Ուրբաթ, 18 Ապրիլի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունիի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ներհայաստանեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան վերաբերող հարցեր եւ մարտահրաւէրներ: