18 Սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան, միաժամանակ երկու ճամբաներով՝ Լաչինի միջանցքով եւ Աղտամով Արցախ հասան մարդասիրական օգնութեան բեռնատարները: Պաշտօնական Ստեփանակերտը յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքով՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով, Արցախ տեղափոխուեցաւ մօտ 23 թոն հայկական արտադրութեան ալիւր, իսկ Աղտամով՝ ռուսական, զուիցերիական արտադրութեան բժշկական եւ մաքրութեան պարագաներ:
Ստեփանակերտ հաստատեց, որ այսօր Կարմիր Խաչի բեռնատարները միաժամանակ մուտք գործեցին Լեռնային Ղարաբաղ Լաչինի եւ Աղտամի ճամբաներով: Նշուեցաւ, որ փորձաքննութենէն ետք անոնք պիտի յատկացուին համապատասխան գերատեսչութիւններուն եւ պիտի օգտագործուին ըստ կարիքներու:
Արցախի տեղեկատուական շտապին համաձայն՝ քանի մը օր ետք կրկին նոյն ուղղութիւններով Ռուսիոյ Ռոստով քաղաքէն բեռներու փոխադրութիւն նախատեսուած է Կարմիր խաչի ինքնաշարժներով:
Արցախի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամը կը վերածուի աղէտի, իսկ բնակչութեան կեանքն ու առողջութիւնը Արցախի իշխանութիւններուն համար բարձր արժէք են, յայտարարեց Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան՝ անդրադառնալով Լաչինի միջանցքով՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղով եւ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով բեռներու տեղափոխման գործընթացին:
«Այս որոշումը մեր սուբյեկտայնութեան (կողմ ըլլալու) պահպանման հարցում ոչ մի զիջում չի նախատեսում», հաստատեց ան:
18 Սեպտեմբերի առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը հաղորդեց, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը բեռնատարներով անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն հասցուց Ստեփանակերտ՝ թէ՛ Լաչինով, թէ՛ Աղտամով:
«Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ) ճամբան բաց է, գործառական եւ պէտք է այդպէս ըլլայ: Ատիկա Ատրպէյճանի արդար, սկզբունքային, օրինական եւ անբեկանելի դիրքորոշումն է», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը՝ պնդելով, թէ «ամբողջ միջազգային հանրութիւնը անգամ մը եւս ականատես եղաւ, որ չկայ այսպէս կոչուած շրջափակում»:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն իր կարգին հաստատեց, որ երկու ուղղութիւններով մարդասիրական օգնութիւնը հասած է Ստեփանակերտ՝ յոյս յայտնելով, որ որոշում կայացնողներուն միջեւ եղած այս համերաշխութիւնը թոյլ կու տայ մեր մարդասիրական շարասիւներու մուտքը վերսկսիլ ոչ միայն այսօր, այլ նաեւ յաջորդ շաբաթներուն», յայտարարեց միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնը:
ԿԽՄԿն շեշտեց, որ բեռներու փոխադրութիւնը «դիւանագիտական յամառ ջանքերու» արդիւնք է: «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին մենք բանակցութիւններ վարեցինք որոշումներ կայացնողներու հետ՝ տարբեր ճամբաներով, որոնց կարգին՝ Լաչինի եւ Աղտամի ուղիներով օգնութիւն ստանալու համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
17 Սեպտեմբերին Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարման պատճառով յառաջացած ճգնաժամը օրէ օր կը խորանայ, կառավարութիւնը հացահատիկի հայթայթման եւ հացի արտադրամասերուն ալիւրի մատակարարման հոլովոյթը կը կազմակերպէ սուղ պայմաններու մէջ եւ, ցաւօք սրտի, միշտ ալ կարելի չ՛ըլլայ ամէն օր ապահովել քաղաքացիին կտրոնային համակարգով նախատեսուած օրական տրամադրուելիք 200 կրամ հացը: Նկատի ունենալով երկրին մէջ խորացող աղէտը եւ ապահովութեան կացութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները որոշում տուած են ընդունելու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան միացեալ առաջարկը Լաչինի միջանցքով՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով, եւ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով մարդասիրական բեռներու միաժամանակեայ տեղափոխումը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով (արտասահմանեան ծագում ունեցող բեռներ):
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հոլովոյթի կազմակերպումը անհրաժեշտ է թէ՛ Արցախի քաղաքացիներու կեանքին ու առողջութեան սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու, թէ՛ ալ Լաչինի միջանցքով մարդասիրական բեռներու հետագայ տեղափոխումը ապահովելու համար:
Շտապը տեղեկացուց, որ միջնորդները աշխատանք պիտի տանին Արցախի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ՝ հանրապետութեան մէջ լարուած մարդասիրական եւ անվտանգային կացութիւնը թօթափելու նպատակով:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴԳԾԵՑ ԱԼԻԵՒԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ ողջունեց Լաչինի միջանցքով եւ Աղտամի ճամբով բեռներու մատակարարումները Արցախի բնակչութեան եւ կոչ ուղղեց՝ կարգաւորելու այդ գործընթացը:
Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութիւններու մեկնարկը: «Նաեւ կարեւոր է բանակցութիւններու սկսիլ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ՝ իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցով, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցիլ», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է ան:
ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՆԽՈՉԸՆԴՈՏ ԵՒ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան եւս անդրադարձաւ մարդասիրական օգնութեան միաժամանակ զոյգ ուղիներով մուտքին՝ նշելով, թէ ռուսական կողմը կը շարունակէ նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած բարդ մարդասիրական իրավիճակի հանգուցալուծման՝ մարդասիրական բեռնափոխադրութեան համար Լաչինի եւ Աղտամի երթուղիներու զուգահեռ ապաշրջափակման վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի նախաձեռնութեան հիման վրայ:
«18 Սեպտեմբերին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով, ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մասնակցութեամբ երկու ուղղութիւններէ միաժամանակ պարէնամթերքի եւ դեղորայքի խմբաքանակներ առաքուեցան տարածաշրջան: Կ՛ակնկալենք անխոչընդոտ եւ կանոնաւոր մարդասիրական մատակարարումներու շարունակութիւն՝ մեկնելով տեղւոյն բնակչութեան շահերէն», շեշտեց Զախարովան:
Ան յոյս յայտնեց, որ Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի աստիճանական բարելաւումը պայմաններ պիտի ստեղծէ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան սկսելու եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ 2020-2022 թուականներուն ղեկավարներու՝ բարձր մակարդակով եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման հետեւողական աշխատանքի վերսկսելու համար:
«Լիովին շահագրգռուած ենք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանմամբ», հաստատեց ան: