ՀԵՐԵՆՈՒԷՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունիս 23ին, Հոլանտայի Հերենուէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ԵՈՒԵՖԱի հերթական նիստը: Օրակարգին ընդգրկուած հարցերէն մէկը 2008ի ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի՝ Սեպտեմբեր 8ին եւ 12ին ճշդուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ նախատեսուած մրցումներուն կը վերաբերէր:
Նիստին որոշուեցաւ երկու մրցումներն ալ չեղեալ համարել եւ երկու խումբերուն ալ պարտութիւններ արձանագրել:
Ըստ Հայաստանի ֆութպոլի ընկերակցութեան աղբիւրներուն, Հայաստան պիտի չբողոքէ յիշեալ որոշումին դէմ:
Ատենէ մը ի վեր վէճ կար այս մրցումներու կայացման վայրերուն կապակցութեամբ: Այսպէս, մինչ Հայաստան առաջարկած էր մրցումները խաղալ սովորականին նման՝ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ, Ատրպէյճան առաջարկած էր չէզոք դաշտեր: