ԵՐԵՒԱՆ.- 19 Օգոստոսին, Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Չինաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆան Եոնքի հետ:
Սաղաթէլեան նշեց, որ Հայաստան Չինաստանը կը նկատէ բարեկամ երկիր։ «Վերջին 30 տարուայ ընթացքում Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուել են 40ից աւելի համաձայնագրեր, մէկ տասնեակից աւելի յուշագրեր, որոնք լաւ հնարաւորութիւն են երկու երկրների համագործակցութեան համար», յայտնեց ան։
Դեսպան Ֆան Եոնք իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Չինաստան 30 տարիներու դիւանագիտական կապեր ունին ու յայտնեց, թէ համոզուած է, որ այդ կապերը շատ երկար պիտի շարունակուին:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցը:
«Մեր երկրում ամենամեծ խնդիրն անվտանգութեան հարցն է, թշնամին երկու ուղղութիւններով ներխուժել է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք: Մեզ համար զարմանալի է միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքը Ադրբեջանի գործողութիւնների նկատմամբ», շեշտեց Ազգային ժողովի փոխնախագահը:
Դեսպանը նշեց, որ Չինաստանի դիրքորոշումը նոյնն է այս տագնապին առնչութեամբ՝ հարցերը պէտք է լուծել խաղաղ ուղիով՝ բանակցութիւններու եւ երկխօսութիւններու միջոցով։ «Մենք կ՛աջակցինք տարածքային ամբողջականութեան պահպանման: Առանց տարածաշրջանային կայունութեան՝ անվտանգութեան ու խաղաղութեան զարգացումը վտանգուած պիտի ըլլայ այս տարածաշրջանին մէջ», շեշտեց ան:
Ըստ Սաղաթէլեանի՝ Հայաստան կը գնահատէ Չինաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը հարցին վերաբերեալ՝ աւելցնելով. «Տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը չպէտք է լինեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հաշուին: Անշուշտ, մենք կողմնակից ենք կայունութեան, խաղաղութեան եւ հարցերը բանակցութեամբ լուծելուն: Դժբախտաբար հակառակ կողմն այլ պատկերացում ունի»:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին եւ անոր հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցերուն: