցներ զինք, այլ, ընդհակառակն, անոնք զինք աւելի կը խթանեն եւ կը կրկնապատկեն իր ստեղծագործ երեւակայութիւնը։ Գիտէ ընտրել արժէքաւոր երկը եւ զայն յաղթահարել գիտցող արուեստագէտները, որոնց գլուխը կագնած է ի՛նքը՝ իր աննման մեկնաբանութեամբ. ան առաջնորդ կը հանդիսանայ իր երաժիշտ եւ նուագածու ընկերներուն՝ տուեալ երկ մը, ի մասնաւորի հա՛յ յօրինողական նմոյշ մը, լաւագոյնս հասկնալու եւ վերլուծելու գծով. այնուհետեւ, այդ գործը տակաւ յարութիւն կ՚առնէ, կը կազմակերպուի, կը կենդանանայ եւ համերգին օրը, կարծես երբեք սկզբնական հանգրուաններ գոյութիւն ունեցած չըլլան՝ բեմին վրայ կատարուող երկը կը նմանի յայտնութեան՝ այնքան զօրաւոր են երաժիշտներուն ներդրումը, յափշտակիչ ներկայութիւնը, սխրանքը, վերամբարձ թռիչքը, նուիրումը։
Համերգաշարին առաջին շրջանին մենք լսեցինք, յիշելու համար միայն արդի հայ յօրինողները, Միրզոյեան, Մանսուրեան, Ալան Յովհաննէս, Բաբաջանեան եւ անոնց կողքին եւ անոնց համահաւասար արժէքով, հրաշալի երիտասարդ նոր ուժ մը՝ Վաչէ Շարաֆեան (ծնած Երեւան՝ 1966ին)։ Ան արդէն ծանօթ ստեղծագործ հեղինակն է բազմաթիւ գերարդի գործերու, որոնք հրապուրած են նորութիւններու մեծ սիրահարները՝ Հայաստանի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու տարածքին։ Այս տարի եւս պիտի լսենք Շարաֆեանի գործերէն։ Յայտագրին վրայ կ՚երեւան նաեւ այլ երեւելի անհատականութիւններ, ինչպէս՝ Հալաճեան, Ասադրեան։ Այս տարեշրջանի վեցերորդ եւ վերջին՝ Ապրիլի համերգը կեդրոնացած է, ինչպէս անցեալ տարի, Ապրիլեան մեր նահատակներուն վրայ. յայտագիրը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ Տիգրան Մանսուրեանի գործերուն։ Այս տարի պիտի ունկնդրենք նաեւ երկու անուանի, համաշխարհային հռչակի տիրացած արուեստագիտուհիներ՝ ջութակահար Անի Գաւաֆեան եւ ջութահար (alto-viola player) Քիմ Խաշխաշեան։
Անի Գաւաֆեան առաջին ջութակն էր Հոկտեմբեր 1ի յայտագիրը կազմող երկու դասական գործերուն՝ Պրամսի «Հնգեակ»ը եւ Պեթհովընի Գործ 9-թիւ 1 «Եռեակ»ը։ Անիին տաք շունչը եւ թռիչք ունեցող խառնուածքը, համերաշխ այս կտորներուն յարակից ոճական նուրբ առանձնայատկութիւններուն, գտած էին իրենց հունը եւ լուսափայլ դրսեւորումը։ Այս հանրածանօթ կտորները վերապրեցան իրենց խոր եւ վերանորոգ ինքնութիւնը եւ, անսայթաք ու թրթռուն գնացքով, անոնք հրահրեցին մեր հոգեկան աշխարհը։ Որքան մենք սիրեցինք Անիին տաքուկ հոգին եւ արուեստը, նոյնքան եւ Անին սիրած ըլլալու է «Դիլիջան»ը եւ սիրուած՝ անկէ։ Անկասկած դեռ շատ պիտի լսենք Անին՝ «Դիլիջան»ի գալիք համերգներուն ընթացքին։
Ինչպէս վերը կ՚ըսէինք, Մովսէս Պօղոսեան անհուն հրայրքով կը մօտենայ արդի՝ մանաւանդ հայ արդի երաժշտական երկերուն։ Կիրակի օրուան յայտագիրը մեզի վերապահած էր յայտնութեան համազօր ուժեղ, ալեյոյզ, խորախորհուրդ՝ ջութակի եւ դաշնակի սոնաթը Առնօ Բաբաջանեանի։ Սակաւադէպ յայտագրուող այս կոթողային գործը մէջտեղ հանելը ամէնուն չէ տրուած։ Չութակահար Պօղոսեան գտած էր իր տեսիլքը բաժնող բացառիկ երաժիշտ-արուեստագէտ դաշնակահար մը՝ Ռոպերթ Թայզ (R. Thies)։ Մենք ուղիղ կէս ժամ վայելեցինք իրերահասկացողութեան, սիրոյ, հաղորդակցութեան փառաւոր օրինակ մը՝ այնքան համոզումով, ախորժակով, համակ նուիրումով ջութակ-դաշնակ գրկած էին իրարու. քիչ անգամ այդպիսի անքակտելի ներթափանցում տեղի կ՚ունենայ արուեստի այսպիսի դժուարին երկ մը կատարող անհատականութիւններու միջեւ։ Անոնց մեկնաբանութիւնը Բաբաջանեանի կտորին հաղորդեց նոր տարածք եւ նոր պատուանդանի վրայ դրաւ երկը։ Առաջին իսկ տողերէն՝ ջութակին յախուռն, սլացող ու ճախրող կարճ ներածականին՝ դաշնակին կողմէ տրուած «պատասխանը» նոյնչափ առնական էր, հրաբորբ, ալեծածան։ Այս տարերային գօտեմարտը կամ գրկախառն հեւ ի հեւ գնացքը տեւեց մինչեւ կտորի աւարտը։ Թող ընթերցողը ներող ըլլայ, եթէ մեր սովորութենէն դուրս գալով, հոս չկատարենք կտորին ամբողջական վերլուծումը, տրուած ըլլալով, որ այս գրութեան նպատակը արուեստասէր մեր ունկնդիրներուն ուշադրութեան յանձնել է «Դիլիջան»ի աներկբայ մակարդակը եւ հրաւիրել զանոնք այս խումբին երկրորդ համերգին՝ Կիրակի, Նոյեմբեր 5ին։ Ասիկա հասարակ գովազդ չէ սրահ լեցնելու սիրոյն, այլ իմացական պարտականութեան մը վերյիշեցումը։ Նիւթապարփակ եւ կեդրոնախոյս մեր թափառումներուն մէջ, կ՚արժէ րոպէ մը կանգ առնել մեր առօրեայի վազքէն եւ ըմպել անմահութեան բնակիչ երկէ մը ծորած արբեցութեան նեկտարը։ Ո՞վ կ՚ուզէ տեղ գրաւել դէպի բարձունքները ճախրող, գեղեցկութեան հնչիւնները երկնասլաց բարձունքները փոխադրող Բեգասի գաւակին։