ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս տեղեկացայ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարիէ մը ի վեր արգիլած է հայկական օդանաւերուն մուտքը իր օդային տարածքը։ Այս մասին Օգոստոսի սկիզբը բացայայտեց «Հետք» (Hetq.am) կայքի հետաքննող լրագրող Վահէ Սարուխանեան:
Զարմացայ լսելով այս լուրը: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ թրքական կառավարութիւնը արգիլած է հայկական արձանագրութիւն ունեցող օդանաւերուն` իր օդային տարածքով թռչիլ, եւ ոեւէ հայ պաշտօնեայ չէ բարեհաճած հանրութիւնը տեղեկացնել այդ մասին: Աւելի քան զարմանալի է, որ ամբողջ տարի մը Թուրքիոյ կողմէ նման թշնամական գործողութեան մը արժանանալէ ետք, յատկապէս վերջին պատերազմին ընթացքին, Հայաստանի կառավարութիւնը չէ փոխադարձած՝ արգիլելով թրքական թռիչքներուն անցքը հայկական տարածքէն:
Հայկական օդանաւի մը թռիչքի վերջին թոյլտուութիւնը Թուրքիոյ կողմէ եղած է 29 Օգոստոս 2020ին: 9 Սեպտեմբեր 2020էն ի վեր՝ Թուրքիա արգիլած է հայկական բոլոր թռիչքները իր տարածքին վրայ: Հետաքրքրական է, որ այդ մէկը պատահած է Արցախի վրայ ատրպէյճանական եւ թրքական միացեալ յարձակումէն կարճ ժամանակ առաջ: Հետագային, Թուրքիա մերժեց հայկական օդային թռիչքներու խնդրանքը՝ 18 եւ 25 Սեպտեմբեր 2020ին, ինչպէս նաեւ 19 եւ 23 Մարտ 2021ին:
«Հետք»ի թղթակիցը կապ հաստատեց Հայաստանի քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէին հետ` հետաքրքրուելու համար, թէ արդեօք անցեալ տարուան պատերազմին ընթացքին եւ ատկէ ետք Հայաստան եւ Թուրքիա սահմանափակումներ դրա՞ծ են իրենց օդային փոխադարձ տարածքներուն վրայ: Կոմիտէն պատասխանեց, որ «Թուրքիա չէ հրապարակած օդագնացութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն (NOTAM, տեղեկացում` օդաչուներուն), ըստ որուն՝ կ՛արգիլէ հայկական արձանագրութիւն ունեցող օդանաւերու մուտքը իր երկինքէն ներս»: Այլ կերպ ըսած, Թուրքիա մերժած է հայկական թռիչքներուն իրաւունքները՝ առանց որեւէ պաշտօնական առարկութիւն արձանագրելու: Այսպիսով, Թուրքիա Հայաստանի ցամաքային շրջափակման աւելցուցած եղաւ օդային ճամբորդութեան արգելքը:
«Հետք»ի այն հարցումին, թէ արդեօք «Հայաստան արգիլա՞ծ էր թրքական ազգային օդանաւերու մուտքը, եւ եթէ ոչ, ինչո՞ւ», Կոմիտէն պատասխանած է, որ որեւէ սահմանափակում չէ դրած՝ ղեկավարուելով Միջազգային քաղաքացիական օդագնացութեան մասին Շիքակոյի համաձայնագիրի 9րդ յօդուածի (բ) ենթակէտին դրոյթներով, առ այն՝ Քաղաքացիական համաձայնագիրի միջազգային կազմակերպութեան (ICAO) իւրաքանչիւր անդամ-պետութիւն չի կրնար կիրարկել խտրական մօտեցում իր օդային տարածքի օգտագործման նկատմամբ»:
Ասիկա որոշ չափով սխալ է: 9րդ յօդուածի (բ) ենթակէտը կը սահմանէ, որ երկիրներ կրնան սահմանափակել իրենց օդային տարածքին օգտագործումը՝ «այն պայմանով, որ նման սահմանափակում կամ արգելք կիրարկուի առանց ազգութեան տարբերութեան, մնացեալ բոլոր պետութիւններու օդանաւերուն նկատմամբ»: Ինչպէ՞ս օրինական կ՛ըլլայ, երբ Թուրքիա արգիլէ հայկական օդանաւերը, եւ ոչ օրինական՝ երբ նոյնը ընէ Հայաստանը:
Ես հետեւած եմ տարբեր օդանաւերու երթուղիներու՝ Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիոյ flightradar24.com կայքէն, որ ցոյց կու տայ աշխարհի բոլոր թռիչքները, եւ չորս հետաքրքրական դիտարկում ըրած.
1) Թրքական արգելքին հետեւանքով հայաստանեան արձանագրութիւն ունեցող ոչ մէկ օդանաւ անցած է Թուրքիոյ տարածքով, վերջին 12 ամիսներուն:
2) Թրքական օդանաւային երթուղիները, սակայն, կանոնաւոր թռիչքներ կ՛իրականացնեն հայկական օդային տարածքով դէպի Ատրպէյճան եւ աւելի անդին:
3) Թուրքիա չի խոչընդոտեր օտարերկրեայ օդանաւային ընկերութիւններու այն թռիչքները, որոնք դէպի Հայաստան կամ Հայաստանէն կը մեկնին Թուրքիոյ վրայով, հաւանաբար, այդ օդանաւային ընկերութիւններու կառավարութիւններուն կողմէ փոխադարձ արգելք չհրահրելու նպատակով:
4) Հայաստան եւ Ատրպէյճան չեն անցնիր միմեանց օդային տարածքներով, թէեւ ոչ մէկ կողմէ պաշտօնապէս արձանագրուած արգելք կայ:
Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ, որ «ի վիճակի չէ վիճարկելու թրքական արգելքը միջազգային օդանաւային մարմիններու մօտ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ պարզաբանած, թէ արդեօք զբաղա՞ծ է այս հարցով կամ ոչ»: Դժբախտաբար, Կոմիտէն չբացատրեց, թէ ինչո՛ւ չի փափաքիր վիճարկել Թուրքիոյ կողմէ հայկական թռիչքներու արգելքը: Ասիկա մեծ ձախողութիւն է հայ պաշտօնեաներու կողմէ:
Հակառակ Հայաստանի ազգային շահերու պաշտպանութեան մասին Հայաստանի կառավարութեան անփոյթ վերաբերումին, արցախեան պատերազմի ժամանակ թրքական օդանաւները ինքնակամ խուսափեցան Հայաստանի վրայով թռչելէ՝ գերադասելով իրենց զինուորները, ռազմական արհեստագիտութիւնը եւ իսլամական ճիհատիսթ ահաբեկիչները Ատրպէյճան տեղափոխել, Վրաստանի Հանրապետութեան օդային ճամբով:
Կան նման բազմաթիւ օրինակներ՝ հայ պաշտօնեաներու անփութութեան եւ անկարողութեան մասին, որոնք կը ստիպեն մտածել, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի՞ գործող իշխանութիւն: Անցեալ աշունէն սկսեալ հրաժարական տուին Հայաստանի երկու իրերայաջորդ արտաքին գործոց նախարարները: Անոնք չէին կրնար ընդունիլ ոչ-մասնագիտական վարքագիծը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, որ արտաքին քաղաքականութեան մասին բոլոր որոշումները տուաւ միակողմանիօրէն, առանց արտաքին գործոց նախարարութեան հետ խորհրդակցելու:
Աւելի զարմանալին այն է, որ վարչապետի պաշտօնին Փաշինեանի վերանշանակումէն ետք, ան, այդպէս ալ, արտաքին գործոց նոր նախարար չնշանակեց, թէեւ պէտք էր նախարարներու խորհուրդը ձեւաւորէր իր նշանակումէն ետք` մինչեւ հինգ օր… վերջնաժամկէտ մը, որ արդէն վաղուց անցած է: Նոյն նախարարութեան խօսնակը պարզաբանեց, որ հինգօրեայ պահանջը կը վերաբերի նախարարներու երկու երրորդի նշանակման, այլ ոչ թէ ամբողջ խորհուրդին: Սակայն խօսնակը չկրցաւ բացատրել, թէ ինչո՛ւ Փաշինեան յաջողեցաւ նշանակել մնացեալ բոլոր նախարարները, բայց ոչ՝ արտաքին գործոց նախարարը: Մինչդեռ կը թուի, թէ հաշուի առնելով պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ տիրող ճգնաժամային իրավիճակը, արտաքին գործոց նախարարի նշանակումը պէտք էր ըլլար իր հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը:
Քանի որ Փաշինեան անտեսած է նախորդ երկու արտաքին գործոց նախարարներոն գործունէութիւնը, կ՛առաջարկեմ, որ վարչապետ ըլլալու կողքին, ան ինքզինք նաեւ արտաքին գործոց նախարար նշանակէ: Աւելի՛ն. քանի որ վարչապետը առանձինն կը ղեկավարէ կառավարութիւնը, ան պէտք է ազատի նաեւ մնացեալ նախարարներէն` հաստատելով միանձնեայ իշխանութիւն: Կառավարութեան բոլոր երեք ճիւղերը` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական, կը գտնուին վարչապետին ձեռքը: Երկրի նախագահը որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւններ չունի: Ան ձեւական ղեկավար է: Խորհրդարանը, որուն մեծամասնութիւնը բաղկացած է Փաշինեանի կուսակցութենէն, ըստ էութեան, այն մարմինն է, որ պարզապէս կը կատարէ վարչապետին ցանկութիւնները: Դատական համակարգը եւս վարչապետին խիստ ազդեցութեան տակ է: Այսպիսով, չկայ իշխանութիւններու տարանջատում, բան մը, որ ժողովրդավարական կառավարման առանցքային սկզբունքներէն մէկն է:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ