Էրտողան առաջարկեց Արցախի հարցով Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ քառակողմ հանդիպում մը իրականացնել, կը հաղորդեն ռուսական լրատուամիջոցները:
«Մենք առաջարկեցինք եռակողմ հանդիպում մը ունենալ, նոյնիսկ՝ քառակողմ հանդիպում՝ Ղարաբաղի կացութեան վերաբերեալ իմ, Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի մասնակցութեամբ», ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նիստին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնելէ առաջ ըսած էր Էրտողան:
Ան նաեւ յայտնած էր, որ մտադիր է հարցը քննարկել Ալիեւի հետ: Ըստ անոր՝ Անգարայի առաջարկին տակաւին արձագանգ չէ եղած: