Երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ եւ Իրաքի վարչապետները, յաջորդաբար Ռիչէփ Թայիփ էրտողան եւ Նուրի Մալիքի, գործակցութեան յուշագիր մը ստորագրեցին, փորձելով վերջ տալ քիւրտ զինեալներուն ապաստան տալու իրաքեան վարքագիծին:
Համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մալիքի ըսաւ, թէ կողմերը համաձայնած են, որ պիտի գործակցին «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ» եւ թէ «ահաբեկչութիւնը պէտք չէ խոչընդոտէ մեր յարաբերութիւններու զարգացումը»:
Անգարա վերջերս շարունակ կը սպառնար, որ զինուորական գործողութեան պիտի դիմէ հիւսիսային Իրաքի ուղղութեամբ, որպէսզի չէզոքացնէ հոն տեղակայուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ գոյութիւնը ու այդ ձեւով «լուծէ» քրտական հարցը: Թուրքիա նաեւ նաեւ կ’ամբաստանէ Մասուտ Պարազանիի ուժերը՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամները զինելու մեղադրանքով:
Մալիքի շեշտեց, թէ իրաքցի քիւրտերը պէտք է ենթարկուին միջկառավարական համաձայնագրի տրամադրութիւններուն: «Իրաքեան Քիւրտիստանը Իրաքի մաս կը կազմէ… երկկողմանի համաձայնութիւնները պարտադիր են անոնց համար եւս», ըսաւ Մալիքի: