ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան պատրաստ է խորհրդարանին մէջ գործակցելու բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ, եթէ այդ գործակցութենէն պիտի շահին պետութիւնը եւ ժողովուրդը։
«Մենք գնում ենք խորհրդարան որպէս ընդդիմութիւն, գնում ենք գործ անելու, նպատակ ունենք ներկայացնելու բազմաթիւ օրէնսդրական առաջարկութիւններ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանում ներկայացնել հասարակութեան ձայնը», ըսաւ Յովհաննէսեան՝ նկատելով, որ իրենք ԱԺ մտած են ժողովուրդի վստահութեան քուէի շնորհիւ եւ նշեց, որ գործակցութիւնը չի բացառեր նաեւ քննադատութիւնը։
Քանի որ կուսակցութիւնը առաջին անգամն է խորհրդարանին մէջ, ապա կուսակցութեան պատգամաւորներուն համար ամառը պիտի ըլլայ աշխատանքներու ուսուցման ժամանակահատուած։
«Ժառանգութեան» ղեկավարը ի սկզբանէ նկատեց, որ այս ասուլիսի ընթացքին պիտի չխօսի նախագահական ընտրութիւններուն մասին, քանի որ դեռ երկար ժամանակ կայ վերջնական որոշումներ տալու համար։
Այն հարցին, թէ ինչո՞ւ կուսակցութիւնը չլսեց ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու կոչը՝ չվերցնել պատգամաւորական լիազօրագրերը եւ յառաջացնել սահմանադրական ճգնաժամ, քաղաքական գործիչը պատասխանեց, որ չհիմնաւորուած ճգնաժամ ստեղծելը ճիշդ քայլ չէ, եւ խորհուրդ տուաւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան՝ դուրս գալ «մանրացած վիճակից, կարողանալ գտնել յաղթանակի բանալին եւ նախագահական ընտրութիւններին գնալ որպէս համապետական ընդդիմութիւն»։