«Ասպարէզ» օրաթերթի Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2007ի թիւին մէջ լոյս տեսած էր Մարօ Քէշիշեանի գրութիւնը, եղբ. Նիկոլ Արզումանեանը 2007 թուականի տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտրուելուն առիթով: Ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.ական, ես ալ կը շնորհաւորեմ իր տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտրուիլը:
Այդ յօդուածին մէջ գրուած է՝ «Այդ տարիներուն Պաղտատի մէջ հայկական վարժարան գոյութիւն չունենալով, եղբայրը հայերէն գրել ու կարդալը սորված է Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարքերէն ներս»: Այս մէկը իրականութեան չի համապատասխաներ: Պաղտատ քաղաքը միշտ ունեցած է հայկական դպրոց, նոյնիսկ երբ Իրաք թրքական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր:
Պոլիսէն Պաղտատ եկած մտաւորական Միհրան Սվաճեան, տեղացի հայերուն օգնութեամբ, կը հիմնէր հայկական դպրոց, որ հետագային կոչուեցաւ «Թարգմանչաց» վարժարան: Իսկ նախակրթարանը կոչուեցաւ իր անունով՝ «Միհրան Սվաճեան» նախակրթարան: Դպրոց գոյութիւն ունէր ոչ միայն Պաղտատ քաղաքին մէջ, այլեւ Պասրա, Քէրքուք եւ Մոսուլ քաղաքներուն:
Այս ճշդումը դուռը բացաւ հրապարակաւ ըսելու, որ արաբ ժողովուրդը եւ իշխանութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած են հայ ժողովուրդին: Մինչեւ օրս հայկական վարժարան գոյութիւն ունի Պաղտատի մէջ:
Իսկ կարելի՞ է մոռնալ Պաղտատի տեղացի հայութեան անզուգական բարութիւնն ու օգտակարութիւնը՝ երբ սրտբաց ընդունեցին 1915ի թրքական եաթաղանէն մազապուրծ ազատած տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներս:
Միշտ յարգանօք՝
ՑՈԼԱԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Յունիս 22, 2007, Կլէնտէյլ