Շաբաթ, Յունիս 16ի առաւօտուն, ծանր հիւանդութենէ ետք իր մահկանացուն կնքեց Գէորգ Նուբարեան, որ 1987-2001 մաս կազմած է «Ասպարէզ»ի ընտանիքին՝ իբրեւ էջադրող եւ նկարիչ-ձեւաւորող:
Գէորգ Նուբարեան ծնած է Քերմանշահ (Իրան), Սեպտեմբեր 28, 1931ին: Ուսումը ստացած է Իրան: Երկար տարիներ աշխատած է British Petrolium ընկերութեան քարտէսագրութեան եւ երկրաբանական բաժանմունքին մէջ: 1958ին ամուսնացած է եւ կնոջ՝ Զապէլին հետ կազմած են հայկական ջերմ ընտանիք մը՝ իրենց զաւակներով, Օշին եւ Ամուր:
1984ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս եւ 1987ին մաս կազմած է «Ասպարէզ»ի անձնակազմին:
Գէորգ Նուբարեան իր ազգային դաստիարակութիւնը ստացած է Հայ մարզամշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան մէջ, Թեհրան, 11 տարեկանէն սկսեալ: Հոն նաեւ երկար տարիներ գործօն եղած է նոյն միութեան թատերական, գրական ու մշակութային նախաձեռնութիւններուն մէջ:
Արուեստի ու հայկական մշակոյթի նկատմամբ անհուն սիրով լեցուած, Գէորգ Նուբարեան միշտ մնաց պատնէշի վրայ: Լոս Անճելըսի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ» մասնաճիւղի մշակութային աշխատանքներուն զօրակցելէն անկախ, ան նաեւ գօրծունեայ էր Շուշիի «Դանիէլ Ղազարեան» երաժշտանոցին օժանդակող Լոս Անճելըսի խմբակէն ներս: Վերջերս նաեւ, ան տարիներու քրտնաջան աշխատանքէ ետք, պարսկերէնի թարգմանեց եւ լոյս ընծայեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» կոթողական երկը: Սակայն իր մեծ ծրագիրը՝ Հայաստան աշխարհի ռելիեֆային քարտէսը, որուն նախաձեռնած էր վերջերս, մնաց անաւարտ: Գէորգ Նուբարեան, արուեստագէտի անվիճելի խառնուածքով ու ներաշխարհով, հայու անխաթար նկարագրով, եղաւ միշտ բարեհամբոյր ու միշտ դրական լիցք հաղորդեց իր շրջապատին:
«Ասպարէզ» խորապէս կը սգայ Գէորգ Նուբարեանի մահը եւ կը ցաւակցի իր տիկնոջ՝ Զապէլին, զաւակներուն՝ Օշինին եւ Ամուրին, ինչպէս նաեւ 5 թոռներուն:
Յարգանք իր յիշատակին: