ՇԱՐՄ ԷԼ ՇԷՅԽ.- Ամերիկա չկրցաւ Իրաքի կացութեան օժանդակելու կապակցութեամբ խոստում ապահովել իր արաբ դաշնակիցներէն, հակառակ իր խոստացած զինական եւ այլ կարգի օժանդակութիւններուն:
Ամերիկայի պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս եւ պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթս երկօրեայ այցելութեամբ կը գտնուին Մ. Արեւելք՝ Եգիպտոս, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներ, որպէսզի արաբական զօրակցութիւն ապահովեն Իրաքի կայունացման ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ ճակատ մը կազմելու առաջադրանքով, փոխարէնը խոստանալով միլիառաւոր տոլարի զինական եւ այլ կարգի օժանդակութիւն:
Երեքշաբթի օր, Եգիպտոսի Շարմ էլ Շէյխ քաղաքին մէջ, Քանտըլիզա Ռայս մամլոյ ասուլիս մը տուաւ իր եգիպտացի պաշտօնակիցին հետ, որու ընթացքին ըսաւ, թէ «հարեւանները գիտեն, թէ ինչ են իրենց պարտաւորութիւնները», ակնարկելով արաբական նշեալ երկիրներէն ամերիկեան ակնկալութիւններուն:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմատ Ապուլ Ղէյթ պատասխանեց միայն ընդհանրական զօրակցութեան արտայայտութեամբ՝ առանց մանրամասնելու: Ան բաւարարուեցաւ ըսելով, որ Եգիպտոս դէմ է Իրաքի մէջ «օտար միջամտութեան»:
Մէկ օր առաջ, Երկուշաբթի, Սպիտակ տունը յայտարարած էր, թէ որոշած է 20 միլիառ տոլարի զէնք վաճառել իր դաշնակից արաբ երկիրներուն՝ յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքին, իսկ Իսրայէլի՝ աւելի քան 30 միլիառ տոլարի: