Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Հովիտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։
Արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը օրուան խորհուրդը արտայայտող պատգամ մը պիտի փոխանցէ։
Նախատօնակի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյն «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սանուց միութեան տարեկան ձեռնարկը, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ սրբազան հօր։
Պիտի իրագործուի կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկաները պիտի երգեն Դպրեվանքին նուիրուած երգեր, առիթ պիտի ունենան ունկնդրելու օրուան պատգամաբերը եւ առաջնորդ սրբազան հօր սրտի խօսքը։ Երեկոն պիտի խանդավառէ դպրեվանքի նախկին սան Գառնիկ Սարգիսեան, իր «Քնար» նուագախումբով։
Յայտնենք, որ ձեռնարկին հիւրընկալութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Զօհրապ եւ Լիզա Մանուկեանները։